«Ֆրիտըմ Հաուզ»ը (Freedom House) միջազգային իրաւապաշտպան կազմա- կերպութիւնը ողջունեց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Միացեալ Նա- հանգներու միջեւ Ռազմավարական գործընկերութեան յանձնաժողովի կա- նոնադրութեան ստորագրութեան հանգամանքը:
Այս մասին կազմակերպութիւնը «Էքս»ի իր էջին վրայ կատարած է գրառում մը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Մենք կ՛ողջունենք Միացեալ Նահանգ- ներ-Հայաստան Ռազմավարական գործընկերութեան յանձնաժողովի կանո- նադրութեան ստորագրութիւնը՝ իբրեւ Հայաստանի շարունակական յառա- ջընթացի եւ ժողովրդավարական զարգացման յանձնառութեան վկայու- թիւն: Մենք կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանի կառավարութեան՝ զարկ տալու բարե- փոխումներուն, որոնց խոստացած են ձեռնարկել, ներառեալ հակախըտ- րականութեան մասին օրէնքի ընդունումը»: