ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի շրջանակին մէջ հանդիպում ունեցած է Եւրոպական Խորհուրդի նախա- գահ Անթոնիօ Քոշթայի հետ: 

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն հա- մագործակցութեան օրակարգին վերաբերող շարք մը հարցեր: 

Վարչապետը կարեւորած է ԵՄ շարունակական աջակցութիւնը Հայաս- տանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու հետեւողական յառաջ- մղըման ուղղութեամբ: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ բարեփոխումներու օրակարգի լիարժէք իրականացումը ՀՀ կառավարութեան առաջնահեր- թութիւններէն մէկն է: 

Միաժամանակ, երկրին ղեկավարը շեշտած է, որ Հայաստան կը կարե- ւորէ ԵՄ-ի հետ բազմակողմ կապերու ընդլայնումն ու զարգացումը` տարբեր ոլորտներու մէջ կարողութիւնները զարգացնելու նպատակով: 

Անթոնիօ Քոշթա ողջունած ՀՀ կառավարութեան քայլերը՝ միտուած ժո- ղովրդավարութեան ամրապնդման եւ հաստատութենական բարեփոխում- ներու կեանքի կոչման ուղղութեամբ: Միաժամանակ, Եւրոպական Խոր- հուրդի նախագահը յայտնած է ԵՄ յանձնառութիւնը՝ ամրապնդելու ընդհա- նուր արժէքներու վրայ հիմնուած գործընկերութիւնը եւ խորացնելու համագործակցութիւնը բոլոր ոլորտներուն մէջ: 

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խա- ղաղութեան գործընթացին, տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղի- ներու ապաշրջափակման հնարաւորութիւններուն, ՀՀ կառավարութեան «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծին վերաբերող հարցեր: 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *