Վիեննայի մէջ, ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի ձմեռնային նստա- շըրջանի ծիրին մէջ, 20 Փետրուարին տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Թուր- քիոյ պատուիրակութիւններուն հանդիպումը, կը յայտնէ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Սար- գիս Խանդանեան, ըստ որուն, հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող հարցեր:
«Երկկողմ կարեւորուել է տարածաշրջանի ճանապարհների եւ այլ ենթա- կառուցուածքների շուտափոյթ ապաշրջափակումը եւ տնտեսական յարա- բերութիւնների զարգացումը», ընկերային ցանցերու վրայ գրած է Խանդա- նեան: