ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր երկրորդ մրցումը կատարեց շաբաթ երեկոյեան ժամը 18:00-ին, երբ 103-46 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Հուփսը: 

«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր 13 մարզիկները ներկա- յացնելէ ետք սկսաւ մրցումին եւ առաջին մասին 21-14 արդիւնքով յառա- ջացաւ: Բ. մասին Հուփս աւելի լաւ ելոյթ ունեցաւ` նշանակելով 18 կէտեր` ՀՄԸՄ-ի 22 կէտերուն դիմաց: 

Կիսախաղին 42-32 արդիւնքով յառաջացած ՀՄԸՄ Անթիլիաս շատ աւելի լաւ պահեստի մարզիկներ ունենալով կրցաւ 29 կէտ նշանակել` նոյն պահուն Հուփսին դէմ պաշտպանելով եւ 9 կէտ ստանալով: Վերջին մասին մեծամասնութեան, ՀՄԸՄ Անթիլիաս խաղցաւ առանց իր օտարներուն եւ 31-5 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Հուփսը` 103-46 արդիւնքով: 

ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները իրենց 2 մրցումներուն ալ յաղթանակով աւարտեցին Ազուրի նման, որ Բ. դասակարգէն բարձրանալով լաւ խումբ մը պատրաստած է: 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *