Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) աշխատանքային կապեր կը պահպանէ Երեւանի հետ, եւ կազմա- կերպութեան Հայաստանի նկատմամբ պարտաւորութիւնները կը պահ- պանուին: Այս մասին «Իզվեսթիա»-ի հետ բացառիկ հարցազրոյցի մը ըն- թացքին յայտարարած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Իմանղալի Թաս- մաղամպեթովը: 

«Մենք կը պահպանենք Երեւանի հետ աշխատանքային կապերը: Կ՛ու- զեմ անգամ մը եւս շեշտել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը մնայ դաշնակից, եւ այդ երկրին նկատմամբ կազմակերպութեան պարտաւորու- թիւնները կը պահպանուին: Ինչ կը վերաբերի ՀԱՊԿ-ի հետ համագործակ- ցութիւնը վերսկսելու պատրաստակամութեան ազդանշաններուն, ապա յարաբերութիւններու ձեւաչափը չէ փոխուած եւ կը մնայ նոյնը», ըսած է ան: 

Հայաստան փետրուար 2024-ին սառեցուցած է ՀԱՊԿ-ին իր մասնակ- ցութիւնը, հրաժարած է ֆինանսաւորում յատկացնել կառոյցին, չի մասնակ- ցիր ռազմափորձերուն եւ նիստերուն, սակայն ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու հո- լովոյթ չէ սկսած: 

Հայաստանի իշխանութիւնները այս դիրքորոշումը կը բացատրեն անով, որ ՀԱՊԿ-ը սեպտեմբեր 2024 թուականին Հայաստանի գերիշխան տարածք ազրպէյճանական ուժերու ներխուժումէն ետք պատշաճ կերպով չէ արձա- գանգած Ազրպէյճանի յարձակումին: 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *