Շաբաթավերջին Տոհայի մէջ (Քաթար) տեղի ունեցաւ միջազգային բարեկա- մութեան մարմնամարզութեան մրցաշարք մը, որուն մասնակցեցան վեց երկիրներէ` Քուէյթէն, Յորդանանէն, Իրաքէն, Արաբական Միացեալ Էմիրու- թիւններէն եւ Լիբանանէն մարզիկներ, անշուշտ հիւրընկալ Քաթարի կողքին. 225 պատանի մարմնամարզիկներ պայքարեցան «Ասփայր» ակադեմիայի կազմակերպած այս մրցաշարքին:
Լիբանանի մարմնամարզիկները Պէյրութ վերադարձան 38 մետալներով, որոնց 28-ն` ոսկի մետալներ:
Լուչիա եւ Ալեսա Գազազեանները եղան միակ հայ ներկայացուցիչները այս մրցաշարքին` շահելով 3-ական ոսկի մետալներ զանազան շարժումներու գծով: