ԱՄՆ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը չի մեկնաբաներ Հայաստանի ուղղութեամբ զինուորական սարքերու հնարաւոր տեղափոխման մասին տեղեկատուութիւնը, որուն մասին հրապարակ կատարած էր ռուսական RT գործակալութիւնը։ 

«Արմէնփրես»-ի հարցումին ի պատասխան այս մասին ըսին ԱՄՆ Պաշտ- պանութեան նախարարութենէն։ 

«ԱՄՆ բարձր կը գնահատէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները։ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը չի մեկնաբաներ զինուորական սար- քերու տեղաշարժերը՝ անվտանգութեան նկատառումներէ ելլելով»,- ըսին ԱՄՆ Պաշտպանութեան նախարարութենէն։ 

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը դեռ չէ տուած պաշտօնական արձագանգ։ 

Աւելի վաղ, ռուսական RT լրատուական գործակալութիւնը հրապարակած էր տեղեկութիւն, թէ ԱՄՆ բանակի լոկիսթիք հրամանատարութիւնը կը նախատեսէ Գերմանիոյ «Տիւլմեն» ռազմակայանէն զինուոր սարքեր եւ տարբեր նշանակութեան սարքաւորումներ տեղափոխել Հայաստանի «Զառ» զօրավարժարան՝ հայ-ամերիկեան հաւանական զօրավարժութիւններու համար։ 

Ըստ հրապարակուած տուեալներուն՝ սարքերու տեղափոխումը նախատեսուած է Յուլիս 16-էն Օգոստոս 7, իսկ վերադարձը Գերմանիա կը նախատեսուի Օգոստոս 21-էն Սեպտեմբեր 20։ 

Կը նշուի, որ սարքերը Հայաստան պիտի տեղափոխուին Վրաստանի տարածքով, քանի որ փոխադրութեան երթուղին չի կրնար անցնիլ Ռուսաստանի, Թուրքիոյ կամ Ատրպէյճանի տարածքով՝ դիւանագիտական թոյլտուութիւններու բարդութիւններու պատճառով։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *