Ֆութսալի Հայաստանի ազգային խումբը հիւրընկալեց Ղազախստանի ազ- գային խումբը եւ 4-2 արդիւնքով յաղթեց անոր` գրաւելով զտումի հանգրուա- նի խմբակին պարագլուխի դիրքը:
Հայաստանի ազգային խումբը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլա- լով պիտի մասնակցի Եւրոպայի ախոյեանութեան:
Ֆութսալի ազգային խումբը խմբային որեւէ մարզաձեւ ներկայացնող առաջին խումբն է հայկական մարզական պատմութեան ընթացքին, որ կը հասնի նման յաջողութեան:
Եւրոպայի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 18 յունուարէն 8 փե- տրուար 2026` Լաթվիայի եւ Լիթուանիոյ մէջ:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Եուրօ 2026-ի զտումի հիմնական փուլին, Հայաստանի ազգային խումբը մաս կը կազմէր Զ. խմբակին, Ալպանիոյ, Դանիոյ եւ Ղա- զախստանի կողքին:
10 խմբակներուն պարագլուխի դիրքերը գրաւող խումբերը իրենց տոմ- սերը ապահովեցին աւարտական մրցաշարքին` միանալով Լաթվիոյ եւ Լի- թուանիոյ: