Վիեննայի մէջ տեղի ունեցող ԵԱՀԿի մնայուն խորհուրդի յատուկ նիստին Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ռոբերտ Աբիսողոմոնեան ըսաւ, որ եթէ Ատրպէյճան կը փափաքի վերջ դնել ԵԱՀԿի Մինսքի գոյութեան, ամէնէն տրամաբանական եւ օրինական կարճ ուղին համաձայնագիրի ստորագրութիւնն է: 

Աբիսողոմոնեան շեշտեց, որ Մինսքի գործընթացի կառոյցներու հետա- գայ գործունէութեան կարիք պիտի չըլլայ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան պահէն սկսեալ, երբ պաշտօնական կերպով հակամար- տութեան աւարտը պիտի արձանագրուի: Հակառակ պարագային, ըստ փոխնախարարին, այդ պիտի նշանակէ սայլը ձիէն առաջ դնել: 

Անդրադառնալով Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխելու՝ Պաքուի միւս պահանջին՝ Աբիսողոմոնեան նախ վկայակոչեց սահմանադրական դատարանի 26 Սեպտեմբեր 2024ի որոշումը, ապա շեշտեց, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը չի պարունակեր որեւէ դրոյթ, որ կրնայ ենթադրել տարածքային պահանջ որեւէ երրորդ երկրի նկատմամբ: 

Նոյն ատեն, Աբիսողոմոնեան նկատել տուաւ, որ իրականութեան մէջ, մտահոգութիւն կը յառաջացնէ ինքնին Ատրպէյճանի սահմանադրութիւնը, որովհետեւ անիկա կը բովանդակէ դրոյթներ, որոնք կ՛ենթադրեն տարած- քային յաւակնութիւններ Հայաստանի նկատմամբ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *