ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Բարի երեկոյ, սիրելի հերուստադիտողներ։ Նախ եւ առաջ խորին շնորհակալութիւններ USA Armenian Lifeի եւ «Հայ Կեանք»ի ոչ կուսակցական, անկախ լրատուական կազմակերպութեան անմիջական գործակիցներուն՝ ի հայրենիք եւ ի սփիւռս աշխարհի, որ անցեալ շաբաթուայ հաղորդումը շռնդալից պատգամ որպէս ընդունեց մեր հայ ժողովուրդը եւ հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին շռնդալից յաջողութեամբ։ 

Պէտք է ըսել, որ այս յաջողութեան մէջ իրենց լուման ունին անծանօթ, բայց օրը պիտի գայ, պիտի դառնան ծանօթ գրչակից եւ գաղափարակից զինու- որներ, որոնք անցեալ շաբաթուայ հաղորդումի խիստ կարեւոր պատգամը իր երկու բաժիններով` առաջինը կը վերաբերէր ներքին 5րդ շարասեան եւ աշխարհաքաղաքական այն զարգացումներուն, որոնց կիզակէտին յայտնո- ւած են եւ մինչեւ հիմա կը շարունակեն յայտնուիլ Հայաստանի եւ հայկական պետութեան ներքին թշնամիները, հովանաւորութեամբ արտաքին թշնամի- ներուն եւ երկրորդ բաժինը, որ նոյնպէս անբաժան մէկ մասնիկն էր այդ 5րդ շարասեան մաս կազմող ռոբօ-սերժ-գարեգին այդ եռեակը, անգլերէն ????????? կ҆ըսուի, ես պիտի ըսէի ???? virus, այսինքն եռավիրուս, որ այսօր հայկական պետականութեան հիմքերը կը փորձէ թուլացնել եւ կազմաքանդել։ 

Ուրեմն, նախորդ 5 շաբաթուայ ընթացքին հաղորդումները ըստ երեւոյթին ամենազգայուն կէտերուն խփեցին 5րդ շարասեան ռոբոսերժականներուն եւ գարեգինապաշտերուն, որոնք սկսան հայհոյել YouTube-եան ալիքի վրայ, ֆէյսպուքեան ալիքի վրայ։ Սկիզբը բազմաթիւ հեռուստադիտողներ պահանջեցին որ իրենց այդ լուտանքները, հայհոյանքները ջնջենք, սակայն վերջերս, քանի որ սփիւռքի անվտանգութեան վարչութեան աշխատակից- ները կապ սկսան հաստատել, սկսանք պահել, պահպանել, մինչեւ որ այդ աղբիւրները իմանանք, թէ իրենց իսկական ինքնութիւնը ովքեր են, յետոյ բանէ դուրս եկաւ որ սփիւռքի անվտանգութեան վարչութեան աշխատա- կիցները բացայայտեցին, որ այդ մաքուր հայերէնով մեր վրայ յարձակուողները եւ հայհոյանք եւ թարախ թափողներուն խոշոր մասը սովետա-օսմանեան- ազերի ծագում ունեցող այդ տեսակ տարրեր են։ 

Ի հարկէ նաեւ ունինք, դժբախտաբար մեր ժողովուրդը ունի իր բաժի- նը։ Մեծն Գարեգին Նժդեհի նկարագրած մեր դժբախտութիւնը այն չէ, որ աշխարհում թուրքեր կան, այլ՝ թրքանման հայեր կան։ Ուրեմն այս ֆոնի վրայ մեր աշխատանքները կը շարունակենք եւ կարճ վերլուծում մը, աշխարհա քաղաքական տեսանկիւնէն դիտուած, թէ ի՞նչ կը կատարուի այսօր երբ Թուրքիան, Իրանը եւ Ռուսաստանը թէկուզ բարի թշնամիներ են, այսինքն freinenemies, բարեկամ եւ թշնամիներ, բայց իրականութեան մէջ թշնամիներ են։ Եւ երեք պետութիւններն ալ, երեք տարածքաշրջանային հզօր պետութիւնները, որոնց նաեւ կու գայ միանալու Ատրպէյճանը իր նաֆթի շնորհիւ եւ այս պետութիւնները կը փորձեն ի գին ամէն ինչին տիրանալ Սիւնիքին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հարաւային դարպասն է եւ ըստ երեւոյթին, ոչ Ռուսաստանին, սովետական էֆէսպէական, փութլէրական Ռուսաստանին, ոչ նէօ-օսմանեան երազանքներ հետապնդող, այսօր այսպէս կոչուած Թուրքիային, ոչ ալ Ատրպէյճանին, ոչ ալ նաեւ Իրանին, թէկուզ Իրանը բարեկամական երկիր է, սակայն ի բարեբախտութիւն Հայաստանի, Իրանի պետութիւնը լիուլի կը յարգէ եւ կը սատարէ հայկական պետութեան ինքնիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան։ 

Ուրեմն մենք անցեալ հաղորդումին թէկուզ խօսեցանք թէ ինչպէս հաւա- քական արեւմուտքի ղեկավարութիւնը եւ յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ռազմա- քաղաքական շրջանակները վերջնական որոշումի եկած են, որ այսօր այսպէս կոչուած Ռուսական Դաշնութիւնը, որ 1918էն ի վեր, առաջին աշխարհամարտէն ի վեր անընդհատ bail out կ҆ըլլայ, այսինքն վերջին րոպէին օգնութիւն կը ստանայ, որ իր հոգեվարքէն դուրս գայ եւ ձեւով մը իր գոյութիւնը շարունակէ, նոյնպէս եւ առաջին աշխարհամարտէն ետք, երբ Թուրքիան, Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդ Թուրքիան ծանր պարտու- թիւն կրած էր եւ ենթակայ էր մասնատման, մի տա- սաներորդ ժամուն ան ալ փրկուեցաւ։ 

Ըստ երեւոյթին այս երկու կայսրութիւններ իրենք իրենց կայսերապաշտական էութիւն որակաւորող եւ դասող այս պետութիւններու պիտանելիութիւնը արե- ւմուտքին համար հասած է իր աւարտին եւ մենք եր- բեք պէտք չէ զարմանանք, որ օրը պիտի գայ, արդէն գիտնեք ինչպիսի տարածաշրջանային լարուածութիւն կայ ներկայիս Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ, Սուրիան ունենալով որպէս կռուախնձոր, նոյնպէս եւ Ռուսաս- տանի եւ արեւմուտքի միջեւ Ուքրանիան ունենալով որպէս կռուախնձոր։ 

Չզարմանանք, որ օրը պիտի գայ եւ երկու այս կայսե- րապաշտական նկրտումներ ցուցաբերող այսպէս կոչո- ւած այս պետութիւնները, որ օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդը կը սեպուին, այսօր այսպէս կոչուած Թուրքիան, ինչպէս եւ Ռուսական Դաշնութիւնը՝ Ցա- րական Ռուսաստանի, կայսերական Ցարական Ռու- սաստանի, նոյնպէս եւ Սովետական Ռուսաստանի իրաւայաջորդն է։ 

Օրը պիտի գայ, պիտի տեսնենք այս քարտէսը, որ էքրանի վրայ միասին դիտենք, քարտէս – նկար տեսէք ինչպիսի փոքրամասնութիւններու ազգային իղձերը բա- ւարարող, պիտի ունենանք տարածաշրջան, հայկական լեռնաշխարհի արեւմուտքը եւ Յունաստանի արեւելքը, որ կը կոչուի յունական տեսանկիւնէն Անաթոլիա եւ հայկական տեսանկիւնէն՝ արեւմտեան Հայաստան եւ մինչեւ արեւելեան միջերկրական ծովափ։ 

Ուրեմն այս քարտէսի վրայ տեսնենք եւ ծանօթա- նանք, թէ ինչպիսի մասնատում կը սպասուի Թուրքի- ային։ Թէկուզ կրնայ ըլլալ քիչ մը երկար տեւէ կարգ մը մարդոց համար, բայց կը խորհիմ թէ շատերս, կրնայ ըլլալ ես չտեսնեմ, բայց այս սերունդի անդամներէն որոշ հատուածներ, յատկապէս նոր սերունդը պիտի որ ականատես ըլլան այսօր այսպէս կոչուած Թուրքիէի մասնատմանը։ 

Իսկ ինչ կը վերաբերուի Ատրպէյճանին՝ դիտենք մի- ասին էքրանի վրայ քարտէսը քարտէս – նկար եւ ծանօ- թանանք այն փոքրամասնութիւններուն, որոնք մինչեւ այսօր առկայ են եւ Ատրպէյճանի, այսօր այսպէս կոչո- ւած Ատրպէյճանի տիքթաթոր Ալիեւը 2020ի աշնան 44օրեային ինչպէս չարաշահեց թալիշներուն, ուտինե- րուն, լեզկիներուն եւ այլ փոքրամասնութիւններուն, անոնց առաջ քշելով արցախեան ճակատ եւ շատերը դժբախտաբար իրենց կեանքը կորսնցուցին մեր հուժկու կամք ունեցող եւ քաջարի զինուորներու տեղատարափ փամփուշտներու ներքեւ, բայց բարեբախտաբար նաեւ սելճուք ազերիներ ալ իրենց կեանքը կորսնցուցին։ 

Քարտէսի վրայ ինչպէս որ ծանօթացանք, այսպի-սի ապագայ կը սպասէ այսօր այսպէս կոչուած Ատրպէյ- ճանին։ Իսկ Ռուսաստանին ինչ կը սպասէ։ Ռուսագէտներ եւ սովետագէտներ նոյնպէս եւ ցարագէտներ այս քար- տէսը քարտէս – նկար հրապարակած են եւ վերջերս մենք ծանօթացանք այն փաստին, թէ ինչպէս Orient Express, այսինքն «Արեւելեան Գնացք» անունով շար- ժում մը սկսած է հաւաքական արեւմուտքի մէջ, որ կ҆ուղղուի դէպի մինչեւ Ասիոյ տափաստանները, նոյնիսկ մինչեւ Խաղաղական ովկիանոս, որ- պէսզի այսօրուան Եւրոպայի մայր ցամաքը ընդլայնուի մինչեւ Խաղաղական ովկիանոս, այո, եւ եւրոինթեկրացման շարժումը պիտի որ իր բարեյաջող լրումին հասնի, ինչպէս եւ նաեւ այսօր այսպէս կոչուած Թուրքիոյ տարածքին, մինչեւ Կասպից ծով։ 

Քիչ առաջ քարտէսները տեսանք՝ Եւո- պական Միութեան մայր ցամաքը եւ նաեւ Միու- թիւնը պիտի որ ընդարձակուին։ Եւ այդպիսով աշխարհը պիտի ունենայ ազատ պետութիւն- ներու, ինքնիշխան պետութիւններու հզօր ակումբ մը եւ որուն գլխաւոր նպատակն է ձեւով մը կաշկանդել եւ շրջափակման մէջ առ- նել այսօրուայ Չինաստանը, որովհետեւ իրակա- նութեան մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգ- ներու հիմնական նպատակն է իր ուժերը կեդրոնացնել Խաղաղական ովկիանոսի վրայ, որպէսզի Չինաստանի կայսերապաշտական ընդլայնումը ձեւով մը վերահսկո- ղութեան ներքեւ դնել։ Մենք ատոր ալ պիտի ականատես ըլլանք։ 

Իսկ ինչ կը վերաբերի մեր հայրենի, հայկական պե- տականութեան ներսէն սպառնացող 5րդ շարասեան ռսաստրուկներու, ովքեր իրենց փութլեր պապայի հովա- նաւորչութիւնը վայելելու ուրախութեան ներքոյ ամէն ինչ կը փորձեն ընել հայկական պետականութիւնը կազ- մաքանդել։ Եւ այդ ներքին 5րդ շարասեան գլխաւոր դե- րակատարներէն մէկը, անշուշտ գիտենք Ռոպերթ Քոչարեանին, նոյնպէս եւ Սերժ Սարգսեանին, եւ ինչպէս որ ֆրանսացիները կ҆ըսեն՝ չկայ երկու առանց երրոր- դի, եւ այստեղ երրորդը Գարեգին Բն է։ Այս յաջորդ տեսանիւթի մէջ միասին մենք դիտենք եւ ծանօթանանք Հայր Խորէն Յովհաննէսեանին, որ քաջարի վկայ կը հանդիսանայ եւ ներքին ծալքեր կը բանայ 44օրեայի ընթացքին Գարեգին Բի մաֆիայի դաւաճանական գոր- ծունէութիւնը Արցախի մէջ եւ ինչպէս որ այսօր գիտենք, Գարեգին Բի միւս գործակալը Շիրակի թեմի չառաջնորդ Աջապահեանը, ինչպիսի սեւ աշխատանքներ կը տանի։ Այդ մասին ուրիշ առթիւ։ 

Հիմա դիտենք եւ ծանօթանանք այս տեսանիւթին եւ կը շարունակենք մեր զրոյցը եւ իր մեկնաբանութիւնը ձեզի պիտի ներկայացնէ հանրայայտ հրապարակախօս եւ հրապարակագիր, պարոն Ոսկան Մխիթարեանը։ 

Նա (Գարեգին բ) ուղղակի մասնակից է Արցախի հայաթափմանը, մեղսակից է Պաքուին եւ Մոսկուային։ Հիմա չոր տուեալներ եմ տալիս, թող պատկան մար- մինները ինձ լսեն եւ խնդրում եմ, եւ հետեւութիւն անեն։ 

Ուրեմն նա 22 թուականի Նոյեմբերի 4ին Փութինի հրամանագիրով շքանշան է ստանում։ Դրանից մէկ ամիս անց, 22 թուականի դեկտեմբերի 12ին Արցախի շրջա- փակումը սկսում էր։ Շքանշանը ստանում է որ 100 տոկոսանոց համագործակցի Պաքուի եւ Մոսկուայի հետ եւ ծպտուն չհանի։ 

Հիմա տեսէք յաջորդ քայլը ինչ է անում։ 23 թուականի Ապրիլին արդէն պլոքատա էր։ Ժողովուրդը կիսասոված, մեր հայրենակիցները Արցախում։ Պարտադրում է որ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս Սրբազանը լքի Արցախը եւ գայ Հայաստան։ Պլոքատա, 23 թիւ Ապրիլ ամիս։ Սրբազանը դիմադրում է երկար, ասում է էս վիճակում ժողովրդիս ո՞նց թողնեմ գամ։ Իբր ինչ որ ժողովի պատրուակով ասում է հիմա ես FSB-ով քեզ բերել կը տամ, յետոյ էլ հետ կը տանեմ։ Սրբազանին համոզում է, FSB-ը նրան բերում է Հայաստան եւ երբեք հետ չի անում։ Երբեք Ղարաբաղ չի կարողանում վերադառնալ։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Պարոն Չափարեան, Խորէն վարդապետ Յովհաննիսեանի բացայայտումները անկասկած որ բոլորս կը վրդովվեն։ Ճիշդ է, շատ մը յայտարարութիւններ իր կողմէն կատարուած արդէն հրա- պարակի վրայ են, բայց հետաքրքրականը այս է, որ ինքը անձնապէս որպէս Գարեգին կաթողիկոսի գաւազանակիր մօտէն ծանօթ է այս բոլորին եւ կը կատարէ իր բացայայտումները։ Ինչո՞ւ։ Յանուն հայ եկեղեցւոյ փրկութեան։ 

Մենք այս յայտարարութիւնները կ҆ընենք ոչ որովհետեւ մտահոգ ենք Գարեգին կաթողիկոսով։ Մտահոգ ենք Սուրբ Աթոռով։ Եւ այդ աթոռը այսօր, դժբախտաբար, բռնազաւթուած է այնպիսի անձի մը կողմէ, որ ոչինչ ունի կրօնական իր մէջ։ Հոս է հարցը։ 

Մենք կը փորձենք հայ եկեղեցին տեսնել վերականգնեալ։ Անհատներով չէ որ այդքան պիտի զբաղինք։ Ճիշդ է, Գարեգին կաթողիկոս տէրն ու տի- րականն է, սուր կը ճօճէ ձախ եւ աջ, բայց մնայուն բան մը չկայ սիրելիներ։ Գարեգին կաթողիկոսը այսօր կայ, վաղը կրնայ չըլլալ։ Եկեղեցին կայ, եւ պիտի մնայ։ Ես ու դուն ի՞նչ պիտի ընենք, որ այս եկեղեցւոյ տէր կանգնինք, որպէսզի Գարեգին կաթողիկոսի նման մարդիկ չչարաշահեն հայ եկեղեցին, յանուն իրենց անհատական շահերուն եւ կամ իրենց հաւաքական շահերուն, որոնց մէջ կ҆իյնան նաեւ անցեալի քաղաքական դէմքերը, օլիկարխները, ինչպէ նշեց պարոն Չափարեանը այս պարագային։ 

Արթնութեան մեր այս կոչերը կ҆ընենք, որովհետեւ, սիրելիներ, դուք էք եկեղեցին։ Մենք կ҆ուզենք որ տէր կանգնիք եկեղեցւոյ։ Տեսաք քիչ առաջ ինչպէս մեկնաբանեց պարոն Չափարեանը որ քաղաքական վերիվայրումներ կան չորս կողմ։ Մենք կրնանք զոհ երթալ մեծ գերպետութիւններու շահերուն։ Այս բոլորին ի տես պիտի արթննա՞նք։ Պիտի միաբանուի՞նք։ Տեսնե՞նք ճշմարտութիւնները, տեսնենք մեր անցեալի սխալները, որպէսզի չկրկնենք։ 

Ասոր մէջ կարեւոր դեր ունի, միշտ կ҆ըսենք, եկեղեցին։ Եկեղեցին միշտ ունեցած է այդ դերը, այսօր թերացած է։ Եւ այդ թերացումը մեզի, ձեզի իրաւունք կու տայ խօսելու այդ մասին, որպէսզի բարեկարգեալ եկեղեցի մը ունենանք։ Եթէ անհրաժեշտութիւն կայ, միասնաբար պէտք է դուրս դրուին բոլոր անոնք, որոնք կը չարաշահեն եկեղեցին։ Հոս է հարցը, սիրելիներ։ 

Յաճախ ինծի հարց կու տան։ Ի՞նչ պիտի փոխէք, այս մասին անընդհատ կը խօսիք։ Ես չէ որ պիտի փոխեմ, սիրելիներ։ Մեր ըրածը արթնութեան կոչ է։ Եկեղեցին դուն ես, ես եմ, ան է։ Մենք ենք եկեղեցին։ Եթէ անտարբեր վարուինք, ինչ որ այսօր բարեկամներէս մէկը Մոնթրէալէն ըսաւ՝ «ամաաան ճանըմ, ասանկ եկած է, ասանկ կ҆երթայ»։ Ոչ, սիրելիներ, եկած է ժամը, որ մոռնանք այդ յայտարարութիւնները։ Չկայ «ասանկ եկած է, ասանկ կ҆եր- թայ»։ Ժամանակը հասած է հայրենիքը մեզի պէտք ունի։ 

Ժողովուրդին 75 տոկոսը հայրենիքէն դուրսն է։ Հետեւաբար այդ 75 տո- կոսը հրաշքներ կրնայ գործել հայրենիքի համար եւ մանաւանդ մեր եկե- ղեցական եւ մշակութային կեանքէն ներս։ Այսօր դժգոհութիւններ շատ կան, թէ ի՞նչ կը պատահի հայրենիքէն ներս, ի՞նչ փոփոխութիւններ կան, ովքե՞ր կը պարտադրեն որ դպրոցէն ներս ինչ պիտի ըլլայ, եկեղեցին։ Այս բոլորը կը լսենք, բոլորս ալ կը կարդանք։ Բայց աշխատանք պիտի տանինք, որ այս նեխածութիւնը փոխենք։ 

Բոլորս ալ գիտենք որ հայ եկեղեցին ճահիճի մէջ է։ Եկեղեցականները թերացած են իրենց պարտականութեան մէջ։ Չկայ հոգեւոր սպասա- ւորութիւն, այլ կայ միայն մամոնայի պաշտամունք։ Ամէն մարդ իր հանգիստին կը նայի։ Ուր մնաց մեր ժողովուրդը։ Նայեցէք արեւելքի ժողովուրդը ինչ տա- ռապանքի մէջ է, ըլլայ Սուրիա, ըլլայ Լիբանան, ըլլայ այլուր։ Հայութեան վիճակը այդքան փայլուն չէ։ Բայց ամէն անգամ կ҆ըսենք, որ համախմբող մեծ ուժը եկեղեցին է եւ այդ ուժը մէկը եկեղեցիէն չի կրնար առնել։ Բայց ցաւալի է որ այսօր եկեղեցին բռնագրաւուած է բռնակալի մը կողմէ։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Պարոն Մխիթարեան, բազմաթիւ հեռուստադի- տողներ հարց կու տան, թէ ի՞նչպիսի գործնական քայլերու պէտք է դիմէ հայրենի ժողովուրդը։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Ոչ միայն հայրենի ժողովուրդը, պարոն Չափարեան, այլ նաեւ 75 տոկոսը, ինչպէս ըսինք հայութեան դուրսն է։ Սփիւռքն ալ նոյնքան կարեւոր դեր պիտի խաղայ ըսինք։ Բոլոր թեմերու մէջ եկեղեցիները ամէն անգամ կը կրկնենք, ձեզի կը պատկանին։ Մի կենաք լուսանցքի վրայ։ Անդամագրուեցէք ձեր եկեղեցիներուն։ Շատ կարեւոր է պատարագի երթալ, արարողութեան մը ներկայ ըլլալով դուք եկեղեցւոյ տէր չէք կրնար կանգնիլ։ Այդ բարոյական պարտաւորութիւնը դուք ձեր վրայ դրէք, ձեզի համար արեան կանչ ըլլայ։ 

Կարեւոր չէ որ թեմն էք։ Գացէք եկեղեցւոյ անդամ եղէք, որպէսզի ձեր ըսելիքը ունենաք, սիրելիներ, շատ կարեւոր է։ Կողմ կենալով բան մը չէք կրնար փոխել։ Եթէ կան առաջնորդներ, որոնք կը չարաշահեն իրենց թե- մի ժողովուրդը, այդ առաջնորդները հեռացուցէք, ձեր իրաւունքն է, բայց ինչպէ՞ս։ Կանոնագրութիւն կայ։ Գացէք անդամագրուեցէք եւ կրնաք այդ առաջնորդը հեռացնել այդտեղէն։ Որովհետեւ այդ առաջնորդը աւելի կը չարաշահէ եկեղեցին, քան կը սպասարկէ եկեղեցւոյ։ Շատ են։ Շատ խօսած ենք այդ մասին։ Ամենուրէք կայ այս հիւանդութիւնը։ Հետեւաբար, որպէսզի կարենայ եկեղեցին առողջանալ, գացէք անդամագրուեցէք եւ կանոնագրութիւնը քիչ մը սերտեցէք, որովհետեւ այդ կանոնագրութիւնը ձեզի մեծ իրաւունք կու տայ։ 

Աշխարհականներն են որ պէտք է ղեկավարեն եկեղեցին։ Առաջնորդը, քահանան, վարդապետը պարզապէս տնտեսողն է եւ ենթակայ աշխար- հական այդ վարչակազմին։ Անոր անդամ եղէք որպէսզի տէր կանգնիք եւ ձեր ըսելիքը ունենաք։ Շատ կարեւոր է, սիրելիներ։ Ժամանակը հասած է։ Անոր համար միշտ կը խօսինք։ Պիտի փրկենք եկեղեցին միասնաբար։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Շնորհակալութիւն, պարոն Մխիթարեան։ Յար- գելի հայրենակիցներ, ազգակիցներ, պարոն Մխիթարեանի նշած կէտը շատ կարեւոր է, յատկապէս հայրենի մեր ժողովուրդին համար, որովհետեւ ըստ երեւոյթին, առաջին հանրապետութեան սովետականացումէն ասդին հայրենի ժողովուրդը Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ ընտանիքի անդամ որպէս զրկուած է առանձին առանձին թեմական առաջնորդները ժողովրդական ձայներով ընտրելու իրաւունքէն։ Ուրեմն, լաւ լուրը այն է, որ այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ քանի հատ որ թեմեր կան, հայրենի մեր ժողովուրդը իրաւունք ունի հիմնադիր ծխական ժողովներ կազմակերպելու, եւ անմիջապէս Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ օրէնսդրութիւնը գործադրելու։ 

Ի՞նչ կը նշանակէ։ Կը նշանակէ, ինչպէս որ տեղական ինքնավարման մարմիններու ընտրութիւններ կ҆ըլլան, կամ Ազգային Ժողովի անդամներու ընտրութիւն կ҆ըլլայ կամ նոյնպէս քաղաքապետներու, նոյնը եւ ազատ աշխա- րհի մէջ, ինչպէս որ թեմերը թեմականները, որոնց ջախջախիչ մեծամաս- նութիւնը աշխարհականներ են, իրենք կ҆ընտրեն թեմական առաջնորդները եւ ոչ թէ օրուան Ամենայն Հայոց հայրապետը կը նշանակէ, օրուան Ամենայն Հայոց հայրապետը, նոյնիսկ երջանկայիշատակ Վազգէն Առաջինի օրով ընդամէնը լաւագոյն թեկնածուները կ҆առաջադրէ եւ իւրաքանչիւր թեմ այդ թեկնածուները կը քննարկէ, եթէ իրապէս իրենց համար պէտքական թեկնածուներ են, կ҆ընտրէին որպէս թեմական առաջնորդներ։ 

Նոյնը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը՝ Արամ Ա վեհափառը իր հերթին թեկնածուներ կ҆առաջարկէ եւ առանձին, օրինակի համար Արեւ- մտեան Միացեալ Նահանգներու Ազգային առաջնորդարանը, որ խոշոր մասով աշխարհականներ կը ղեկավարեն, զանազան համայնքներէ ընտրո- ւած պատգամաւորներ կ҆ընտրեն թեմական առաջնորդը, իսկ նոյնպէս եւ հայոց կաթողիկոսութեան Էջիմածնի թեմին պատկանող ծխականները, որոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը աշխարհականներ են, նոյնպէս կ҆ըն- տրեն։ 

Իսկ ինչո՞ւ վերջերս Պուլկարիոյ մէջ պուլկարահայութիւնը այսպիսի մեծ դժուարութեան հանդիպեցաւ, որովհետեւ Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ առաջնորդը ժողովրդընտիր առաջնորդ չէ, այլ Գարեգին Բի կողմէ նշանա- կուած, Գարեգին Բի մաֆիայի անդամ անհատ մըն է, որ հոգեւորականէ զատ ամէն բանի կը նմանի եւ անցեալ հաղորդումներուն դուք ծանօթացաք պարոն Մխիթարեանի բացայայտումներուն, թէ ինչպէս կը փորձէ քանդել հոգեւոր կեանքը եւ հոգեւոր սնուցման գործընթացը եւ նոյնպէս ինչպէս կը փորձէ նուիրեալ քահանայ Արմէն Մելգոնեանի պէս նուիրեալ հոգեւորականի մը պաշտօնազրկել եւ կարգազրկել։ Ասիկա չլսուած բան է։ 

Բայց, ըստ երեւոյթին սովետա FSB-ական ներկայ ժամանակներուն, նախկին Սովետի տարածքին, ներառեալ նախկին սովետական արեւել- եան Եւրոպայի տարածքին, որուն եւ մաս կը կազմեն Պուլկարիան եւ Ռու- մանիան, այսպիսի երեւոյթներ այդքան ալ անակնկալ պէտք չէ թուին մեզի։ Սակայն լաւ լուրը այն է, որ ինչպէս որ չինացիք կ҆ըսեն 1500 քայլ պահանջող ճանապարհորդութիւնը կը սկսի առաջին քայլով։ Եւ առաջա- դրանքը այն է, որ Հայաստանի մէջ, ինչպէս որ անգլերէն կ҆ըսեն՝ pilot project, մեր հաւատացեալ հայրենակիցները ի մի կարող են գալ եւ որոշել առաջին թեմէ մը սկսիլ գործընթացը, որպէսզի իւրաքանչիւր թեմ Հայաստանի մէջ սկսի օրէնսդրական կարգով ժողովրդավարական իր իսկական սթա- թուսը վերականգնել, ինչպէս որ ազատ աշխարհի մէջ բոլոր թեմերը ժողո- վըրդավարական իրենց սթաթուսը վերականգնած են թերեւս հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր եւ մինչեւ հիմա կը շարունակեն։ 

Եւ ատոր համար է, որ ազատ աշխարհի մէջ գարեգինապաշտ կամ բարոյազրկուած, կամ երեխայ պղծող, կամ ինչպիսի քրէական գործունէ- ութիւններու մասնակից եղող թեմական առաջնորդներու պաշտօնավա- րութիւնը երկար կեանք չէ ունեցած եւ պիտի չունենայ։ Փաստը կը մնայ փաստ, որ մենք բազմաթիւ բարեփոխումներու ականատես եղած ենք եւ պիտի շարունակենք ըլլալ ազատ աշխարհի մէջ։ Առաջադրանքը այն է որ նոյնպէս եւ այդ տիպի ժողովրդավարական նոր շարժում մը սկսի հայրենիքի մէջ եւ Փութինի կողմէ եւ ինչպէս նաեւ ռուսաց պատրիարքի կողմէն առաջ մղուող Պոլոժենիան, որ սովետական եւ ցարական Ռուսաստանի ժամա- նակներէն եկած է, դուրս շպրտուի։ 

Հայկական պետականութիւնը ինքնիշխան էութիւն մըն է, սիրելիներ։ Նոյնպէս եւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին ինքնիշխան էութիւն մըն է, դարերէ ի վեր եւ պիտի շարունակէ այդպէս ըլլալ։ 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *