ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Ըստ երեւոյթին մէկ ամիս առաջ երբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփը սիլիպիլի ըրաւ Փութինի հետ, Ռոպերթ Քոչարեանը եւ իր ղարաբաղեան ռոպա-սերժա-քէյճիպի-դաշնակ ղեկավարները արդէն հրավառութեան սկսած էին եւ ես այդ առթիւ ճիշդ մէկ ամիս առաջ Փետրուարի 28ին, քիչ մըն ալ աւել, այն ժամանակ ելոյթ ունեցած էի եւ կատարած էի հետեւեալ յայտարարութիւնը. Կամ իմ դիտարկումները ներկայացուցած էի եւ անկէ ետք ճիշդ մէկ շաբաթ ետք, յաջորդ հաղորդումի մէջ կատարած էի երկրորդ ակնարկը եւ քաղաքական մեկնաբանութիւնը, իսկ անկէ ետք, ճիշդ մէկ շաբաթ ետք, երրորդ մեկնաբանութիւնը կատարած էի։ Առաջին այդ «հարա-հուրա» ուրախութիւնը որ Ռոպերթ Քոչարեանը արդէն կազմակերպելու սկսած էր` «հեսա վերադառնալու ենք իշխանութեան, Փու- թին պապան մեր ճանապարհը հարթել է, Թրամփ հօփարին հետ ամէն ինչ լաւ է, ուրեմն շուտով պիտի վերադառնանք»։ 

Ըստ երեւոյթին, արեւելահայերը լաւ խօսք ունին` «Քացախ ձեր ախոր- ժակին»։ Այն ժամանակուան իմ հաղորդումին խորագիրը եղած էր «Թրամ- փի վատ լուրը Փութինին եւ ռուսաստրուկներուն, ռոպո-սերժա-գարեգի- նին. Ամենավտանգաւորը կատաղած ոչխարն է»։ Իսկ անկէ ետք, յաջորդ հաղորդումին խորագիրը եղաւ` «Փութինի գործակալ Գարեգին Բ.-ի սովե- տահայ փողոցային ձեր հոգեկերտուածքով պահուածքը», եւայլն։ Եւ ամէնէն կարեւորը, ինչպէս որ անգլերէն կ҆ըսեն` it put the icing on the cake եւ արդէն դժբախտաբար, ի դժբախտութիւն հայատեացներուն, 5րդ շարասեան, այս խորագիրը կատաղեցուց ռոպոսերժականներուն, ղարաբաղեան մաֆիային եւ այդ խորագիրը եղաւ «Թրամփի գաղտնի ՌԴ փլուզման փրոյէքթ»։ Դիտենք այս հատուածները, եւ միասին եւ կը շարունակենք մեր զրոյցը։ Հաւատացեալ ոչխարը, ըսենք գառնուկը, որ Յիսուսը իրենց հոգ տանող հովիւն է եւ իր հաւատացեալները՝ մենք Աւետարաններու մէջ տեսած ենք որպէս ոչխարի խորհրդանիշով, որ գառնուկը շատ լաւ խորհրդանիշ մըն է։ Եւրոմիութիւնը պիտի ընդարձակուի։ Կ҆ապրինք, կը տեսնենք։ Կարգ մը հին ռեժիմականներ քմծիծաղով պիտի ընդունին այս ակնարկը կամ ակնկալիքը կամ կանխատեսումը, բայց պիտի տեսնենք։ 5էն 10 տարուան ընթացքին շատ բաներու ականատես պիտի ըլլանք եւ պիտի նաեւ տեսնենք այն օրը, երբ ռուսական դաշնութիւնը, որ սովետական կայսրութեան հետեւորդն էր, է մինչեւ հիմա, պիտի վերածուի Ռուսաստանի։ Այսինքն, անգլերէն ինչպէս որ կ҆ըսեն right sizing of Russia, այսինքն Ռուսիայի ճիշդ չափին մէջ պարունակելու այն ծրագիրը պիտի իրականանայ եւ յաջորդ կայսերապաշտական նկրտումներ հետապնդողը Էրտողանն է։ 

Սիրելի հեռուստադիտողներ, մենք անցեալ շաբաթ խօսեցանք թէ ինչ- պէս նախագահ Թրամփը մեծ յուսախաբութիւն ստեղծեց Փութինի եւ ռո- պո-սերժա-գարեգին-բ շրջանակէն ներս եւ այդ յուսախաբութիւնը կը հիմ- նաւորուի օրըստօրէ աւելի կը խորանայ եւ այդ մասին յետագային։ 

Ինչպէս որ կը յիշեն մեր հեռուստադիտողները, երեք շաբաթ առաջ, երբ ձեր խոնարհ ծառան կանխատեսում մը ըրաւ եւ Թրամփի մէկ սիրաբանա- կան, Փութինի մասին սիրաբանական յայտարարութենէն ետք, մէյ մըն ալ տեսանք, որ Երեւանի մէջ, Ռոպերթ Քոչարեանը անմիջապէս մամլոյ ասուլիս յայտարարեց եւ ռուսական թեւին ծառայող մամուլի կցորդներուն հրաւիրեց, որպէսզի ինք սկսի յոխորտալ, բայց ըստ երեւոյթին այն ժամանակ մենք բար- ձրաձայնեցինք, աղաղակեցինք այն փաստը, որ սա Թրամփի կողմէ դրական կամքի դրսեւորում չէ հանդէպ Փութինին։ 

Իրականում, Թրամփի գործունէութիւնը կը պատկանի ոչ միայն Թրամփին։ Թրամփը կը պատկանի աշխարհի վրայ ամենաշատ ինսթիթուսիոնալ, այ- սինքն հիմնարկային կառոյց ունեցող պետութեան՝ Ամերիկային։ Ինչպէս տեսանք, հիմա արդէն Ապրիլի 4ն է այսօր եւ բաւականին հետաքրքրական, հետաքրքրաշարժ եւ թեքթանիք, այսինքն երկիրը հիմքէն դղրդացնող, խո- րապէս ցնցող քաղաքական զարգացումներուն արդէն ականատես կ҆ըլլանք։ Եւ այն ժամանակ նաեւ, ինչպէս որ կը յիշէք, իմ ակնարկի մէջ խօսած էի, թէ ինչպէս հաւաքական արեւմուտքի ղեկավարութիւնը, եւ յատկապէս Ամե- րիկայի Միացեալ Նահանգները, որոշում ընդունած են, որ եւրոպական մայր ցամաքի վրայ, նոր եւրոպական մայր ցամաքի վրայ, ոչ մի պետութիւն պիտի չթոյլատրուի, որ իր կայսերապաշտական նկրտումները ցուցաբերէ եւ իր կայսերապաշտական երազները հետապնդէ։ Եւ այսօրուան դրութեամբ եւրոպական մայր ցամաքի վրայ, սկսած արեւմտեան Եւրոպայէն, աւարտելէ ետք առաջին աշխարհամարտը, եւ որուն յաջորդեց երկրորդ աշխարհամարտը, մենք արդէն ականատես եղանք, թէ ինչպէս Գերմանիան, Ֆրանսիան, Մեծն Բրիտանիան, Իտալիան, Աւստրօ- Հունգարիան, բոլորն ալ իրենց կայսերապաշտական երազանքները ձեւով մը մշակուած կերպով մէջտեղէն վերացուցին եւ սկսան Եւրոմիութեան, միութենական, համագործակցական, սակայն ամէն երկիր պահելով իր ինքնիշխանութիւնը, համագործակցական ոգիով առաջնորդուիլ։ 

Իսկ այս օրերուն, երբ ռոպոսերժականները կ҆երազեն, որ հեսա, ռուսական դաշնութիւնը վերականգնելու է սովետական կայսրութիւնը կամ աւելի խո- րը՝ վերականգնելու է ցարական ռուսաստանը, ապա ուրեմն չարաչար կը սխալին։ Ռուսական Դաշնութիւնը իր հերթին Թուրքիոյ նէօ օսմանեան կայսրութեան երազանքներով առաջնորդուող Էրտողանին, որուն վիճակին մասին արդէն քաջատեղեակ ենք, մանրամասնութեան երթալու կարիք չկայ այս պահուն, բայց յետագային անպայման։ Իսկ երրորդ հեկեմոնիա, կա- սերապաշտական, ամենատիրական նորելուկ այդ բջիջը Ալիեւն է, որ Պա- քուի կայսրութիւնը կ҆ուզէ ընդարձակել։ Ինչո՞ւ Պաքուի կ҆ըսեմ, որովհետեւ Ազրպէյճան անունը իրենք իւրացուցած են։ Identity theft՝ Իրանէն։ 

Ազրպէյճանը մեր իմացած Ատրապատականն է, որ Իրանի հիւսիս արե- ւելեան շրջանն է, որ սահմանային տարածքն է հայկական Նախիջեւանին։ Բայց այս մարդիկ, ինչպէս միշտ, որ եկած են Ասիոյ տափաստաններէն եւ ոսկէ հորդայի մնացուկներն են, աւելցուկներն են, ամէն կերպ կ҆աշխատին մաշկափոխութեան հիման վրայ իրենց անունները փոխելով, իրենց կրօն- ները փոխելով, մէկ մասը կը դառնան քրիստոնեայ, մէկ մասը՝ իսլամ, մէկ մասը՝ հրեայ, բայց իրենց էութիւնը կը մնայ նոյնը։ 

Ուրեմն վերադառնալով մեր թեմային, թէ ինչպէս այս կայսերապաշտական էութիւնները պիտի վերանան, պարզ է, բնութեան օրէնքը կ҆ըսէ՝ երբեք չի կարելի ճղճիմ փոքրամասնութիւն մը բռնատիրութիւն ստեղծէ եւ պահպանէ։ Օրինակի համար, Թուրքիոյ պարագային երբ ազգաբնակչութիւնը 90 մի- լիոն թուանշանի կը մօտենայ, ո՞վ կրնայ ինքն իրեն համոզել կամ մեր հե- ռուստադիտողին համոզել, որ այսօր այսպէս կոչուած Թուրքիան պիտի կարողանայ ընդամէնը 18-20 տոկոս կազմող Էրտողանի ազգակիցներով բռնատիրութիւնը շարունակել մնացած 70-75 միլիոնի վրայ, եւ որոնց հեր- թին են 25-30 միլիոն քիւրտերը, 18-22 միլիոն ալեւիները, թաքուն հայերը, որոնք բռնի թրքացած, բռնի իսլամացած են, բայց հիմակուհիմա իրենց ինքնութիւնը թաքցուցած են թրքական անուններու եւ իսլամ կրօնի ներքեւ, եւ որոնց թիւը, ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներու կը հասնի կամ կը տարուբերի 3-5 միլիոն։ Նոյնպէս եւ թաքուն յոյները եւ անշուշտ ասորիները, եզիդիները եւ արաբները, չնշելու համար այլ փոքրամասնութիւններ։ 

Իսկ ի՞նչ կը վերաբերի այսօր այսպէս կոչուած Ազրպէյճանին, նոյն իրա- վիճակն է այնտեղ։ Թալիշները փոքրամասնութիւն, հայերը անշուշտ արմա- տախիլ եղած են երկրորդ ցեղասպանութեան միջոցաւ, որ պատահեցաւ Ռու- սիոյ մեղսակցութեամբ Սեպտեմբեր 2023ին, լեզկիները, աւարները, ձագուր- ները, շիրվանները, ուրեմն նոյն իրավիճակը այնտեղ է։ Իսկ ինչ կը վերա- բերի այսօր այսպէս կոչուած Ռուսական Դաշնութեան, ապա ուրեմն լաւա- տեղեակ ցարագէտներ, սովետագէտներ եւ ռուսագէտներ կը պնդեն, որ այ- սօր այսպէս կոչուած Ռուսական Դաշնութեան տարածքին արդէն յստակ կերպով նախապէս սահմանները յստակացած, մօտաւորապէս 27 հանրա- պետութիւն կազմաաւորուելու իրաւունք ունին. ի հարկէ Հայաստանի, Վրաստանի պարագային, իրենք շատ աւելի բախտաւոր են, որովհետեւ իրենք ծննդեան վկայագրի տիրացած են արդէն 1918էն սկսեալ, երբ Հայաս- տանի պարագային եւ Վրաստանի պարագային դեմոկրատական հանրա- պետութիւնները հիմնեցին, իսկ Ազրպէյճանի պարագային արդէն դա ինչ- պէս որ անգլերէն կ҆ըսեն Russian Federation այն ժամանակուայ ցարական Ռուսաստանը, որ սովետական կը դառնար, they created the monstor, այ- սինքն հրէշ մը ստեղծեցին եւ արհեստական պետութիւն կոչեցին կեանքի կոչեցին այսօր այսպէս կոչուած Ազրպէյճանը, որպէսզի դամոկլեան սուրի նման կախուած մնայ երեք տարածաշրջանային պետութիւններու գլխին։ Առաջինը Հայաստան, որմէ ապօրինաբար Ստալինը պոկեց եւ բռնակցեց Նախիջեւանը եւ Արցախը, երկրորդը՝ Վրաստանը, երրորդը՝ Իրանը։ Ուրեմն հիմա երթանք ընդառաջ 21րդ դարու արդէն առաջին քառորդը աւարտած ենք եւ ի՞նչ կը սպասուի մեզի յաջորդ 5-10 տարիներուն։ Այդ բոլորը ինչ որ արդէն ընդգծեցինք եւ մենք ոչ միայն պէտք է ականատես ըլլանք, այլ գործօն դառնանք, մեր կազմակերպութեամբ, մեր գերկազմա- կերպուածութեամբ, պայմանաւ, որ Հայաստանը իր ներքին քաղաքական դաշտը մաքրէ եւ ամէնէն կարեւորը՝ այսպէս կոչուած հարաւային Կովկասը, որ իրականութեան մէջ արեւելեան հայկական լեռնաշխարհն է յայտնուած է ինֆորմացիոն պատերազմի կիզակէտին եւ օր չ҆անցնիր, որ հայրենի ժողո- վուրդը եւ նաեւ արտերկրի ժողովուրդը թիրախ չեն դառնար ներքին 5րդ շարասեան եւ ռուսական ԷֆԷսՊէի գործակալ, սակայն Հայաստանի լրա- տուական դաշտին մէջ ազատ, համարձակ, սանձարձակօրէն գործող լրտես- ներու, գործակալներու ապատեղեկատուութեան` տէզինֆորմացիայի եւ կը միտի որ ժողովուրդին հոգեպէս ընկճեն եւ թուլացնեն։ 

Փառք Աստուծոյ, որ հայ ժողովուրդը զարթօնք կ҆ապրի եւ այդ ստաբա- նութիւններուն կարեւորութիւն չի տար, այլ կը կեդրոնանայ իր ընթացքը առաջ տանելու իր ներքին կոփուածութեամբ եւ արդէն ժամանակը շատ յստակ կերպով մօտալուտ է, որ ինչպէս հայ ժողովուրդը հայրենիքի մէջ եւ սփիւռքի տարածքին պիտի որ ձերբազատուի ռսաստրուկներէն եւ նաեւ արեւմուտքի սոռոսականներէն։ Ուրեմն Հայաստանի ապագան կը կայա- նայ ազգայնութեան մէջ, որուն հիմնադիր հայրը մեծն Գարեգին Նժդեհ, սպարապետ Նժդեհն է, որ առաջին անգամ ըլլալով ժամանակակից պատ- մութեան մէջ եւ օրինակ հանդիսանալով ազատ աշխարհի կարգ մը պե- տութիւններուն, հիմնեց ամրոց պետութիւն եւ Զանգեզուրը պահպանեց ի գին ամէն ինչի սովետական Կարմիր բանակի դէմ, նոյնպէս եւ թրքական բա- նակի դէմ, որ ըստ երեւոյթին 1920ին Քէմալ փաշան եւ Լենինը պոռոտա- խօսութիւն, մեծախօսութեամբ այն ժամանակ ըսած էին մենք Զանգեզուրը պիտի բռնազաւթենք ընդամէնը 3 օրուան մէջ եւ այդ ժամանակաընթացքին Գորիսի մէջ թէյ պիտի խմենք։ Եւ տեսանք ինչպէս խայտառակուեցան եւ ի վերջոյ Զան- գեզուրը, Սիւնիքը միջազգայնօրէն ճանչցուեցաւ Հա- յաստանի, այն ժամանակ ապագայ Սովետական Սոցի- ալիստական Հանրապետութեան անքակտելի մաս եւ այսօրուայ Զանգեզուրի գոյութիւնը Հայաստանի ծնըն- դեան թուղթի մէջ ամրագրուած է։ Իսկ այսօր նոյն հոգեվիճակն է։ Տեսանք 2020ին ինչ- պէս 44օրեայէն առաջ, Էրտողան եւ Ալիեւը նոյնպիսի մեծախօսիկութեամբ ըսինք մենք ընդամէնը 3 օրէն Ար- ցախը պիտի բռնազաւթենք եւ նոյնքան ժամանակ եւս մեզի պէտք է որ ամբողջ Հայաստանը բռնազաւթենք։ Եւ տեսանք ինչ եղաւ։ Շնորհիւ մեր քաջարի նահատակ զինուորներուն եւ վիրաւորուած զինուորներուն, Հայաս- տանը կանխեց երկրորդ եւ վերջնական ցեղասպանու- թիւնը։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ ամրոց պետութեան հասկա- ցողութիւնը արդէն արմատ նետած է եւ այդ ուղղու- թեամբ մեր ընթացքը պէտք է շարունակենք։ Ոչ միայն Սիւնիքը պէտք է ամրոց պետութիւն իր կարգավիճակը աւելի ուժեղացնէ, այլ ամբողջ Հայատսանի Հանրա- պետութիւնը։ 

Իսկ ի՞նչ կը վերաբերի մեր սիրելի ներքին 5րդ շարա- սեան։ Տեսնենք էքրանի վրայ, թէ ինչպիսի ուրախու- թեամբ ռուսասովետաօսման վակոններով Փութինի առաջնորդութեամբ տեսէք էքրանի վրայ ինչպիսի ուրա- խութեամբ այս 5րդ շարասեան, եւ որուն մաս կը կազ- մէ ի հարկէ Գարեգին Բ չկաթողիկոսը, կեղծ կաթողի- կոսը, որ բռնազաւթած է Ամենայն Հայոց Հայրապե- տութեան աթոռը, ըստ երեւոյթին իր հետ նաեւ կ҆ընկե- րակցի Մոսկուայի Եզրասը, արեւմտեան Միացեալ Նա- հանգներու Յովնան Տէրտէրեանը, Քանատայի չառաջ- նորդը եւ բազմաթիւ այլ շրջաններու։ Եւ անշուշտ, ըստ երեւոյթին կը յիշէք մի քանի շաբաթ առաջ, երբ իմ զրուցակիցը՝ յայտնի հրապարակախօս պարոն Ոս- կան Մխիթարեանը ահազանգ հնչեցուց Գարեգին Բ.ի նորագոյն սխրագործութիւններու մասին, իրեն պիտի փափաքէի հարց տալ, որ պարոն Մխիթարեան, ինչպիսի՞ նոր զարգացումներ կան պուլկարահայութեան հետ կապուած։ 

Ոսկան Մխիթարեան. Պարոն Չափարեան, մեծ խանդավառութեամբ կը սպասէի, որ այդ հարցը ինծի տաք, որովհետեւ նոր զարգացումներ կան այսօր Պուլ- կարիոյ մէջ։ Ժողովուրդը միահամուռ ոտքի ելած է այն անարդարութեան դէմ, որ կը գործուի այսօր Մայր Աթոռի կողմէ իր արբանեակ Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ առաջ- նորդ Տաթեւ արքեպիսկոպոսի ձեռամբ։ 

Դժբախտաբար, գերագոյն հոգեւոր խորհուրդ, որ եր- բեք պէտք չէ նկատել օրինական կառոյց, որովհետեւ ազգային եկեղեցական ժողովով ընտրուած խորհուրդ մը չէ, այլ Գարեգին կաթողիկոսի թելադրութեամբ եւ հրա- հանգով մէջտեղ եկած մանկլաւիկներ են, ժողովի որ- պէս արդիւնք յայտարարեցին, որ Արմէն քահանայ Մելգոնեան մտիկ չըներ տեղւոյն առաջնորդը, եւ իրեն տրուած հրահանգներուն չհնազանդելու համար զինք կարգազուրկ կը հռչակենք։ 

Նախ հարց մը տանք, որ գերագոյն խորհուրդ ըսո- ւածը ո՞վ է, որ այդ ինքզինքին իրաւունք կու տայ։ Կար- գապահութեան մասին խօսողը նախ ինքը օրէնքը կը յարգէ։ Այս մարդիկը երբեք չեն յարգած, որովհետեւ Գա- րեգին կաթողիկոս բռնակալ մըն է, ուրիշ ոչինչ։ Եւ իր այդ բռնակալութեամբ կրնայ կոր պարտադրել այդ միւս մանկլաւիկներուն, որ որոշում առնեն այնպիսի ազնիւ հոգեւորականի մը դէմ, որ այսօր 30 տարիէ աւելի կը ծա- ռայէ ձրի, սիրելիներ, ձրի։ Մատի վրայ կը համրուին այսպիսի արժանաւոր եկեղեցականներ։ Բայց դժբախ- տաբար կարծեցին, որ իրենց կեղծ ու պատիր հրա- հանգով կրնան յուսահատեցնել պուլկարահայ գաղու- թը։ Ոչ սիրելիներ։ Ընդհակառակը։ Այսօր ամբողջութե- ամբ ոտքի ելած է պուլկարահայ գաղութը եւ կ҆ուզէ ինքզինք հեռացնել այս ամբարտաւաններէ, այս բռնա- կալներէն, որովհետեւ խորապէս կը հաւատան, որ եկե- ղեցին հոգեւոր առաքելութեան կեդրոն է եւ ոչ բռնա- տիրութեան կեդրոն։ 

Այսօր Մայր Աթոռը իր արբանեակներով մոռցած է հոգեւոր սնունդ ջամբել իր ժողովուրդին։ Պուլկարիան վերջին օրինակն է, սիրելիներ։ Տակաւին մի քանի տա- րի առաջ Նիսի մէջ, Ֆրանսա, նոյն պատմութիւնը ստեղծո- ւեցաւ։ Եւ Գարեգին կաթողիկոս նոյնիսկ համարձա- կութիւնը ունեցաւ դատարանի միջոցաւ յայտարարել, որ Նիսի եկեղեցին առաքելական եկեղեցի չէ։ Այս ինչ խայտառակութիւն է, վեհափառ։ Երեւի դուք ձեր արարք- ներուն հետեւանքներուն մասին գաղափար չունիք։ Ձեր ըրածը սրբապղծութիւն է։ Եւ առիթ կու տաք նաեւ որ ձեր այդ մանկլաւիկները նոյնպէս հետեւին ձեզի։ Եւ պատ- ճառ կը դառնաք, որ հայ եկեղեցին ոչ թէ դէպի անդունդ գլտորուի, արդէն ճահիճի մէջ է, ինչպէ՞ս պիտի հանենք այս ճահիճէն հայ եկեղեցին, երբ որ օր ցերեկով կը պատժէք արժանաւոր եկեղեցականներ, ըլլաք դուք, ըլ- լայ Արամ կաթողիկոս։ Նոյն ձեւով։ Բռնակալ դարձեր էք։ Ո՞ւր է ձեր հոգեւոր հայրութիւնը, ո՞ւր է ձեր հոգեւոր առաքելութիւնը։ 

Կը լսեմ, կը շփուիմ ես երկու կողմէ միաբաններուն հետ։ Բոլորն ալ բողոք ունին ձեզի դէմ, որովհետեւ բռնա- կալ էք։ Կը կարծէք որ դուք օրէնքէն վեր էք։ Անանկ բան գոյութիւն չունի, սիրելիներ։ Հայ եկեղեցին կանոնագրու- թիւն ունի, ազգային սահմանադրութիւն ունի։ Իւրաքան- չիւր թեմ իր կանոնագրութիւնը ունի։ Ձեր կամքը չէք կրնար պարտադրել բոլորին վրայ։ 

Ի՞նչ ըսել է Գարեգին կաթողիկոս Էջմիածնի մէջ նստած, Լոս Անճելըսի մէջ կամ այլուր, Պուլկարիայի համ- եստ ծուխի մը քահանան ինքը պիտի որոշէ։ Դուք իրա- ւունք չունիք վեհափառ առնելու, խլելու այդ իրաւունքը, որ ժողովուրդը ունի։ Ժողովուրդը իրաւունք ունի իր հո- գեւոր հովիւը ընտրելու։ Դուք չէ որ պիտի որոշէք։ Առաջ- նորդներու ձեռքէն առած էք եւ այս մանկլաւիկ առաջնորդներէն տակաւին մէկը չլսեցի, որ բողոքէ, ըսելով, որ ես 40, 30 տարուայ եպիսկոպոս, արքեպիսկոպոսս, թեմի առաջնորդ, իրաւունք ունիմ իմ քահանաս ընտրելու, որտեւ արժանիք մը կը տեսնեմ ես այդ անձի կողմէ։ Դուք Մայր Աթոռի մէջ նստած չէք կրնար որոշել եւ պարտադրել, թէ ով ուր պիտի քահանայ գործէ։ Անոր հետեւանքն է այս բոլոր կարգազրկումները։ Այսօր 100է աւելի եկեղեցականներ որոնց մեծ մասը արժանաւորներ են, զրկուած են հոգեւոր առաքելութենէն։ Անոնց զրկելով, կը զրկէք ժողովուրդը, որովհետեւ ժողովուրդը պապակ մը ունի, հոգեւոր պապակ մը ունի։ Այդ արժանաւորները պիտի գային, լիացնէին այդ պապակը։ Բայց դուք անար- ժանաբար այդ աթոռին վրայ նստած, ձախ, աջ սուր կը ճօճէք եւ կը հեռացնէք այդ անմեղ, արժանաւոր պատրաստուած եկեղեցականները եւ ասոնց վերջին զոհն է Տէր Արմէն քհնյ. Մելգոնեանը։ 

Վեհափառ Հայր, ձեր յայտարարութիւնը ամերիկեան 5 սենթ ալ չարժեր, չըսելու համար 1 սենթ ալ չարժեր, որովհետեւ ժողովուրդը ընդունած է եւ այսօր կը շարունակէ ընդունիլ եւ խուռներամ կը լեցնէ Վառնայի եկեղեցին, հոն ուր Տէր Արմէն կը պատարագէ։ Սա կը նշանակէ, որ ժողովուրդը այլեւս ձեզի կարեւորութիւն չի տար, որովհետեւ տեսած է, որ դուք հոգեւոր հայր չէք, հոգեւոր եղբայր չէք, դուք վաճառական էք, դուք մամոնայի սպասարկուներ էք, ուրիշ բան մը չէք, ձեզի համար ինչքն է, դրամն է, կալուածն է, մոմ ծախող եկեղեցականներ դարձած էք դուք։ Եւ այս բոլորէն ետք կ҆ակնկալէք որ այս ժողովուրդը ձեզի հանդէպ յարգանք ունենայ։ Ո՛չ, վեհափառ հայր, այս ժողովուրդը ունի միայն յարգանք, երբ կը տեսնէ գործնականապէս, ոչ թէ շրթնային ծառայութիւն, գործնականապէս կը տեսնէ, որ քահանան իր կողքին է եւ ամէն րոպէ պատրաստ է ծառայելու իր ժողովուրդին, որովհետեւ խորապէս կը հաւատայ իր առաքելութեան։ Ատոր համար ծունկի եկած է խորանին վրայ, որովհետեւ պատրաստ էր ծառայելու իր ժողովուրդին։ Բայց դուք վեհափառ մտրակով հեռացուցիք այս արժանաւորները։ Այսօր 100է աւելի կան անոնք։ Նոյնը կ҆ընէ Արամ կաթողիկոս։ Երէկ ինծի ցանկ մը ղրկուեցաւ կիլիկեան միաբանի մը կողմէ։ 20 հոգիէ աւելի հեռացուած են կամ հեռացած են։ Արամ կաթողիկոս, ո՞ւր կ҆երթաք։ Մեր օրերուն այդպիսի բան մը չկար։ Մենք Խորէն կաթողիկոսի օրով, Զարեհ կաթողիկոսի օրով, լոյս իջնէ գերեզմանին, մենք ասանկ բաներ չէինք լսած։ Սուր կը ճօճէք ձախ եւ աջ, մեղք չե՞ն այս երիտասարդներուն։ Մեղք է նաեւ մեր ժողովուրդին, որի բերնէն կտրած, Մայր Աթոռը եւ կամ Կիլիկիոյ Աթոռը կը պահէ ու կը պահ- պանէ։ Յանուն ապագայի, ի վերջոյ, այս երիտասարդութիւնը եկեղեցւոյ ճամբով իր ժողովուրդը համախմբուած պիտի պահէ, յանուն հայրենիքին։ 2.5 միլիոնը հոն է, 8 միլիոնը դուրսն է։ Եկեղեցին, ամէն անգամ կ҆ըսենք, այդ զօրաւոր շաղախող ուժը, որ կրնայ համախմբել իր ժողովուրդը։ Բայց ատիկա կրնայ ընել միայն, երբ արժանաւորներ աթոռներու վրայ նստած են։ Եւ այս բոլորը պիտի կատարուի յանուն հայրենիքի։ 

Փոքրիկ հայրենիք մը ունինք, պիտի փրկենք եւ անոր զօրաւիգ պիտի կանգնի եկեղեցին։ Այս առիթով նաեւ կ҆ուզեմ յիշեցնել ձեզի, Գարեգին կա- թողիկոս։ Ի՞նչ էր ձեր կատարած ծառայութիւնը, որ տակաւին անցեալ տարի նախագահ Փութին ձեզ պարգեւատրեց շքանշանով, այսօր Կիրիլ պատրի- արքը ձեզի շքանշան կը ղրկէ։ Ձեր չեմ ուզեր ըսել ո՞ր արժանիքին համար, պիտի ուզէի ըսել, ձեր ո՞ր ծառայութեան համար։ Հոգեւո՞ր ծառայութիւն, թէ քաղաքական ծառայութիւն էր ատիկա։ Այս նոյն Կիրիլ պատրիարքը ոչինչ ըսաւ այն օրերուն, երբ մեր ժողովուրդը հայրենազրկուեցաւ եւ արտաքսուեցաւ իր դարաւոր հողերէն՝ Արցախէն։ Ոչինչ խօսեցաւ Կիրիլ պատրիարքը։ Դուք ալ ոչինչ ըսիք, երբ Պաքուի մէջ Ալիեւ նախագահ Փութինին ներկայութեան եւ տեղւոյն արքեպիսկոպոսի ներկայութեան ըսաւ, որ Բարթողիմէոս առա- քեալը հայերուն չի պատկանիր։ Մենք մեր լուսաւորիչներուն տէր չենք կրնար կանգնիլ։ Ինչպէ՞ս ես չտամ այդ հարցադրումը ձեզի, վեհափառ, ձեր ո՞ր ծ առայութեան համար տուաւ Կիրիլ պատրիարքը այդ շքանշանը։ Դուք շքանշան պիտի սպասէք նախ Տիրոջմէ, որուն ծառայելու համար եկած էք դաշտ։ Եթէ չէք հաւատար, ձեր մեծագոյն արժանիքներուն համար իր գնահատականը պիտի տայ ժողովուրդը։ Եւ եկած է տեղ մը, որ ժողովուրդը ամբողջութեամբ կորսնցուցած է հաւատքը ոչ միայն եկեղեցւոյ նկատմամբ, որ մեզի ցաւ կը պատճառէ, այլ ձեր նմաններուն նկատմամբ, որոնք պէտք է հեռանան եկեղեցիէն, երթան ապաշխարհութեան եւ թողնեն դաշտը արժա- նաւորներուն։ Հասած է ժամանակը։ Բոլոր անոնք, որոնք տակաւին կը կարծեն, որ աղօթատունը վաճառատուն է, լաւ կ҆ըլլայ որ կամովին հեռանան, որովհետեւ ժողովուրդը տեղ մը պիտի գայ, պիտի չկարենայ իր ջիղերը զսպել, եւ ձեզ ֆիզիքապէս դուրս պիտի դնէ այդ վայրերէն, որ դուք կը կարծէք ձեր սեփականութիւնն է։ 

Դուք հայ ժողովուրդի սրբութիւնը սրբապղծեցիք։ Ոչ միայն ձեր խօսքե- րով, այլ նաեւ ձեր գործունէութեամբ։ Ժամանակը հասած է, որ դուք վերա- տեսութեան ենթարկէք դուք զձեզ։ Օրէնքէ բարձր անձ չկայ։ Եկեղեցւոյ կա- նոնագրութիւնը պէտք է յարգուի։ 

Այս առիթով նաեւ կոչ կ҆ուղղեմ բոլոր սփիւռքի մամուլին, որոնք Ամենայն Հայոցին խնկարկելու համար վերջերս նորէն յայտարարութիւն դրած էին, որ գերագոյն ժողովը որոշումներ առաւ, ժողով տեղի ունեցաւ, կարգ մը որո- շումներ, թէեւ յստակ ոչինչ կար այդտեղը։ Ես կը զարմանամ մեր մամուլին։ Խմբագիրներէն շատեր մօտէն կը ճանչնամ։ Պայքարն է, Նոր Օրն է, Մասիսն է, Արարատն է, Զարթօնքն է, բոլորն ալ մօտէն կը ճանչնամ, խմբագիրներուն հետ յաճախ կը խօսիմ։ Երբ կը խօսինք իրարու հետ գլուխ գլխի, տարբեր է ձեր մօտեցումը, բայց ինչո՞ւ կը խնկարկէք, երբ որ գերագոյն հոգեւոր ժողովը, որ այս պարագային անկանոն ժողով մըն է, այդ մասին կ҆անդրադառնաք ձեր մամուլին մէջ։ Ինքնախաբէութիւն է սիրելիներ։ Ինքնախաբէութիւն է, որովհետեւ այդ ժողովը կանոնական ժողով չէ, եւ դուք գիտէք ատիկա։ Չեմ կրնար ըսել, որ տգէտ էք դուք, ոչ, ընդհակառակը, քաւ լիցի։ Գիտակից էք։ Բայց գիտակցաբար այս մէկը կ҆ընէք, ինքնախաբէութենէ ելլելով, թէ կ҆ակնկալէք որ օր մը որ Էջմիածին երթաք, ձեր ալ կուրծքին շքանշան մը դնեն։ Չի կարելի։ Այս ժողովը կանոնական ոչ մէկ իրաւունք ունի, որովհետեւ ազգային եկեղեցական ժողովով վաւերացուած գերագոյն հոգեւոր խոր- հուրդ մը չէ։ Գարեգին կաթողիկոս այս աթոռը բռնազաւթելէ ի վեր քա- նիերորդ փոփոխութիւնն է, որ կ҆ընէ։ Կանոնագրութիւն կը փոխէ, առանց ազգային եկեղեցական ժողովի։ Նոյն ձեւով բռնակալական տիրութեամբ կը փորձէ թեմերուն կանոնագրութիւնները փոխել։ Ձախողեցաւ Ամերիկայի արեւելեան եզերքի կանոնագրութիւնը փոխել, որտեւ ամերիկահայեր շատ աւելի խորապէս կը հաւատան օրէնքի գերակայութեան, քան բռնակալի մը կատարած փոփոխութիւններուն։ 

Չի կարելի, վեհափառ, ձախ, աջ կը մտրակէք։ Կարելի չէ։ Եկեղեցին կանո- նագրութիւն ունի, պիտի յարգէք այդ կանոնագրութիւնը։ Եթէ չյարգէք, ոչ ոք ձեզ պիտի յարգէ։ Պիտի գայ ժամը, այս ժողովուրդը չի մոռնար։ Պարապ տեղ չէ որ հայկական առածը կ҆ըսէ. Երբ որ ժողովուրդը ոտքի ելլէ, թագաւորներ վար կ҆իջեցնէ։ Ալ ուր մնաց Ամենայն Հայոց հայրապետը։ Ժամանակը հասած է, որ ինքնամաքրման երթաք։ Ապաշխարհութեան երթաք։ Փրկենք այս եկե- ղեցին, որովհետեւ եկեղեցին, քիչ առաջ ինչպէս պարոն Չափարեանը ըսաւ, մեր երկիրը բաւական վերիվայրումներ կ҆ապրի, դուք ողնասիւներէն մէկն էք հայրենի երկրի, ընդհակառակը, կը փորձէք տապար զարնել, որպէսզի աւելի խորտակի։ Ո՞ւր է ձեր հայրութիւնը։ Չի կարելի։ Չենք կրնար ընդունիլ ձեր այս վարքը։ Պուլկարիոյ գաղութը իրաւունք չունիք փոթորկելու, որովհետեւ մինչեւ հիմա ձախողած էք։ Եկեղեցական չղրկեցիք այդտեղը։ Մի քանի հատ գող աւազակ ղրկեցիք, որոնք կողոպտեցին երկիրը եւ հեռացան։ Ահագին շրջաբերականներ ելած են այս մասին։ Եւ այսօր կը փորձէք թեմականի ատենապետին կտցահարել, որ Սոֆիայի մայր եկեղեցւոյ մեծագոյն բարե- րարն է եւ երկար տարիներէ ի վեր կը ծառայէ եկեղեցւոյ։ Չեմ զարմանար վա- ղը ելլէք, յիմար յայտարարութիւն մը ընէք, որ քեզ առաքելականէն կը զրկեմ։ 

Վեհափառ Հայրապետ, դուք խորհուրդներու չէք հաւատար։ Չի կարելի ձեռնադրուած եկեղեցականի մը ըսել, որ այսուհետեւ դուն եկեղեցական չես։ Անանկ բան գոյութիւն չունի։ Միայն կրնաք ապաշխարհութեան ղրկել զինքը։ Կարելի՞ է անձի մը ըսել, որ դուն այսուհետեւ մկրտուած չես։ Եթէ այս բոլորը կ҆ընէք, կը նշանակէ որ դուք ոչ եկեղեցւոյ հանդէպ հաւատք ունիք, ոչ օրէնքի հանդէպ հաւատք ունիք, ոչ ալ Աստուծոյ հանդէպ դուք հաւատք ունիք։ Ապա թէ ոչ, այս բոլորը դուք պիտի չընէիք։ Ժամանակը հասած է։ Թոյլ տուէք, որ այս ժողովուրդը, ինչպէս դարերու ընթացքին տէր կանգնած է իր եկեղեցւոյ, այսուհետեւ վճռած է տէր կանգնիլ։ Բոլոր անոնք որոնք պիտի խոչընդոտեն, պիտի հեռացուին եկեղեցիէն։ 

Աբօ Չա փարեա ն. Շնորհակալութիւն, պարոն Մխիթարեան։ Սիրելի ազ- գակիցներ, ի հայրենիք եւ ի սփիւռս աշխարհի, ինչպէս կը տեսնէք, հայ ժողովուրդը զարթօնք կ҆ապրի, ինքնամաքրման գործընթացը կը շարունակուի աւելի ուժեղ թափով, որպէսզի մենք հասնինք մեր ազգի ազգային իղձերու իրագործման, մեծ երազանքի իրագործման, ի կատար ածելու հզօր Հա- յաստան, այո, հզօր Հայաստան, ի երջանկութիւն հայասէրներուն, ի դժբախ- տութիւն հակահայերուն։ 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *