Ատրպէյճանցիներու դիրքերով շրջապատուած Խնածախի մէջ գիշերային կրակոցները արդէն 7րդ օրը ըլլալով չեն դադրիր: Գիւղին մէջ գրեթէ բոլորը լաւ գիտեն՝ անոնք կը սկսին երեկոյեան ճիշդ ժամը 10:20ին, կ՛աւարտին լուսադէմին՝ 4:20ին: 

Անհանգիստ 7րդ գիշերը, ըստ գիւղացիներուն, տարբեր էր նախորդ- ներէն, որովհետեւ կրակոցները նուազ էին: Սակայն, Խնածախցի Մանու- շակ Սողոմոնեան ըսաւ, որ մանուկները կրակոցներէն կը սարսափին: «Եթէ չկանգնուեցի, չգիտեմ… երեխաների համար ենք աւելի շատ անհանգստա- նում, որ վախենում են: Դպրոցի 3րդ յարկից 50, թէ 100 մետր երեւում է թշնամու դիրքը», յայտնեց ան: 

Գիւղացիները կ՛ըսեն, թէ ամէն վայրկեան կրնան թիրախ դառնալ ատրպէյճանցիներու կրակոցներուն: 

Սակայն, իշխանութիւնը, նաեւ պաշտպանութեան նախարարը կը շեշ- տեն, թէ կրակոցները Հայաստանի տարածքը թիրախ չեն դարձներ: 

Պաշտպանութեան նախկին նախարար, «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան այս մասին խօսելով ըսաւ, որ ատրպէյճանցիներու դիրքերէն կրակոցները եւ Պաքուի մեղադրանքերը, թէ հայկական կողմը իր դիրքերը թիրախ դարձուցած է, տեղեկատուական պատերազմին մաս են: Ըստ անոր՝ Պաքու այդպէս կը փորձէ վախցնել ժողովուրդը, իշխանութեան պարտադրելով կատարել իր պահանջները: 

«Ինչպիսի կրակոցներ էլ որ կան, այդ կրակոցների մասին տեղեկութիւններ պէտք է լինեն», ըսաւ ան՝ շարունակելով. «Դրանք ուղղուած են ե՛ւ ՀՀ մեր ժողովրդի վրայ հոգեբանական ճնշումներ իրականացնելուն, ե՛ւ ուղղուած են ՀՀ իշխանութիւններին, որ արագացրէք այն մեր պահանջները, որ մենք բացի խաղաղութեան պայմանագրից, ներկայացնում ենք ձեզ, որ այդ խաղա- ղութեան պայմանագիրը ստորագրենք: Բայց, քաջ ծանօթ լինելով Ադրբե- ջանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան հոգեբանութեանը՝ իրենք փորձելու են մաքսիմալ (առաւելագոյնը) կորզել եւ չեն գնալու խաղաղութեան գործընթացի»: 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *