Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչե- րեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական Ժողովը, Ազգային վարչութիւնն ու Ազգ. Առաջնորդարանի անձնակազմը խոր ցաւով կը գուժեն Տոքթ. Սահակ Արսլանեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 5 Ապրիլ 2025-ին: 

Հանգուցեալը քանի մը շրջան եղած է Ազգային վարչութեան անդամ, ինչպէս նաեւ Ազգային Ընդհանուր Ժողովի պատգամաւոր: Ազգային վար- չութեան իբրեւ անդամ իր ծառայութեան տարիներուն ձեռնարկուած՝ հա- յերէն լեզուի ու պատմութեան դասագիրքերու հրատարակութեան աշխա- տանքին մէջ ունեցած է մեծ ներդրում: 

Տոքթ. Արսլանեանի մահուան տխուր առիթով, ցաւակցութիւն կը յայտ- նենք հանգուցեալի տիկնոջ՝ Ռիթային, զաւկին Յակոբին, դուստրերուն՝ Նա- յիրի Արսլանեան Նազարեանին եւ Լոռի Արսլանեան Սարգիսեանին, անոնց կողակիցներուն, հանգուցեալի թոռներուն եւ համայն ընտանեկան պարա- գաներուն, հարազատներուն ու բարեկամներուն: 

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ, 26 Ապրիլ 2025-ին, կէսօրուան ժամը 12-ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերե- զմանատան Old North Church մատրան մէջ (Կարմիր եկեղեցի), ապա թաղումը նոյն գերեզմանատունը: 

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։ 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *