2020-ի 44 օրեայ պատերազմէն աւելի քան երկու ամիս առաջ՝ 17 Յուլիս, 2020-ին այս գրողին կէղմէ հեղինակուած յօդուածին մէջ բարձրացուած առաջադրանքներու ցանկը մինչ այսօր կը շարունակէ այժմէական մնալ: Սակայն այդ ցանկին մէջ շեշտ չէր դրուած Հայաստանի ռազմական հզօրացման Սփիւռքի մասնակցութեան վրայ: Որովհետեւ շատերս այն համոզմունքը ունէինք որ իրօք հայկական բանակը լաւ ձեռքերու մէջ է: 

Սակայն 44 օրեան ջուրի երես բերաւ այն փաստը որ ամբողջ աշխարհիկ հայութիւնը կենսական դերակատարութիւն ունի հայկական Բանակի հզօրացման գործընթացին մէջ: Ի հարկէ բազմաթիւ այլ խնդիրներ ալ բացայայտուեցան 44 օրեայէն ետք: Այս պահին ամենահրատապ խնդիրը հայկական Բանակի առագընթաց հզօրացումն է: 

Աշխարհաքաղաքական այն բոլոր թաքուն եւ յայտնի զարգացումները որոնք գոյութիւն ունէին Սեպտ. 27, 2020-էն առաջ կը շարունակեն առկայ ըլլալ մինչեւ այսօր: 

Աշխարհի Հայութիւնը Ի՞նչ պէտք է ընէ որ այսօրուան Հայկական Պետութիւնը չջնջուի աշխարհիկ քարտեսէն 

Սեպտ. 27, 2020-էն առաջ, Ուրքիոյ Նախագահ Էրտօղանն ու Ատրպէյճանի բռնապետ Ալիեւը մեծ ինքնավստահութեամբ յայտարարեցին թէ հայերու դէմ Երկրորդ եւ վերջին ցեղասպանութիւնը պիտի գործադրեն: Արցախի մէջ, շնորհիւ ղարաբաղեան մաֆիային դաւաճանութեամբ եւ ռուսական հակահայ դաւադրութեամբ եւ մեղսակցութեամբ ղեցասպան երրեակը՝ Ռուսական Դաշնութիւնը, Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան կարողացան իրենց նպատակին հասնիլ 19 Սեպտ. 2023-ին: 

Ներկայիս, ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԴԱՇՆՈՒԹԵԱՆ, ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՂՄԷ՝ ՀԱՅԵՐՈՒ ԴԷՄ ԴԱՒՒՈՂ ԵՐՐՈՐԴ ԵՒ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՆԽԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՐԿԱՒՈՐ Է, ՈՐ ԱՇԽԱՀԻ ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԻՐԵՆՑ ԸՆԿԵՐՆԵՐԸ ՀԶՕՐԱՑՆԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ։ 

Երկար տասնամեակներ Հայաստանի պաշտպանական բյուջէի չարաշահման կոռուպցիոն բոլշևիկ-օսմանական մշակոյթի վերացումով՝ այժմ հայկական բանակի զինւորները խնամուած են։ Ողջունելի են արագընթաց բարեփոխումները։ Կեցցեն այն բոլոր անձնաւորութիւնները որոնք կ՛աջակցին Հայկական Բանակին զայն նկատելով Հայաստանի պաշտպանութեան և գոյատևման միակ երաշխաւորը։ 

Բազմաթիւ տեսաբաններ կը պնդեն որ բանակի կողքին պէտք է ամբողջ հասարակութիւնը դառնայ մարտունակ եւ Հայաստանը վերածուի Ամրոց-Պետութեան որպէսզի իր արիւնարբու թշնամիները հազար անգամ խորհին նախքան նախայարձակ ըլլալը: 

Անցնող 35 տարիներուն, իրերայաջորդ պետական վարչակազմերը անտեսած են հայկական պետութեան համար կենսական կարեւորութիւն ունեցող՝ Սփիւռքի լիակատար ընդգրկումը Հայաստանէն ներս: Այս խոշոր սխալը հարկաւոր է ուղղել: Հայրենի ժողովուրդը խոշոր մեծամասնութեամբ արդեն սկսած է գիտակցիլ Սփիւռքի հետ ինտեգրացման կենսականութիւնը: ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄՇՏՆՉԵՆԱԿԱՆ, ԻՍԿԱԿԱՆ ԵՒ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԴԱՇՆԱԿԻՑԸ՝ՀԶՕՐ ՍՓԻՒՌՔՆ Է: 

Լաւ լուրը այն է, որ արտերկրի հայութիւնն ալ իր հերթին սկսած է առաւել արագացնել հայրենադարձութիւնը: Ըստ ՀՀ Ներքին գործերու նախարար Արփինէ Սարգսեանի վերջին երեք տարուայ ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու դիմումներու թիւը էականօրէն աճած է։ ՙՙՀայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու դիմումների աճ ունենք, որը վերջին երեք տարիների կտրուածքով, կարելի է ասել, եռապատկուել է՝ տարեկան կտրուածքով անցնելով 20 հազարը։ Սա բաւականին դրական ցուցանիշ է»,- մանրամասնած է ան։ 

Արդեո՞ք սփիւռքահայութիւնը կը կարողնայ յառաջիկայ իւրաքանչիւր տարին քառապատկէ հայրենադարձութեան ներհոսքը: Հայաստանը ազգագրական պատերազմի մէջ է: Հայաստանի բնակչութիւնը հարկաւոր է մօտ ապագային հասցնել չորս, հինգ վեց միլիոնի: Իսկ Հայաստանի հարաւային դարպաս՝ Սիւնիքի շրջանի մէջ՝ առնուազն կես միլիոնի: 

Իսկ 17 Յուլիս, 2020-ին հրապարակուած յօդուածին մէջ ներկայացուած ցանկը կը շարունակէ ըլլալ այժմէական: Այդ ցանկը – Հայաստանի համար 10 ամենակարեւոր ընելիքները – կազմուած է բազմաթիւ մտահոգ սփիւռքահայերու հետ շարք մը խօսակցութիւններու եւ խորհրդատւութիւններու հաւաքագրումով: Այդ ցանկին վերստին ծանօթանալաու համար կարդալ ստորեւ՝ 17 Յուլիս, 2020-ին հրապարակուած յօդուածը: 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *