Ստորեւ կը ներկայացնենք 2025 թուականի 2 Մայիսի USA ARMENIAN LIFE հեռուստատեային հաղորդաշարին արտագրուած «թեքսթ»ը՝ «Պողպատէ մանդատի գործադրում ԲՈԼՈՐ թալանչիներուն՝ ռոբ-սերժ-գարեգին բռնագանձում ԴԱՒԱՃԱՆՆԵՐՈՒՆ՝ ԱԶԱՏԱԶՐԿՈՒՄ»։
Բացայայտումներ՝ հետազօտող լրագրողներ՝ Աբօ Չափարեանի եւ Ոսկան Մխիթարեանի կողմէ:
Եթէ կը ցանկաք ստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումը էլեկտրոնային փոստով, կը խնդրենք ե-նամակ ուղարկել usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէին կամ հեռաձայնել 818-241-5777 եւ փոխացեցէ՛ք Ձեր անունը, ազգանունը, հեռախօսի թիւը եւ ելեկտրոնային հասցէն:
Իսկ եթէ կը փափաքիք բաժանորդագրուիլ հայալեզու ԱՄՆ ՀԱՅ
ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ USA ARMENIAN LIFE-ի տպագիր տարբերակին՝ ամեն շաբաթ ԱՄՆ փոստով ստանալու համար, փոխանցեցէ՛ք Ձեր տան, գրասենեակի կամ փոստարկղի հասցէն:
YouTube-ի մէջ դիտելու համար օգտագործեցէ՛ք հետեւեալ յղումը՝
https://youtu.be/yj5osI2JYyY?si=xW5QvF4JXt4rr037

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Բարի երեկոյ, սիրելի հեռուստադիտողներ։ Ըստ երեւոյթին Հայաստանի 5րդ շարասիւնը կը շարունակէ չարաշահել Ապրիլ 24ը եւ նաեւ կը շարունակէ ապակայունացնել Հայկական Հանրապետութիւնը, ինչպէս որ 100 տարի առաջ, հայ աքթիվիսթներ, սրտացաւօրէն կ҆ըսէին թուրքը կը փորձէ Հայաստանը ներսէն տրաքացնել։ Բայց հիմա, այսօրերուն թուրքի կողքին աւելցած է Ռուսական Դաշնութիւնը եւ, դժբախտաբար, Ռուսական Դաշնութեան այսօրուայ մենատէրը՝ Փութինը իր շուրջը հաւաքած է
բոլոր քաղաքական զիպիլանոցի տարրերը Հայաստանի մէջ։ Եւ սփիւռքի տարածքին պարոն Փութինի ռէյթինկը 2020 թիւի 44օրեայէն ետքը բաւականին տուժեց, սակայն յանձինս Ռոբերթ Քոչարեանին, Սերժ Սարգիսե-անին, Գարեգին Բին եւ Կիւմրիի մէջ պոլշեւիկ Վարդան Ղուկասեանի վերայայտնութիւնը, որ բաւականին հետաքրքիր անցեալ ունի եւ ընդհանրապէս նախկին ռիժիմականները ժխտական անցեալ ունին, եւ պէտք է ըսել, որ սփիւռքի մէջ եւ յատկապէս Ամերիկայի մէջ նախկին ռեժիմականները, ռոբո-սերժականները եւ պոլշեւիկ դաշնակները, այո, պոլշեւիկ դաշնակները ի հակա-պատկեր արտերկրի դաշնակցականներուն։
Արտերկրի մէջ առողջ մտածող դաշնակցականներ կան, ի հարկէ արտերկրի մէջ կան նաեւ սոռոսական դաշնակցականներ, որոնք ոչ մէկ ձեւ հայրենասիրութեան արտայայտութիւնը իրականացնելու ընդունակ չեն, այդ ալ ուրիշ
մէկ ինչպէս որ մեծ մայրս կ҆ըսէր՝ «պէլա» մը Հայաստանի գլխուն։ Բայց ամենամեծ վտանգը այսօր կը սպառնայ ներքին 5րդ շարասիւնի առկայութեան պատճառով։ Եւ այս ներքին 5րդ շարասեան անդամները, ինչպէս որ կը
յիշէք Փետրուարի վերջերը, երբ որ նախագահ Թրամփը սիլիպիլիի նախանշաններ, կեղծ նախանշաններ սկսաւ ցոյց տալ, արդէն իրենք սկսան հրավառութեան եւ յանկարծ ընդյատակէն Ռոբերթ Քոչարեանը վերստին յայտնուեցաւ, հրապարակ ելաւ եւ սկսաւ ուրախուրախ մամլոյ ասուլիսներ տալ, եւ ըսելով որ մենք արդէն վերադարձի ճանապարհը բաց է մեզի համար եւ արդէն այն ժամանակ, շատերս կը յիշենք, թէ ինչպիսի փաստերով ձեր խոնարհ ծառան ներկայացաւ եւ կանխազգուշացուց Հայաստանի 5րդ շարասեան, թէ ինչպէս իրենց ախորժակին քացախ կը հրամցուի եւ յետագային պարզուեցաւ այդ բոլոր ոչ թէ կանխազգուշացումները, որ ես չկատարեցի, այլ ընդհակառակը ես վերլուծական ներկայացուցի եւ այդ վերլուծու-թիւնը որ ես ներկայացուցած էի, փաստերու վրայ է եւ ժամանակը եկաւ հաստատելու եւ վերահաստատելու այդ վերլուծումի գլխաւոր կէտերը եւ մենք արդէն հիմա, այսօրերուն իրազեկուած ենք։
Անոնք ովքեր մօտէն կը հետեւին Ռուսական Դաշնութեան յարձակումին եւ այդ զարգացումներուն Ուքրանիայի մէջ, արդէն քանի մը ժամ առաջ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի աշխարհաքաղաքական տեսաբանները եւ վերլուծաբանները հաստատեցին եւ վերահաստատեցին, որ Ռուսիան ամէն օր աւազախրումի մէջ է։ Հիմա արդէն աւելի քան 1.5 միլիոն զոհ տուած է եւ ջախջախիչ պարտութիւններու շարանի մը սկսած է եւ ինչպէս որ վերջին ժամերու ընթացքին իրազեկուեցանք, նախագահ Փութինը առաջարկած է եռօրեայ զինադադար։ Եւ անշուշտ ոչ մէկը հաւաքական արեւմուտքի մէջ հաւատք կ҆ընծայէ պարոն Փութինի զինադադարին։
Իսկ ինչ կը վերաբերի Հայաստանի 5րդ շարասեան վարուելակերպին, պէտք է ըսել, որ պարոն Փութինի ռէյթինկը որ արդէն 44օրեայի առթիւ կա-տարած դաւաճանութեան առթիւ, իր ռէյթինկը որ ահագին ինկած էր, հիմա վերջին օրերուն առաւել ռէյթինկը ինկած է եւ ոչ թէ զէրօ է, այլ ժխտական է։ Եւ այդ ժխտական ռէյթինկին իրենց չակերտեալ ներդրումը կը կատարեն հին գողապետականները, յանձինս Ռոպերթ Քոչարեանին, Սերժ Սարգիսեանին, Գարեգին Բին եւ Հայաստանի պոլշեւիկ դաշնակներուն, որոնք երէկ ՀՀՇական էին, մէկ գիշերուան մէջ, յաջորդ առաւօտ արթնցան եւ եղան դաշնակցական, հիմա անոնք ներ-խուժած են Հայաստանի Դաշնակցական կառոյցէն ներս եւ կը տեսնենք ինչպիսի սխալ ճանապարհներով առաջ կ҆երթան։
Պէտք է ըսել որ ես կը խոնարհիմ, գնահատական խօսք ունիմ բազմաթիւ քաջարի արցախցի հրապարակախօսներու առթիւ, որոնք քաջաբար եւ ազնուամտօ-րէն կը բարձրաձայնեն այն փաստերը, թէ ինչպէս հին ռեժիմականները, որ նաեւ կը կոչուին ղարաբաղեան կլան, այսինքն ղարաբաղեան մաֆիա, ինչպիսի սրի-կայութիւններ իրականացուցած են, գործադրած են
44օրեայ պատերազմի ընթացքին, Արցախի մէջ եւ ինչպէս որ պարոն Գագիկ Սաֆարեանը բազմիցս բարձրա-ձայնած է, ինչպէս նաեւ Ռոման Պաղտասարեանը եւ ուրիշներ, ինչպիսի սրիկայութիւններ եւ դաւաճանական աքթեր գործած են, որ ամէն կերպ օգտակար ըլլան Ռուսաստանին եւ նաեւ Ատրպէյճանին, որ արհեստական ձեւով հայկական պաշտպանութիւնը ձախողեցնեն եւ ապահովեցնեն Ատրպէյճանի յաղթանակը։
Շուշիի անկումը նոյն պատմութիւնը կը յիշեցնէ, անոնք ովքեր պատմութեան մօտէն հետեւած են, Կարսի անկումին առթիւ։ Հիմա նոր մէջտեղ կ҆ելլէ, որ ինչպէս Ռուսական Դաշնութիւնը «Պութլէր»ի, ինչպէս փրոֆեսոր Լեւոն Շիրինեանը բազմիցս անուանած է զինքը Պութլէր, Պութլէրի հրահանգով, ցուցմունքով, թելադրութեամբ սապոթաժ ըրած են հայկական պաշտպանու-թիւնը եւ հետաքրքրականը այն է, որ այսօրուայ օրով մէկ կողմէն Ռուսական Դաշնութիւնը հակառակ է որ
Ուքրանիան ինքնապաշտպանութեան համար զինուի, իսկ Հայաստանի պարագային Պութլէրի ներկայացուցիչները, յանձինս Ռոպերթ Քոչարեանին, եւ ընդհանրապէս 5րդ շարասեան, նաեւ մեղսակցելով Ալիեւին, Պաքուի Ալիեւին, կը բարձրաձայնեն իրենց ընդիմու-թիւնը Հայաստանի ինքնապաշտպանութեան համար զինուածութեան առթիւ։
Միասին դիտենք այս տեսանիւթը եւ շարունակենք մեր զրոյցը։
ԼՐԱԳՐՈՂ (CIVIC.AM). Պարոն Քոչարեանը խօսել է նաեւ Հայաստանի զինուելու, զինամթերք ձեռք բերելու հետ կապուած։ Նրա խօսքից կարելի էր հասկանալ, որ Ֆրանսիայի, Հնդկաստանի հետ բոլոր պայմանագրերը եւ այլն առ ոչինչ են, մինչդեռ սկսել էր գովել ռուսական 70-80ականների ՀՕՊը, մէջբերելով թէ Ուքրանիայում ինչ է անում Ռուսաստանի Դաշնութիւնը։
ՅԱՍՄԻԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ, ՀՀ ԱԺ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐ. Դէ, մէկ Ալիեւն է բողոքում մեր այժմեան զինուելուց , մէկ Քոչարեանը։ Եւ սա հէչ պատահական չէ, որտեւ շատ տարբեր ասպեկտներով, հայանպաստ յատկապէս դրուագներով նրանց խօսքը չգիտես ինչու, միանման է լինում։ Եւ զէնքի հետ կապուած եւս Ալիեւն էլ է բողոքում, որ Հայաստանը զինւում է որակեալ զինտեսակով, եւ Քոչարեանն էլ է բողոքում դրանից, գովելով ռուսական զէնքը, ինչը օրինակ Ալիեւը չի անում տարօրինակաբար, բայց բոլորս գիտենք ռուսական զէնքի, առհասարակ սպառազինութեան ձեռք բերման պատմութեան եւ դրա չստացման պատմութեան մասին։
Ինչ վերաբերում է զինտեսակներին եւ զինտեխնիկային, կարեւոր է նշել, որ Հայաստանը զինւում է մի-այն ինքնապաշտպանական նպատակով, չունենալով նպատակ օգտագործել իբրեւ յարձակուելու միջոց, եւ սա կարեւոր է ֆիքսել ամէն անգամ այս թեմայից խօսելու ժամանակ։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Ուրեմն լսեցինք թէ ինչպիսի ճշմարտախօսութեամբ ազգային ժողովի պատգամա-ւորը, քաջարի կերպով կը խօսի այն փաստի մասին, որ քիչ առաջ ակնարկեցինք, եւ հետաքրքրականը այն է, որ երկու պետութիւնները, որոնք ծնեալ իրաւունքը ունին զինուելու, ինքնապաշտպանութեան համար, թիրախ դարձած են նոյն խմբաւորումի կողմէ։
Այդ խմբաւորումը Պաքու եւ Մոսկուայի խմբաւորումն է, որ ամէն կերպ կը պայքարին, որ ոչ Ուքրանիան, ոչ ալ Հայաստանը զինուին։ Եւ որպէս տխուր լուր 5րդ շարասեան մեր ներքին դաւաճաններուն, պէտք է ըսել, որ ի հակառակ իրենց ախորժակին, աշխարհաքաղաքական զարգացումները կ҆երթան այն ուղղութեամբ, որ հաւաքական արեւմուտքը վերջնականապէս վճռած է, որ ամէն կերպ տիքթաթորաները տարածաշրջանին մէջ պիտի վերանան։ Անպայման որ պիտի վերանան։
Եւրոպայի մէջ այսօրուան օրով 2 տիքթաթորա մնացած է, մէկը այսօր այսպէս կոչուած Թուրքիան, միւսը այսօր այսպէս կոչուած Ռուսական Դաշնութիւնը եւ մենք անցեալին ապագայ այսօր այսպէս կոչուած Թուրքիոյ քարտէզը դիտեցինք եւ քարտէս գիտենք ինչպիսի ապագայ կը սպասէ Թուրքիային, իսկ նոյն տիպի ապագայ կը սպասէ, երկուքին ալ քարտէզները հիմա կը դիտենք, յաջորդ քարտէզը Ռուսական Դաշնութեան, այսօր այսպէս կոչուած Ռուսական Դաշնութեան ապագան։ Ուրեմն, հաւաքական արեւմուտքը վճռած է Թրամփով կամ առանց Թրամփի, չմոռնանք որ Ամերիկան այո, ժողովրդավարական պետութիւն է, սակայն ամենա-կարեւորը
Ամերիկան ինստիտուսիոնալ, հիմնարկային պետութիւն է, նախագահները կու գան, կ҆երթան, ինչպէս որ ըսենք Պայտընէն առաջ Թրամփն էր, Թրամփէն առաջ Օպաման էր, Օպաման գնաց, տեղը Պայտընը եկաւ, Պայտընը գնաց, նորէն Թրամփը եկաւ, Թրամփը պիտի երթայ, տեղը պիտի գայ Ճիմ Էնտըրսընը, կապ չունի թէ ով է նախագահը։
Ամերիկայի այն ամէնէն կարեւոր կառոյցը՝ ռազմա քաղաքական շրջանակները ներկայացնող կառոյցը անփոփոխ կը մնայ։ Եւ այն ինչ որ Թրամփի վարչակազմը կը բարձրաձայնէ տարբեր տարբեր ճիւղաւորուած, շերտաւորուած քաղաքականութեան մասին, այդ խօսակցութիւնները բոլորը կարեւոր չէ որ մենք հատ հատ նստինք վերլուծենք։
Առաջադրանք կայ հեռուստադիտողներու կողմէ, որ Հայաստանի հրապարակախօսները շատ ժամանակ չծախսեն Թրամփի վարչակազմի կամ որեւէ այլ
վարչակազմի բարձրաձայնած քաղաքական դիրքաւորման մասին, այլ անընդհատ ժողովուրդին զգուշացնեն, որ այո, միայն ինքնապաշտպանութեամբ կայ Հայաստանի փրկութիւն։ Եւ ատոր օրինակը կրկնօրինակը, որ մենք պէտք է իրականացնենք Գարեգին Նժդեհի կողմէ ստեղծուած ամրոց պետութեան գաղափարախօսութիւնն է։
Շատերս գիտենք որ ինչպէս 1920ին, երբ Պաքուէն եկող սովետական 5րդ
բանակը եւ Անքարայէն եկող քեմալական թրքական բանակը բարձրա-ձայնեցին թէ ինչպէս մենք 3 օրուայ մէջ չայ պիտի խմենք Գորիսի մէջ եւ այդ 3 օրը վերածուեցաւ 3 ամսուայ, 4 ամսուայ, 6-7 ամսուայ, շնորհիւ Գարեգին Նժդեհի եւ ռազմականացած սիւնեցիներուն։
Այստեղ պէտք է մենք իսկապէս խոնարհինք այն մեր սիւնեցի նախահայ-րերուն եւ Գարեգին Նժդեհին առջեւ, թէ ինչպէս իրենք պարտութեան մատնեցին սովետական կարմիր բանակը եւ քեմալական թրքական բանակը եւ վերջաւորութեան Գարեգին Նժդեհ յաջողեցաւ այն ժամանակ նոր սովե-տականացուող, սոցիալիստական Հայաստանի Հանրապետութեան կազմէն ներս ամրագրել Սիւնիքը։
Հիմա մենք ունինք այնպիսի իրավիճակ մը, որ որեւէ ժամանակ կրնայ պայթիլ պատերազմը Պաքիստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ, նոյնպէս եւ կարող է պատերազմը պայթիլ Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ, յաջորդ օրերուն մենք գիտենք որ ինչպէս Նաթանիահուն 5 օրուայ այցելութեամբ Պաքու պիտի գտնուի եւ նաեւ Ամերիկայի մէջ նէօ-պահպանողականները ամէն ինչ կ҆ընեն որ Ամերիկան ուղղակի յարձակի Իրանի վրայ, սակայն ամերիկացի հայրենակիցներ, հայրենասէրներ չեն ուզեր, որ ուղիղ պատերազմ ըլլայ Ամերիկայի եւ Իրանի միջեւ, այլ հիւլէական համաձայնութիւնը կնքուի եւ վերջաւորութեան Իրանը վերամիանայ արեւմուտքին, շղթայ կազմելով Հնդկաստանի հետ եւ նաեւ արեւմուտքին հետ, որպէս պատուար Ռուսական Դաշնութեան եւ Չինաստանին դէմ եւ ասիկա որեւէ կերպ խուսափելի աշխարհաքաղաքական սենար մը չէ։

Գալիք օրերը, ամիսները, տարիները պիտի ցոյց տան թէ ինչպիսի իրավիճակ պիտի ստեղծուի։ Իսկ ինչ կը վերաբերուի ներքին 5րդ շարասեան եւ Գիւմրիի մէջ խայտառակ ռեւանշիզմի առթիւ, մենք պէտք է մենք մեզի քննադատենք։ Ամէնէն կարեւորը պէտք է ինչպէս որ 2021ի արտակարգ ընտրութիւններու ժամանակ պողպատէ մանտաթի մասին խօսուեցաւ, պէտք է այդ պողպատէ մանտաթը գործադրուի, եւ նկար պատճառը որ մենք այսօր գործ ունինք 5րդ շարասեան այս ներքին խայտառակութիւնները առաջ քշելու առթիւ, մենք գործ ունինք անոնց հետ, որովհետեւ բռնագանձման օրէնքը լիակատար կերպով դեռեւս չէ գործադրուած։
Պէտք է ըսել, որ ներկայ Փաշինեանի կառավարութիւնը կարողացածին չափ գործադրած է, բայց պէտք է դատաիրաւական համակարգը ազատուի ռսաստրուկներէ եւ ընդհանրապէս պետական համակարգը ազատուի բոլոր ռսաստրուկներէ, որպէսզի Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ անկախութիւնը եւ պաշտպանութիւնը ամէն կերպ ճիշդ ձեւով գործէ։ Լսենք այս յաջորդ տեսանիւթը եւ յետոյ կ҆անցնինք մեր յաջորդ զրոյցին։
ԼՐԱԳՐՈՂ (CIVIC.AM). Երէկ ինչ որ նախաձեռնութեան շրջանակներում դասախօսների եւ ունկնդիրների հետ հանդիպել է Ռոպերթ Քոչարեանը, մէկ ժամից աւել է տեւել այդ հանդիպումը, ամենատարբեր յայտարա-րութիւններ է արել, բնականաբար մեղադրել է իշխանութիւններին ամենա-տարբեր մեղքերի մէջ եւ նաեւ խօսել համախմբման մասին, որոշ հարցերում հնարաւոր չի տեսել 15-20 հոգանոց դաշինքը, բայց նաեւ նշել է, որ կոնկրետ նպատակի շուրջ, այո, ես տեսնում եմ, որ հնարաւոր է համախմբուել։ Սերժ Սարգսեանի հետ հնարաւո՞ր է իրենք համախմբուեն եւ օրինակ 26ին ինչ որ միասնական թեկնածուով հանդէս գան։
ՅԱՍՄԻԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ, ՀՀ ԱԺ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐ. Ի հարկէ մինչ համախմբման պատեհ պահը, իսկ դա ընտրութիւններից յետոյ է, կը յայտարարեն իրենց տարաձայնութիւնների, անձնական յարաբերութիւնների՝ վատ, տեսակէտների տարբերութիւնների մասին, եւ վերջում, ի հարկէ, կը համախմբուեն ինչ որ առանցքի շուրջ եւ այնպէս, ինչպէս արեցին Գիւմրու ընտրութիւնների ժամանակ։ Հաւաստիացրեցին քաղաքացիներին, որ նրանք չեն համախմբուի, նաեւ դաշտ նետեցին իրենց հետ իբր կապ չունեցող, բայց շատ ուղիղ աֆիլացուած մարդկանց եւ ցաւօք այս տեխնոլոկիան ունեցաւ արձագանգ, այսինքն շատերը հաւատացին, իրենց առաջարկած տեխնոլոկիային եւ ի վերջոյ համախմբուեցին բոլորով եւ ունեցան նախկինի էսպէս ասած վերադարձ։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Առաջադրանքը այն է, որ ներքին կայունութիւնը ապահովելու համար օրէնքի գերակայութիւնը խիստ կարեւոր է եւ երբ որ հին ռեւանշիստները՝ գողապետականները ռեւանշիզմ իրականացնեն խարդախ ճանապարհներով, պէտք է նոր օրէնք մշակուի, անգլերէնով կ҆ըսեն recall elections, ինչպէս որ տարածուած է արեւմուտքի մէջ եւ յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, յետս կոչման կամ պաշտօնազրկման ընտրութիւններ, որպէսզի ժողովուրդը երբ որ տեսնէ, ինչպէս որ Վարդան Ղուկասեանի պարագային խաբուած դուրս եկաւ, ժողովուրդը, ընտրողները իրաւունք ունին հանրաքուէ, յատուկ քուէ, յատուկ ընտրութիւն կազմակերպելու, յետս կոչելու եւ պաշտօնազրկելու ապօրինի եւ խաբեպատիւ եւ խաբեբայութեամբ Կիւմրիի քաղաքապետարանի պաշտօնին տիրանալու առթիւ իր պաշտօնը չեղարկելու եւ նոր ընտրութիւններ յայտարարելու։ Պաշտօնազրկման ընտրութիւնը խիստ կենսական է։
Իսկ ինչ կը վերաբերի այսօրուայ յաջորդ հրատապ նիւթին, պէտք է ըսել որ Վատիկանի մէջ այնպիսի խիստ ժխտական երեւոյթ մը ստեղծուեցաւ եւ մենք բոլորս ցաւ ի սիրտ ականատես եղանք։ Պիտի առաջարկեմ, որ իմ զրուցակիցը, յայտնի հրապարակախօս պարոն Ոսկան Մխիթարեանը այդ մասին իրազեկէ եւ իր տեսութիւնը ներկայացնէ։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Պարոն Չափարեան, իմ սրտիս խօսող նիւթ ըլլալէ անդին իմ ներքին աշխարհս փոթորկեցնող նիւթ մըն է այս մէկը։ ինչպէս որ դուք ակնարկեցիք մեր քաղաքական, մեր երկրի քաղաքական վերիվայրումները, նաեւ պատճառ եղան որ մենք չկարենանք կեդրոնանալ այս նիւթին վրայ։
Այն ինչ որ պատահեցաւ, սիրելիներ, Վատիկանի մէջ, Ապրիլ 10ին մեզ կը փոթորկեցնէ, որովհետեւ անգամ մը եւս ականատես եւ ականջալուր դարձանք այն փրոփականտին, որ Պաքուի բռնատէրը կը փորձէ տարածել ամբողջ աշխարհի մէջ, ցոյց տալու համար, որ բոլոր այդ կրօնական ժառանգ-
ները, նամանաւանդ հայկական, մեր կոթողները, ըլլայ ատիկա Ամարասը, ըլլայ ատիկա Գանձասարը, Դադիվանքը, այս բոլորը հայկական չեն, եւ ալպա-նական են, իրենք ալպանական կը կոչեն։ Ինչպէս կրնայ ըլլալ, որ Վատիկանի Պապական Գրիգորեան համալսարանին մէջ նմանօրինակ համախմբում մը տեղի ունենայ եւ մենք չհրաւիրուինք։ Այս ժողովին, սիրելիներ, մասնակցած են Թուրքիան, Ղազախիստանը, Հարաւային Քորէան, Ռուսաստանը, Լեհաս-
տանը, Իտալիան, Վրաստանը, Գերմանիան, Ֆրանսան, Քանատան, Լիթուանիան եւ Միացեալ Նահանգները, բայց ոչ հայերը։ Եւ այս բոլորին մասին , այս ժողովի ընթացքին պիտի խօսուի հայկական ժառանգութեան մասին։
Չենք զարմանար, գիտեմ որ չենք զարմանար, ինչո՞ւ։ Որովհետեւ նախըն-թաց ունի։ Բոլորս ալ գիտենք, որ 1990էն մինչեւ 2009 թուական Նախիջեւանի Ջուլֆա շրջանին մէջ առաւել քան 10 հազար խաչքարեր խորտակուեցան, ուղղակի։ Այդ բոլորը փշրուեցան։ Եւ այս բոլորը ի յաջս քրիստոնեայ համայն աշխարհի։ UNESCOն եւ այլ պատմաբաններ քննադատեցին, ըսելով որ ասի-
կա մեծագոյն ցեղասպանութիւն է 21րդ դարուն, բայց հոն մնաց։ 2016 թուականին Հոկտեմբերի 2ին հանգուցեալ կաթոլիկ եկեղեցւոյ Հովուապետը, Աստուած հոգին լուսաւորէ, Պաքու այցելեց, շատ հետաքրքրական յայտարա-րութիւն մը ըրաւ այդ ատեն, որ Ատրպէյճանի մէջ կրօնական ազատութեան եւ համերաշխութեան մթնոլորտ կայ։
Կրնա՞ք երեւակայել, սիրելիներ։ Նման յայտարարութիւն մը կատարուի կաթոլիկ եկեղեցւոյ Հովուապետին կողմէ, որ շատ լաւ գիտէ թէ ինչ կայ Ատրպէյճանի մէջ եւ ինչն է բացարձակ ճշմարտութիւնը։ Այդ մասին հիմա նորէն կ҆անդրադառնանք։
2021 թուականի փետրուար 22ին Ալիեւ բռնատէր իր կնոջ հետ՝ Մեհրի-պանի հետ, այցելեցին Վատիկան եւ խոշոր նուիրատուութիւն կատարեցին։ Այդ ատեն մամուլը կը գրէր 30 միլիոն տոլար։ Ատիկա հրատարակուածն է, եթէ ոչ աւելի։ Գետնափոր տեղեր, վերանորոգելու, ինչպէս նաեւ ձեռագրատունը աւելի զարգացնելու համար։ Այս բոլոր ծրագիրներուն լումա տալէ ետքը, հանգուցեալ հովուապետը ասպետական ամէնէն բարձր շքանշանով պարգեւատրեց տիկին Ալիեւային։
Հիմա իրաւունք չունի՞մ ըսելու, որ կաթոլիկ եկեղեցւոյ հովուապետը, այս պարագային իր անձին մասին կը խօսիմ, որ իրաւունք ունի շատ բան փոխելու։ Ասիկա այն հովուապետն է, որ գթացողն էր, որ միշտ աղքատներու հետ եղած էր, բայց այսօր դրամով գնուած է եւ կը յայտարարէ, որ Ատրպէյճանէն ներս կրօնական հանդուրժողութիւն կայ, որովհետեւ այդ բռնատէրը դրամ տուաւ Վատիկանին։
Չի բաւեր ատիկա։ Այս տարի տակաւին, ապրիլ 10ին ժողով մը տեղի ունեցաւ, եւ քիչ առաջ նշեցի ովքեր մասնակցեցան այդ ժողովին, բացի հայերէն։ Հոս է որ ընդվզումը աւելի կը տաքանայ անհատին մէջ, այս պարա-գային իմ մէջ, երբ լուռ է մեր եկեղեցին։ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ կաթողիկոս իր ընդվզումը յայտնեց, նոյն ընդվզումը յայտնեց Կիլիկիոյ Արամ կաթողիկոսը, ընդվզումը յայտնեց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարք կաթողիկոս Ռաֆայէլը, բողոքի ցասում արտայայտեց Երուսաղէմի պատրիարքը, աւելի խիստ պոռթկում արտայայտեց ամբողջ արեւելեան Եւրոպայի հայրապե-տական նուիրակ, կաթոլիկ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Նորատունկեան արքեպիսկոպոսը։
Սիրելիներ, այս բոլորը շրթնային ծառայութենէն անդին չանցաւ։ Ասիկա Վատիկանի կողմէ ճիշդ է որ բարոյական սկզբունքներու անկում է, բայց նոյն ատեն ահազանգային դաւաճանութիւն մըն է եկեղեցւոյ նկատմամբ, հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ, որ առաջինը եղած է քրիստոնէութիւնը ընդունելու։
Պէտք կա՞յ արդեօք յիշեցնելու մեր կաթողիկէ եղբայրներուն ի Վատիկան, որ տակաւին երէկ սրբացուցին Գրիգոր Նարեկացին, արձանը տնկած են։ Կրնա՞յ ըլլալ որ այս ժողովին, որուն գլխաւոր դերակատարը այս պարագային հովուապետը չէ, արեւելեան եկեղեցիներու պատասխանատու կարտինալ Կուճեռոթթին է, որ նաեւ կը կարծուի բացառիկ հայագէտ մըն է։ Այսօր իր ղեկավարութեամբ եւ իր ներկայացուցիչի ներկայութեամբ ալ այդ ժողովին նմանօրինակ այլանդակ յայտարարութիւններ եղան հայ եկեղեցւոյ դէմ։
Հոն կար նաեւ Կիրիլ պատրիարքին ներկայացուցիչը։ Հիմա հարց կու տամ
ես Գարեգին Բ կաթողիկոսին։ Վեհափառ, երէկ տակաւին շքանշան ստացաք
Կիրիլ պատրիարքէն։ Այսօր այդ Կիրիլ պատրիարքին ներկայացուցիչը ներկայ է այս ընդհանուր ժողովին եւ բերանը չի բանար, այլ ընդհակառակը՝ մասնակից կը դառնայ այս ստախօսութեան, պատմական խեղաթիւրու-թեան։ Ի՞նչ պիտի ըսէք դուք։ Լուռ պիտի կենա՞ք։ Այդ շքանշանը, եթէ արժանապատուութիւն ունիք, ետ պիտի ղրկէք Կիրիլ պատրիարքին, ըսելով որ ասոր մէջ սրբութիւն չկայ, ասոր մէջ կայ ապականութիւն։ Չի կարելի ընդունիլ մէկէ մը շքանշան, որ համաձայն է որ մեր եկեղեցիները, դարաւոր եկեղեցիները հայկական չեն, աղուանական են։ Նոյն այդ Կիրիլ պատրիարքը, ասկէ առաջ ըսինք, Փութին նախագահի այցելութեան ի Պաքու յայտարարեց Ալիեւի ներկայութեան եւ ըսաւ, որ Թադէոս առաքեալը հայ եկեղեցւոյ հիմնադիրներէն չէ։ Այստեղ թաղուած է եւ կը պատկանի աղուան եկեղեցւոյ։
Այս խեղաթիւրումները ո՞վ պիտի կեցնէ, Վեհափառ։ Չի բաւեր մամուլի մէջ յայտարարել որ մենք ցասում կ҆արտայայտենք։ Ձեր ցասումը ձեզի պահեցէք։ Գործնական ցոյց տուէք, որ հայ եկեղեցին կայ, պիտի գործէ եւ եթէ պէտք ըլլայ, մտրակը պիտի քաշէ, թէկուզ Վատիկանի դէմ։ Այս մէկը ահա-զանգային դաւաճանութիւն է։ Կը կրկնեմ։ Եւ այդ դաւաճանութիւնը պէտք է ընդունի Վատիկանը։ Արեւելեան խորհուրդի ներկայացուցիչը, արեւելեան եկեղեցիներու ներկայացուցիչ կարտինալ Կուճեռոթթին շատ լաւ գիտէր, թէ ինչ պիտի ըլլար այդտեղ։ Թէկուզ իրենք վերջին վայրկեան յայտարարեցին թէ այս համաժողովը ինչ կ҆ընդգրկէ։
Այս առիթով, կ҆ուզեմ նաեւ յիշեցնել տարիներու, երկար քաղաքագէտ անհատի մը, որուն անունը կը խնայեմ այսօր։ Տակաւին վերջերս ելոյթ ունե-ցաւ ֆէյսպուքի մէջ, կ҆ըսէ որ ի՞նչ պէտք ունի հայութիւնը փոթորիկ ստեղծելու այս բոլորին մէջ։ Ատրպէյճանը Պապական Գրիգորեան համալսարանի սրահը վարձած է եւ հոն ելոյթ ունեցաւ, դուք ինչո՞ւ կը մեղադրէք Վատիկանը։
Այսպիսի սոփեստութիւն կեանքիս մէջ չեմ լսած ես։ Վատիկանը իր հա-մալսարանի չէ, Վատիկանին վերէն թռչող ճանճին սեռը գիտէ, արո՞ւ է թէ էգ։ Դուք այսօր կը փորձէք որպէս հին քաղաքագէտ համոզել հայ ժողովուրդին, որ Վատիկանը տեղեակ չէ՞ր թէ Պապական Գրիգորեան համալսարանի մէջ ինչ տեղի պիտ ունենար։ Ամօթ է։ Գոնէ մի ելլէք բեմ եւ այսպիսի սոփեստութիւն մի յայտարարէք։ Վատիկանը գիտակ էր այս բոլորին։ Գլխաւորութեամբը կար-
տինալ Կուճեռոթիին։ Եւ այսօր կարտինալ Կուճեռոթթին պարտաւոր է հաշիւ տալու հայ եկեղեցւոյ, որուն մէջ մենք պիտի ըլլանք պահանջատէր, Գարեգին կաթողիկոս, Արամ կաթողիկոս, մեզի պիտի ձայնակցին անպայման մեր կաթողիկէ եղբայրները, մեր բողոքական եղբայրները։
Այս ժառանգութիւնները հայկական են, սիրելիներ։ Յարանուանական չեն։ Հայկական են այս բոլորը։ Եւ եթէ մենք տէր չկանգնինք մեր իրաւունքներուն, կը տեսնէք ինչպէս բռնատէրը կրնայ դրամով գնել Վատիկանի պէս հսկայ պետութիւն մը, եւ խեղաթիւրել ամբողջ պատմութիւնը։ Մինչեւ ե՞րբ պիտի հանդուրժենք այս բոլորը։ Ոչ միայն մեր եկեղեցին, մեր մամուլն ալ իր կողմէ, իր բաժինը պիտի բերէ։ Բոլոր թերթերուն մէջ կ҆ուզենք լսել եւ կոչ ուղղեն Վատիկանին, որ յետս կոչէ եւ նաեւ դատապարտէ բոլոր անոնք, որոնք առիթ տուին այս համագումարին։
Այս համագումարը մեզ անգամ մը եւս վարկաբեկեց։ Ոչ ոք իրաւունք ունի։
Այո կրնայ 1.2 պիլիոննոց եկեղեցի ըլլալ Վատիկանը, տարբեր ժողովուրդներով համախմբուած, բայց ոչ ոք իրաւունք ունի հայ եկեղեցւոյ իրաւունքները խլելու եւ կամ անոր պատմութիւնը, արժանաւոր պատմութիւնը խեղաթիւրելու։ Ժամանակն է, որ մենք մեր իրաւունքները պահանջենք գործնական։
Չի բաւեր շրթնային ծառայութիւն։ Մեր կեանքը կարծէք թէ շրթնային ծառայութիւն եղած է։ Գործնական միասին ի՞նչ պիտի ընենք եւ Վատիկանէն ի՞նչ պիտի պահանջենք։ Առիթ չտանք։ Չմոռնաք, ամէն օր մեր ժառանգները ցեղասպանութեան կ҆ենթարկուին Ատրպէյճանի մէջ։ Եկեղեցիներ կը փլուին, մզկիթներու կը վերածուին, կը քանդուին գերեզմաններ, հազարամեայ մեր
այդ մշակութային կոթողները կ҆անհետանան։ Այս բոլորին դէմ մենք գործ-
նական քայլ պիտի առնենք, սիրելիներ։ Բոլորս միասին։ Կարելի չէ այսու-հետեւ լուռ կենալ այս բոլորին դէմ։