Հունգարական Wizz Air օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարեց, թէ Հոկտեմբերէն սկսեալ Հայաստանէն դէպի եւրոպական 6 երկիրներ եւ 8 քաղաքներ նոր թռիչքներ պիտի սկսի։
«Գիները պիտի սկսին 29,99 եուրոյէն։ Ասիկա նոր եւ մեծ քայլ մըն է ճամբորդութիւնները բոլորին համար աւելի մատչելի դարձնելու համար», յայ-տարարեց ընկերութիւնը։
Wizz Air Երեւանէն թռիչքներ պիտի կատարէ հետեւեալ ուղղութիւններով՝ Համպուրկ, Մեմինկեն (Գերմանիա), Նափոլի, Պարի (Իտալիա), Պուքրէշ (Ռումանիա), Փաֆոս (Կիպրոս), Նիս (Ֆրանսա), Փրակ (Չեխիա)։
