Բարի երեկոյ, սիրելի հեռուստադիտողներ։ Այս օրերուն Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը եւ պաշտպա- նութիւնը առաւել քան երբեք վտանգուած է։ Եւ եթէ 2020 թիւը մենք նկատենք որպէս պատմութեան անցած էջ, չարաչար կը սխալինք։
2020էն ասդին, ի դժբախտութիւն բոլոր սրտացաւ հայերու եւ հայուհի-ներու եւ հայրենիքէն ներս, եւ արտերկրի մէջ, 44օրեան հանդիսացաւ սկիզ-բը Ռուսական Դաշնութեան գլխաւորութեամբ հակահայ քաղաքական եւ ռազմական նախայարձակումի՝ ագրեսիայի եւ իմ զրոյցներու ժամանակ վերջերս եւ յատկապէս այսօր ես իրազեկուեցայ, թէ ինչքան հետզհետէ մեծ թիւ կը կազմեն այն հայորդիներու եւ հայուհիներու թիւը եւ հայրենիքէն եւ սփիւռքի մէջ Ռուսական Դաշնութեան հանդէպ իրենց ոչ միայն զայրոյթը, իրենց ծայր աստիճան յուսախաբութիւնը աննախադէպ է։
Եթէ բաղդատելու ըլլանք 2020 թուականի 44օրեայի նախորդող ժամա-նակաշրջանին, պիտի տեսնենք որ աշխարհի հայութիւնը աննախադէպ զայրոյթ կ҆ապրի եւ յասախաբութիւն կ҆ապրի Ռուսական Դաշնութեան հանդէպ եւ իրենց ոճրագործ ներկայ ղեկավարութեան։ Իմ զրուցակիցին հարց տուի, թէ ի՞նչ է ձեր անմիջական տպաւորութիւնը, ձեր անմիջական շրջանակի շփումներու ընթացքին ի՞նչ ի յայտ եկաւ. 44օրեայէն առաջ եւ ետքը մինչեւ այսօր Ռուսական Դաշնութեան ռէյթինկը նո՞յնն է ինչ որ էր 44օրեայէն առաջ, թէ խոշոր անկում կայ։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Պարոն Չափարեան, ձեր հարցումին պատասխանը շատ յստակ է։ Այդ վերաբերմունքը, որ մեր ժողովուրդը ունէր ռուս մեծ եղբօր հանդէպ, այսօր չէ մնացած այդ մէկը, ընդհակառակը՝ խստօրէն դատապարտելի է այն ինչ որ կատարուեցաւ հայ ժողովուրդին դէմ, մեր աւագ եղբօր, այսօր աւելի սաստկացած է մեր պոռթկումը եւ ընդվզումը այդ բոլորին դէմ եւ ահաւասիկ երէկ տակաւին արտաքին գործոց նախարարը չեմ գիտեր ինչ երեսով կու գայ Հայաստան, ինքզինք չքմեղացնելու եւ մեզի համոզելու որ մեր փրկութիւնը միայն Ռուսաստանով է, երբ տակաւին մեր մեռելներուն արիւնը չէ չորցած։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Շատ կարեւոր պատգամ մը ունի գիտակից հայը եւ հայրենիքի մէջ եւ սփիւռքի տարածքին եւ յատկապէս ամերիկահայութեան շարքերէն ներս. Յանկարծ հին գողապետականները չսկսին իրենք իրենց թպրտալու իրաւունք տալ եւ չվերսկսին նորագոյն թրամփեան եւ փութինեան սիլիպիլի այս նորագոյն պատմութիւններու լոյսին տակ։
Թրամփը կը կատարէ այն, ինչ որ Ամերիկայի ռազմաքաղաքական շրջանակները երկարահաս ժամկէտի վրայ հաշուառումներ ըրած են։ Եւ այդ հա- շուառումը կը թելադրէ հետեւեալ քայլերը. այնքան ատեն, որ Ամերիկայի Միա
ցեալ Նահանգները Չինաստանի հետ կը հետապնդէ այնպիսի խորունկ քաղաքականութիւն, որ զսպէ Չինաստանին, եւ արդէն սկսած են այդ նախանշանները, բայց մինչեւ ծովափ հասնիլը, Թրամփը պէտք է թանկօ պարէ Փութինի հետ եւ այդ թանկոյի պարի ժամանակ իրենց քովը պիտի շուրջբոլորեն Նիկոլ Փաշինեան վարչապետին, Վրաստանի ղեկավարին, Մոլտովայի ղեկավարին, Ուքրաինայի ղեկավարին, Ռումանիայի ղեկավարին, բայց վերջաւորութեան, պատկերացուցէք որ երկու թանկօ պարողներէն մէկը շատ ուրախ է, 7րդ երկինք բարձրացած է իր ուրախութեան պատճառով եւ անունը Փութինիկ է, փութինկա, ինչպէս որ կ҆ըսեն իրեն համար Եւրոպայի մէջ։
Ուրախ՝ կը պարէ եւ ինքզինքը լաւ կը զգայ, իր հետը Լավրովն ալ լաւ կը զգայ, իր հետը նաեւ Ռոպերթ Քոչարեանը, Սերժ Սարգիսեանը, Գարեգին Բ.ն, բոլորն ալ լաւ կը զգան եւ ուրախ են։ Ուրախ են, որովհետեւ ռեւանշիզմ պիտի իրականանայ։
Բայց նոյն այդ թանկօ պարած ժամանակ տեսէք Թրամփին ձեռքը ինչ թաքնուած կայ Փութինին թիկունքին։ Եւ այդ գործիքը Թրամփը ուզէ չուզէ պիտի
օգտագործէ Փութինի դէմ։ Եւ ինչպէս որ կը յիշէք Փետրուարի 28ին ձեր խոնարհ ծառան շատ կարեւոր վերլուծում մը ներկայացուց, շատերը խորհեցան որ ատիկա կանխատեսում է։ Ոչ, քաւ լիցի, ես կանխատեսող չեմ, ես աշխարհաքաղաքական վերլուծաբան եմ եւ իմ հերթին կը խորհրդակցիմ բազմաթիւ բարձր որակի աշխարհաքաղաքական վերլուծաբաններու հետ եւ այդ խորհրդակցութիւններու եւ տեղեկութիւններու փոխանակման առթիւ
Փետրուար 28ին ես կանխատեսած էի, թէ ինչպիսի դժուար ժամանակներ կը սպասեն Փութինին եւ Հայաստանէն ներս 5րդ շարասիւնին։
Եւ տեսանք վերջերս ինչպէս Փութինի կցորդը Ռումա- նիայի մէջ նախագահական ընտրութիւններու ժամա- նակ կորսնցուց, տանուլ տուաւ նախագահական ընտրու- թիւնները։ Ինչո՞ւ։ Շատ պարզ է։ Ռումանիայի ժողովուրդը երբեք չ҆ընդունիր, որ վերամիանայ սովետական սթայլի միութենական մէկ էութեան մը, որը գլխաւորուի Փութի- նի եւ իր յանցագործ ռեժիմի կողմէ։ Շատ պարզ է։
Նոյնը տեսանք ինչպէս Մոլտովայի մէջ, Փութինը շատ ծանր հարուած կերաւ եւ ամէնէն կենսականը Ուքրա- նիայի մէջ։ Երբ որ 2022ին ներխուժեց Փութինը Ուքրա- ինա, այն ժամանակ ռուսական օլիկարխները, որոնք փութինական օլիկարխներ են, շատ ուրախացան, նոյն- պէս եւ Հայաստանի 5րդ շարասիւնը, շատ ուրախացան որ 3 օրէն Ուքրաինան ամբողջութեամբ պիտի կուլ տայ Փութինը եւ այդ 3 օրը վերածուեցաւ աւելի քան 3 տա- րուայ։ Եւ վերջին հաշիւով, Ռուսաստանի՝ փութինեան Ռուսաստանի (ես ի հարկէ ռուս ժողովուրդի հանդէպ սէր եւ յարգանք ունիմ, իմ խնդիրը, ինչպէս բազմաթիւ հայեր ե՛ւ Հայաստանէն ներս, ե՛ւ արտերկրի մէջ փու- թինեան) քաղաքականութիւնն է, որ կը միտի ամբողջ տարածաշրջանի մէջ վերականգնել ռուսական կայսրու- թիւնը եւ նաեւ օգնել իր փոքր եղբօրը՝ Էրտողանին, որ իր հերթին վերականգնէ նէօ- օսմանեան կայսրութիւնը եւ իրենց ամենափոքրիկ, կրտսերիկ եղբայրը`Ալիեւը, ան ալ ստեղծէ իրեն համար թագաւորիկութիւն մը։
Բայց ինչպէս որ պատմութիւնը ցոյց տուաւ անցնող շաբաթներու եւ ամիսներու ընթացքին, այդ կանխատե- սումները, որ փութինեան շրջանակներ եւ Հայաստա- նէն ներս 5րդ շարասիւնը որ կ҆իրականացնէին, բոլորը ի դերեւ դուրս եկան եւ հիմա, կարծէք թէ իրենք իրենց ինքնախաբէութեամբ զբաղուելով, նոր ալիք մը կը ստեղ- ծեն, որպէսզի կարողանան իշխանափոխութիւն իրակա-նացնեն եւ իբրեւ թէ Փութինին համար լաւ գործ կ҆ընեն, բայց իրականութեան մէջ իրենց հետոյքը կը ծածկեն, եւ իրենց թալանը կ҆ուզեն պաշտպանել։
Ես բարձր կը գնահատեմ Հայաստանէն ներս աքթի- վիզմ իրականացնող եւ հակա ռուսական գաղութա- տիրութեան աքթիվիզմ իրականացնող հայորդիները եւ հայուհիները։ Վերջերս քաղաքական գործիչներ Արման Բաբաջանեան եւ Տիգրան Խզմալեան ե՛ւ բողոքի ցոյցով, ե՛ւ հեռուստաէքրաններու առաջ կարեւոր ելոյթներ ունե- ցան։ Միասին դիտենք այս երկու ելոյթները եւ շարու- նակենք մեր զրոյցը։
Տեսանիւթ.
ԱՐՄԱՆ ԲԱԲԱՋԱՆԵԱՆ Ձեր շահերից չի բխում մեզ հետ էս թոնով խօսելը։
Փութինը մարդասպան է։ Լավրովը մարդասպան է։ Այոոոոո։
Ցանկացած ոք մայթին կարող է կանգնել եւ աքցիա անել, ցանկացած բովանդակութեան։
Մենք այստեղ ենք, որպէսզի ցոյց տանք որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի արժանապատուութիւն, ունի արժանապատիւ քաղաքացիներ եւ մենք չենք թոյլ տալու, որ Ռուսաստանը ուզած քաղաքականութիւնը այստեղ առաջ մղի, ատրպէյճանցիների, թուրքերի հետ համաձայ- նութեան, մեր կեանքերի եւ մեր տարածքների հաշուին։
Խօսքը գնում է փութինեան քաղաքականութեան, որի կարկառուն ներկայացուցիչը այստեղի Սերյոժան է, որի գալու նպատակն ու ցանկութիւնները ժողովուրդի համար անյայտ են։
ԼՐԱԳՐՈՂ ՍԻՐԱՆՈՒՇ ՊԱՊԵԱՆ. Պարոն Խզմա- լեան, ինչպէ՞ս էք գնահատում Լավրովի այցը տեւական այսպէս դադարից յետոյ, եւ ինչպիսի գործողութիւններ պէտք է իրականացնել այս այցի դէմ։ Ըստ էութեան, քաղհասարակութիւնը եւ քաղաքական տարբեր ուժեր, փաստօրէն, հանդէս են գալիս նախաձեռնութիւններով պոյքոթելու, աքցիաներ իրականացնելու։ Ինչո՞ւ հիմա է այս այցը տեղի ունենում եւ ի՞նչ նպատակ է խորքում թաքնուած։ Համեցէք։
ՏԻԳՐԱՆ ԽԶՄԱԼԵԱՆ. Սկսեմ ձեր առաջին հա- րցից։ Ի՞նչ գործողութիւններ են պէտք, որ կ҆իրառուեն այդ այցի կապակցութեամբ։
Հայաստանը ստորագրել է երկու տարի առաջ Հռո-մի սթաթութը՝ կանոնադրութիւնը, համաձայն որի ռազմական յանցագործները պէտք է ձերբակալուեն։ Փութինը եւ Լավրովը մտնում են այդ միջազգային դատարանի կողմից Ռուսաստանի ղեկավարութեան այն ցանկի մէջ, որոնք ճանաչուած են ռազմական յանցագործներ, միջազգային յանցագործներ։ Համաձայն Հռոմի սթաթութի, Լավրովը պէտք է ձերբակալուի եւ յանձնուի Հաագայի դատարան։
Մենք խօսում ենք այդ մասին չ҆ակնկալելով որ դա կ҆արուի, որովհետեւ Հայաստանում օրէնքներն ընդունւում են եւ չեն կատարւում եւ դրա ամենավառ ապացոյցն է այն որ այսօր կարծեմ 55րդ օրն է, ինչ ընդունուել է մեր կողմից պատրաստուած, մեր, այսինքն Եւրոդաշինքի կողմից, որտեղ մտնում են «Հանրապետութիւն», «Յանուն Հանրապետութեան» եւ Եւրոպական կուսակցութիւնները եւ մի շարք հասարակական կազմակերպութիւններ, մենք, ինչպէս յայտնի է կազմակերպեցինք ստորագրահաւաք, Ազգային Ժողովը համաձայ-նուեց եւ ընդունեց այդ օրինագիծը, դարձրեց օրէնք, որը պէտք է Հայաստանը բերի Եւրոմիութեան դռները եւ մենք արդէն կարող ենք 55 օր շարունակ, պէտք է որ համաձայն այդ օրէնքի յայտ ներկայացնէինք, սկսէինք գործողութիւններ։
Բայց այդ օրէնքը ընդունուած է եւ չի կատարւում։ Ահա մօտաւորապէս նոյնը կատարւում է կամ աւելի ճիշդ՝ չի կատարւում եւ Լավրովի այցի կապակցութեամբ։ Ուստի Ազգային Արժանապատուութիւնը եւ պետական գերագոյն շահը այդ դէպքում վերցնում է իր վրայ քաղաքացիական հասարակութիւնը, քաղաքական կուսակցութիւնները եւ ես հպարտ եմ որ իմ գործընկեր եւ եւրոդաշինքի համահեղինակներից մէկը՝ Արման Բաբաջանեանը նախաձեռնել է այս գործողութիւնները, որին մենք բնականաբար միանում ենք եւ այսօր եւ վաղը մենք միասին ենք լինելու եւ ուս-ուսի այս խայտառակութիւնը գոնէ մեր բողոքի միջոցով, մեր քաղաքացիական եւ քաղաքական դիրքորոշմամբ մի փոքր չէզոքացնելու այն ծանր տպաւորութիւնը, որը թողնում է Հայաստանը որպէս երկիր՝ ողջ աշխարհի վրայ։
Որովհետեւ միաժամանակ յայտարարել Եւրամիու-թեան անդամակցելու օրէնքի մակարդակով նպատակը եւ գնալ Մոսկուա՝ Փութինի հետ հանդիպելու, յետոյ ընդունել Լավրովին, սա մեղմ ասած ան-տրամաբանական է։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Սկսելով պարոն Խզմալեանի ակնարկէն, շատ ճիշդ է, շատ արդարացի է։ Լավրովը պարտադիր պէտք է ձերբակալուէր Հայաս- տանի մէջ եւ յանձնուէր Հաագայի դատարանին, րոպէ առաջ։ Որովհետեւ Հայաստանը ստորագրող կողմ է Հռոմի համաձայնագրին։
Իսկ ինչ կը վերաբերի պարոն Բաբաջանեանի ելոյթին՝ խստիւ դատա- պարտելի է Հայաստանի ոստիկանութեան այս սխալ ընթացքը, ըստ երե- ւոյթին ներքին գործոց նախարարութեան շրջանակներէն ներս դեռեւս ազատ համարձակ կը գործեն ռսաստրուկներ եւ պիտի չզարմանանք, որ վարչապետ Փաշինեանի վարչակազմի օրօք զանազան նախարարութիւններ իրենք իրենց սխալ դրսեւորեն եւ արհեստական պատ հիւսեն Հայաստանի եւ ազատ աշխարհի միջեւ։
Եւ պարոն Արման Բաբաջանեանի դատապարտումը ոստիկանութեան կողմէ սխալ վարուելակերպի առթիւ, լրիւ արդարացի է։ Մենք կը զօրակ- ցինք պարոն Բաբաջանեանին, պարոն Խզմալեանին եւ նաեւ օրուայ իշխա- նութեան հանդէպ մեր կեցուածքը կը յայտարարենք հետեւեալ կերպ։ Եթէ ժողովուրդի կարեւոր հատուածի հարցապնդումներուն հետեւեալ պատա- սխանը դրական է, լաւ կ҆ըլլայ որ վարչապետ Փաշինեան արար աշխարհի առջեւ յայտնէ որ ինքը վախեցման, բռնաճնշումի տակ, պուլիինկի տակ ստիպուած է այսպիսի քայլերու դիմել։ Ստիպուած է, ինչպէս որ քիչ առաջ պարոն Մխիթարեանը ակնարկեց, Լավրովի ներկայութեան չըսաւ որ Հայաս- տանը իր ինքնիշխանութեան ծնեալ իրաւունքի հիման վրայ դիմած է Եւրո- միութեան հետ ինթեկրացման աքթին։ Եւ դիմումնագիր չէ ներկայացուցած։
Եւ սա ծանր հարուած է Հայաստանի ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ պաշտպանութեան եւ նաեւ տնտեսութեան։ Նկատի ունենալնով, որ Ռու- սական Դաշնութիւնը եւ ներքին 5րդ շարասիւնը իրենց վերջին շունչը կը ծախսեն, որ ռեւանշիզմ իրականացնեն, Ռուսական Դաշնութիւնը Հայաս- տանը վերածելու գուբեռնիայի, այսինքն նահանգի մը, որուն գուբեռնիորը՝ կառավարիչը կը յուսան ըլլալ հին գողապետականներէն ոեւէ ներկայացուցիչ։
Իսկ ներքին գողապետականները, հին ռեժիմականները ի՞նչ կը հե- տապնդեն։ Իրենց թալանը պահպանելու, թէկուզ Հայաստանը դառնայ գու- բեռնիա եւ իր ինքնիշխանութիւնը կորսնցնէ, ինչպէս որ 1921 թուականին կորսնցուց։ Ուրեմն, սա խիստ դատապարտելի է։
Հիմա իմ նման Հայաստանի ինքնիշխանութեան, անկախութեան, պաշտ- պանութեան եւ տնտեսութեան զօրակցող գաղափարակից ընկեր-ընկերու- հիներ ե՛ւ Հայաստանէն ներս, ե՛ւ Ամերիկա եւ ընդհանուր հաւաքական սփիւռքի մէջ կը բարձրաձայնեն հետեւեալը։
Չմոռնանք, որ ձեր խոնարհ ծառան, իր զրուցակցի հետ տասնեակներով հայերու հետ զրոյցի մէջ եղած ենք վերջին 24 ժամուան ընթացքին եւ պէտք է ըսել, որ ջախջախիչ մեծամասնութիւնը հետեւեալ ուղերձը կը մղեն իրենց ազգակիցներուն․եթէ յանկարծ Ռուսական Դաշնութիւնը եւս մէկ անգամ 2020ի նման 44օրեայ արհաւիրքային ակրեսիա, պատերազմ հրահրէ Ատրպէյճանի միջոցաւ եւ ISISը՝ ՏԱԷՇ-ի թեռորիսթներ ինքը ներմուծէ տա- րածաշրջան:
Եւ յանկարծ հաւաքական արեւմուտքը, սկսած Ուաշինկթընէն, մինչեւ Փարիզները, Պրիւքսէլները եւ Լոնտոնները, ոչ միայն չբարձրաձայնեն, այլ նոյնիսկ անտեղեակ ձեւանան, անհոգ կերպով նային Հայաստանի փլուզման, սիրելիներ, մի այպանէք, մի բողոքէք, երբ որ այսպիսի դաւաճանական ներ- քին խարդաւանքներուն մենք մեզի թոյլ կու տանք զոհ երթալու եւ վերջին 4 տարուայ նուաճումը, երբ Հայաստանի պետական հիմնարկութիւնները, նախարարութիւնները սկսան ձերբազատուիլ, հայկական բանակը սկսաւ ձերբազատուիլ ռսաստրուկներէն եւ այս բոլոր նուաճումներէն ետքը ի՞նչ ըսել է ետ դարձ։
Ասիկա կտրականապէս մերժելի է։ Կտրականապէս դատապարտելի է։ Չի կարելի այսպէս շարունակել։ Եւ յետոյ ակնկալեն, որ հաւաքական արեւմուտքը հասնի Հայաստանին օգնութեան։
Սիրելիներ, Ռուսական Դաշնութիւնը մեղսակցութեամբ Ալիեւին, մեղսակ- ցութեամբ 5րդ շարասիւնին կ҆ուզէ նաեւ Հայաստանը վերացնել։ Պարոն Մխիթարեանին կ҆առաջարկէի որ իր ուղերձը ներկայացնէ։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Մեր սիրելի հեռադիտողներուն կ҆ուզեմ յստակ կերպով յայտարարել, որ բռնապետ Ալիեւին ախորժակները քաղաքական դաշտին մէջ ընդարձակուած են, որովհետեւ Ռուսաստանի օրհնութիւնը ունին։ Քիչ առաջ ինչպէս որ ըսինք, կը զարմանանք որ արտաքին գործոց նախա- րարը Հայաստան կու գայ եւ կը փորձէ չքմեղացնել իրենց բոլոր անցեալի սխալները։ Չմոռցանք տակաւին։ 120 հազարը դուրսն է Արցախէն։ Բայց հիմա դաշտը ընդարձակուած է եւ տակաւին իրենց օրհնութիւնը ունի բռնակալ Ալիեւը։
Կը յայտարարեն որ արեւմտեան Ատրպէյճանը իրենց կը պատկանի։ Հետեւաբար իրենց հոգեւոր այսպէս կոչուած շէյխը՝ մեծաւորը կը յայտարարէ, որ Էջմիածինը իրենց կը պատկանի որտեւ Էջիմածին չէ անունը, Ուչմիածին է եւ այդտեղ հայերը բռնագրաւած են եւ իրենց եկեղեցիները կառուցած են եւ հետեւաբար եւ այս բոլորը բացորոշ կերպով կը յայտարարուին։ Բոլոր աշխարհի առաջ, բոլոր քրիստոնեայ աշխարհի առաջ, որ իրենք պէտք է անպայման գաղութ մը ստեղծեն, արեւմտեան Ատրպէյճանի մէջ եւ հոն դնեն հոգեւոր պետ մը, որպէսզի այդ հոգեւոր պետը ջատագովը դառնայ բոլոր այդ ատրպէյճանցիներուն, որոնք հեռացուած են Հայաստանէն, վերադառնան Ատրպէյճան, իրենց հայրենիքը։
Սիրելիներ, ի՞նչ հայրենիքի մասին կը խօսինք։ Ե՞րբ Ատրպէյճան գոյու- թիւն ունեցած է, որ հիմա հայրենիքի մասին կը խօսին։ Բայց երբ որ մենք կը լռենք եւ մտիկ կ҆ընենք արտաքին գործոց նախարարին սուտերը եւ իր մեծաւորին սուտերը, այդ պարագային մեզ ողորմելի կը գտնեն իրենք, ըսե- լիք չենք ունենար, ստրկամտութենէն դուրս պիտի ելլենք եւ այս բոլորը որ իրենք կը քաղաքականացնեն յանուն կրօնքին, այն հեռանկարով որ իսլամ ատրպէյճանցիներ պիտի բերեն, մենք ըսելիք չունինք։ Գաղութ պիտի ստեղծէ, հոգեւոր գաղութ իրենց համար։ Ո՞ւր ես Գարեգին կաթողիկոս, Ալլահշիքիւրը քու բարեկամդ է, իրեն հետ հանդիպում ունեցած ես Մոսկուայի մէջ Կիրիլ պատրիարքի հետ միասին։ Այդ Կիրիլ պատրիարքը, որ երէկ բռնապետին կնոջը շքանշան տուաւ, քեզի ալ շքանշան տուաւ, այսօր ըսելիք չունի՞ս։
Էջիմածինը մերը չէ, կ՛ըսեն։ Ո՞ր աթոռի վրայ նստած ես դուն։ Ելէք ձեր իրաւունքները պաշտպանեցէք։ Մարդիկ եկած են, Ատրպէյճան կը պահան- ջեն եւ դեռ դուք ըսելիք չունիք։ Քաղաքականացուցած են իրենց հոգեւոր դաշտը, արեւմտեան Ատրպէյճան անուան տակ։
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Եթէ Ատրպէյճանը այսպէս կոչուած արեւմտեան Ատրպէյճան պիտակի տակ, ինչպէս որ պարոն Մխիթարեանը ըսաւ, ամ- բողջ երեւանեան նահանգը կ҆ուզէ բռնազաւթել, ապա ուրեմն մենք առաւել քան երբեք Ատրպէյճանին պիտի յիշեցնենք, որ «քոքա քոլան» շատ աւելի հին է, քան այսօր այսպէս կոչուած Ատրպէյճանը, որ իրականութեան մէջ ռուսական ցարական Ռուսաստանի եւ իրեն յաջորդող սովետական Ռու- սաստանի կամ Սովետական Կայսրութեան միջոցաւ ստեղծուած հրէշ, արհեստական պետութիւն մըն է, որպէսզի Հայաստանին եւ Իրանին գլխուն մուրճի նման հարուածեն։ Ան որ իրանցի ընկերներ ունի, թող այս մասը փոխանցէ մեր իրանցի ընկերներուն։
Եւ իրօք, տեսանք ինչպէս 2020ի 44օրեային 2022ին Արցախի շրջա- փակումով ռուսական այսպէս կոչուած խաղաղարար ուժերու քթին տակ, եւ 2023ին ականատես եղանք, թէ ինչպէս ամբողջ Արցախը հայաթափուեցաւ։ Ինչո՞ւ այս բոլորը, որպէսզի Հայաստանի ինքիշխանութիւնը ներկայացնող, ժողովուրդի մեծամասնութեան ձայները, քուէները ստացած իշխանութիւնը տապալէ եւ այս մեղսակցութեան, այս ստորին քաղաքական քայլին կը մասնակցի ներքին 5րդ շարասիւնը։
Հայաստանի ապագան որպէս ինքնիշխան պետութիւն, այսպէս դժուա- րին կացութեան մէջ պիտի մնայ այնքան ատեն, որ մենք գործ ունինք ներքին 5րդ շարասեան հետ, որ կեղծ ընդդիմութեան դիմակի տակ ամէն քայլափոխին Հայաստանի պետական կեանքը, ներքաղաքական կեանքը կը թունաւորէ, որպէսզի վերջնականապէս հայկական պետականութիւնը ենթարկէ փլուզման եւ ես կ҆առաջարկեմ, որ 2026ի խորհրդարանական ընտ- րութիւններուն առթիւ այս մասին իմ աշխատակից ընկեր-ընկերուհիները եւ հայրենիքի մէջ, եւ արտերկրի մէջ բարձրաձայնեն, որպէսզի մեր ժողովուրդը 5000 դրամի կամ 100 հազար դրամի իր քուէն չվաճառէ եւ ըլլան մաքուր, թափանցիկ ընտրութիւններ, որպէսզի մեր ժողովուրդը հասնի իրեն արժանի հեռանկարին, հեռանկարային պետութեան։
Կապ չունի թէ ՔՊականները կը վաստկին մեծամասնութիւնը եւ իրենց հետ փառլամենթ մուտք կը գործեն Եւրոդաշինքի ուժերը եւ կապ չունի թէ որ մէկ ուժը, օրուան կառավարութիւնը, իշխանութիւնը կը դառնայ, կապ չունի։ Երկրորդական է ատիկա։ Ամենահիմնական խնդիրը ներքին 5րդ շարասիւնն է, հին ռեժիմականները, ռսաստրուկները, թալանչիները, մար- դասպանները, սկսած կարիճ Ռոպերթ Քոչարեանէն, Սերժ Սարգսեանէն եւ իրենց բոլոր շրջանակի այդ գործակալներէն, մինչեւ Գարեգին Բ.ն եւ իր մաֆիան, ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ սփիւռքի մէջ։
Իր մաֆիային մաս կը կազմեն զանազան թեմական առաջնորդներ, որոնք մինչեւ հիմա իրենց տեղական ժողովուրդներուն կը չարաշահեն եւ իրենց վատ վարուելակերպի պատճառով արդէն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիէն անջատուած, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ զաւակ- ներ հիմնած են անկախ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիներ, ինչ- պիսին է այստեղ Լոս Անճելըսի մէջ։
Ի պատասխան այստեղի գարեգինապաշտ, Գարեգինի զինակից Յովնան Տէրտէրեանին, մենք արդէն ականատես եղանք, թէ ինչպէս Լոս Անճելըսի շրջանի մէջ Սուրբ Սարգիս եկեղեցին անկախ առաքելական եկեղեցին, Ափլէն- տի Հոլի Քրոս եկեղեցին կեանքի կոչուեցան եւ այս ընթացքով բազմաթիւ ուրիշ անկախ առաքելական եկեղեցիներ պիտի կեանքի կոչուին։
Ի միջի այլոց ես անցեալ կիրակի հոգեզմայլանքով մասնակից եղայ Սուրբ Պատարագին, Հոլի Քրոս՝ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, երբ տօնուեցաւ հիմնա- դիր հովիւ Գէորգ Քահանայ Հալաճեանի ձեռնադրութեան երկրորդ տարե- դարձը։ Այդ երկուքի կողքին կը մաղթենք որ զէրօ մը եւս աւելնայ եւ հետագա- յին քսանը դառնայ նաեւ եռեսուն։ Իրական իր կոչումին տէր անձնաւորութիւն մըն է Տէր Գէորգ Հալաճեանը։ Հիմա վերադառնալով մեր թեմային, ուրեմն կենսական է որ մեր ժողովուրդը չխաբուի եւ իր քուէն չվաճառէ։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Մեր ժողովուրդին կոչ կ҆ուղղենք, որ մտիկ չ҆ընեն Լավրովի պէս անձնաւորութեանց, որոնք կը թելադրեն մեզի, որ Հայաստանի փրկութիւնը միայն Ռուսաստանով է։ Սիրելիներ, տակաւին մեր մաշկին վրայ կը կրենք այդ ցաւը, որ ստացանք վերջին տարիներուն, երբ իրենք դիտեցին մեր երիտասարդներու հողումը։ Արիւնը տակաւին չէ չորցած ինչպէս որ ըսինք։ Մենք չենք կրնար այլեւս հաւատալ իրենց։ Անոր համար մենք իրաւունք ունինք բողոքելու եւ մեր իրաւունքը պահանջելու։
Վերջ պէտք է տան բոլոր անոնք, որոնք տակաւին կը փորձեն հայրենիքը ծախել, յանուն իրենց անձնական շահերուն։ Վերջ սիրելիներ։ Ժամանակը եկած է, որ մենք տէր կանգնինք հայրենիքին։ Եթէ մենք չկանգնինք, ուրիշներ տէր պիտի կանգնին մեր հայրենիքին, նամանաւանդ ընչաքաղց, ամբարտաւան, այդ բռնակալ Ալիեւը, որ առաւօտ, երեկոյ կը խօսի արեւմտեան Ատրպէյճանի մասին։