Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը կը պատրաստուի յառաջիկայ ուր- բաթ եւ երկուշաբթի օրերուն Քոսովոյի եւ Մոնթենեկրոյի դէմ բարեկամական մրցումներուն, որոնց համար նետերլանտցի մարզիչ Ճոն Վան՛թ Սխիփ 27 մարզիկներ հրաւիրած է ազգային խումբ:
27 մարզիկներու ցանկէն պիտի բացակային բերդապահ Օգնյեն Չանչա- րեւիչ, Անտրէ Չալիշիր, Վահան Պիչախչեան, Սոլոմոն Ուտօ, Ուկոչուքուօ Իվու, Լուքաս Զելարայեան, Տիգրան Բարսեղեան եւ Հրանդ-Լէոն Ռանոս, որոնք զանազան պատճառներով նկատի չառնուեցան, անոնցմէ մաս մը վիրաւոր են, իսկ միւսները նախընտրած են մնալ իրենց ակումբներուն հետ:
Կրասնոտարի միջնապահ Էտուարտ Սփիրցեան, որ Ռուսիոյ ախոյեան դարձաւ իր ակումբին հետ, բարձր տրամադրութիւններ ունի եւ առաջին անգամ ըլլալով Վան՛թ Սխիփի հետ ելոյթ պիտի ունենայ` նկատի ունենալով, որ վիրաւոր էր վերջին ելոյթներուն (ազգային խումբի):
Մոսկուայի Լոքոմոթիւ ակումբի պաշտպան Նայիր Թիկնիզեան, որ ըստ երեւոյթին պիտի միանայ Սերպիոյ ախոյեան Կարմիր Աստղ Պելկրատին, վերջապէս հանգիստ ձեւով կրնայ կեդրոնանալ իր ֆութպոլի ասպարէզին վրայ, ամիսներէ ի վեր փոխանցումի նիւթերով անհանգիստ մնալէ ետք:
Մոլտովայի բաժակակիր դառնալէ ետք Շերիֆի յառաջապահ Արթուր Սերոբեան կը կարծէ, որ ազգային խումբին մաս կազմելը պատիւ մըն է, եւ բարեկամական կամ պաշտօնական խաղեր չկան: «Միշտ պէտք է լաւագոյնը տալ», կը հաստատէ ան: «Հաւաքական կը հրաւիրուինք եւ ամէն ինչ կը փորձենք ընել ազգին համար: Վստահ եմ, որ բոլորս կ՛ընենք մեր լաւագոյնը»:
Ստորեւ կը ներկայացնենք 27 մարզիկներուն անունները.
Բերդապահներ.-
Հենրի Աւագեան (Արարատ-Արմենիա)
Արման Ներսէսեան (Բ. Կ. Մ. Ա.)
Արսէն Բեգլարեան (Վան)
Անաթոլի Այվազով (Վան)
Յետսապահներ.-
Վարազդատ Հարոյեան (Փիւնիկ)
Կամօ Յովհաննիսեան (Արարատ-Արմենիա)
Էտկար Գրիգորեան (Արարատ-Արմենիա)
Սերկէյ Մուրատեան (Նոա)
Յովհաննէս Համբարձումեան (Նոա)
Պետիկ Մանուկեան (Բ. Կ. Մ. Ա.)
Նայիր Թիկնիզեան (Լոքոմոթիւ Մոսկուա)
Գէորգի Յարութիւնեան (Փուշքաշ Ակադեմիա)
Ստեփան Մկրտչեան (Օսիեք)