Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Ռուսիա իր քաղաքացիներուն` Հայաստան մուտքի արգել- քը ոչ-բարեկամական գործողութիւն կը համարէ: «Երեւանին հակասու- թիւններու կարգաւորման յստակ քայլեր առաջարկուած են, իսկ Մոսկուա կը սպասէ արձագանգի», ըստ «Թասս»ի, յայտնեց Զախարովա, որ աւելցուց. «Այս կը հակասէ Ռուսիա-Հայաստան համագործակցութեան դաշնակցային բնոյթին: Հարցը քննարկուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեր- կէյ Լաւրովի` Մայիսին Հայաստանի Հանրապետութիւն կատարած այցելու- թեան ընթացքին: Հայկական կողմին յստակ քայլեր առաջարկուած են, ուս- տի կը սպասենք Երեւանի արձագանգին»:
Զախարովա այս մասին խօսեցաւ՝ պատասխանելով Ռուսիոյ նախկին երեսփոխան Ֆրանց Քլինցեւիչը եւ անոր ընկերակցող մասնագէտները Հայաստան մտնելը արգիլելու քայլին գծով հարցումի մը։