Հայաստանի պասքեթպոլի աղջկանց պատանիներու ազգային խումբը (16 տարեկանէն վար) կը շարունակէ իր ելոյթները Եւրոպայի ախոյեանութեան Գ. դասակարգին մէջ:
Կիսաւարտականին Մալթային 72-65 արդիւնքով յաղթելէ ետք, ազգային խումբը հասաւ աւարտական:
Ըստ Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ ծառայութեան, Մալթայի դէմ մրցումի «Էմ. Վի. Փի.» ընտրուած է Աւա Սեդա Ղարիբ, որ 21 կէտ կրցած է նշանակել: Ղարիբ 17 ռիպաունտ ալ ձեռք ձգած է, ինչպէս նաեւ 4 էսիսթ:
Աւարտականը տեղի կ՛ունենայ այսօր, ուր Հայաստան պիտի մրցի Կիպ- րոսի դէմ: