Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններէն ետք միջազգային հանրու- թիւնը իր աջակցութիւնը յայտնեց խաղաղութեան, նաեւ՝ Երեւանէն եւ Պաքուէն ակնկալելով հասնիլ անոր: 

Եւրոպական Միութիւնը խրախուսեց Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը կա- րելի եղածին չափ արագ ստորագրել եւ վաւերացնել խաղաղութեան համա- ձայնագիրը: 

Միացեալ Նահանգները յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն կ՛աջակցի Հա- րաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան խթանման ջան- քերուն: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թեմի Պրիւս ըսաւ, որ կը հետեւի մամլոյ հաղորդագրութիւններուն: «Թրամփի վարչակազմին եւ արտաքին գործոց նախարար Ռուպիոյի մօ- տեցումը ինքնին խօսուն է. կառավարութեան հանդիպումին ընթացքին կատարուած դիտարկումը ցոյց կու տայ, որ ասիկա խաղաղութեան համար աշխատող վարչակազմ է: Անոնք ամէն ինչ կ՛ընեն, որպէսզի հասնին պէտք եղած տեղը։ Այս դիրքորոշումը չէ թուլցած: Ասիկա պայմանաւորուած է անով, որ «Ամերիկան դարձեալ հզօր դարձնելու» յանձնառութիւնը, անշուշտ, կ՛ընդգրկէ նաեւ մեզ շրջապատող աշխարհին իրավիճակը», ըսաւ Պրիւս: 

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ ապահովութեան քաղա- քականութեան հարցերու գծով բանբեր Անիթա Հիփըր «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին վերահաստատեց Պրիւքսէլի աջակցութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործըն- թացին: «Ասիկա կարեւոր քայլ է տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղա- ղութեան եւ ապահովութեան հասնելու ուղղութեամբ: Երկու կողմերը կը քաջալերենք կարելի եղածին չափ շուտ ստորագրելու եւ վաւերացնելու խա- ղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծը: Եւրոպական Միութիւնը պատ- րաստ է յաւելեալ աջակցութիւն եւ փորձագիտական խորհրդատուութիւն տրամադրելու, եթէ կողմերը խնդրեն», ըսաւ Հիփըր։ 

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բա- դալեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին հանդիպումը յաջողած համարեց՝ աւելցնելով. «Հաստատում ենք, որ այն կարող է խաղաղութեան գործընթացի հետագայ իրացման լուրջ հիմք հանդիսա- նալ»։ 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *