«Եու. Էֆ. Սի.»-ի թեթեւ կշիռի դասաւորման թիւ 2 դասուած Արման Ծառու- կեան նոր մանրամասնութիւններ յայտնեց իր յաջորդ հաւանական մենա- մարտին մասին: 

Ծառուկեան, որ միշտ փորձերու մէջ է եւ կը պատրաստուի, ըսաւ. «Ինծի ըսին, որ մինչեւ յաջորդ շաբաթ պէտք է որոշում տան. կա՛մ տիտղոսի համար պիտի մենամարտիմ Թոփուրիայի դէմ, կա՛մ տիտղոսի մենամարտէն առաջ մէկ մենամարտ ունենամ օգոստոս-սեպտեմբեր ամիսներուն»: 

Յիշեցնենք, որ աւելի կանուխ Ծառուկեան յայտարարած էր, թէ պատ- րաստ է մենամարտելու անցեալ ամիս թեթեւ կշիռի ախոյեան դարձած Իլիա Թոփուրիայի դէմ: Իլիա Թոփուրիա, որ սպանացի (ծնունդով վրացի) մարտիկ է, միշտ ալ թերագնահատած է Ծառուկեանը` ըսելով, թէ իր տիտղոսի մրցա- կից Օլիվէյրան Ծառուկեանին քանի մը անգամ խեղդելով քիչ մնաց յաղթէր, մինչ ինք շատ դիւրաւ կրցած է յաղթել անոր: 

Ծառուկեանի նպատակն է մրցիլ Թոփուրիայի դէմ, յաղթել անոր եւ զայն գահընկէց ընել թեթեւ կշիռի ախոյեան դառնալով: 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *