ԿԳՄՄ նախարար Ժաննա Անդրէասեան նշեց՝ Ազնաւուրը իւրաքանչիւրի կեանքին մէջ առանձնայատուկ հարազատ է, եւ հազուադէպ է, որ մարդիկ, անձամբ չճանչնալով մարդը, ունենան հարազատութեան այսպիսի զգացում մէկուն հանդէպ: 

«Ֆիլմ, թատրոն, կերպարուեստ. բնական է, որ այս հրապարակն Ազնա- ւուրի անունով կոչելը եւ այստեղ Ազնաւուրի արձան ունենալը շատ ներդաշնակ եւ տրամաբանական է: Ինչպէս մշակոյթն է միաւորում մարդկանց, այնպէս էլ Ազնաւուրն իր ամբողջ գործունէութեամբ շարունակում է միաւորել մեզ»,- ըսաւ ան: 

Նիքոլա Ազնաւուր յիշեցուց, որ անցեալ տարի 100-ամեակի միջոցա- ռումներու ծիրին մէջ Ֆրանսայի մէջ հիմնուած է Ազնաւուրի անուան պարտէզը Շանզ Էլիզէի սկզբնամասին: Այդ իսկ օրը Փարիզի քաղաքապետը պարտաւորուած է, որ այդ նոյն պարտէզին մէջ պիտի ըլլայ Ազնաւուրի յիշատակին համար արձան մը: 

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *