ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Բարի երեկոյ, սիրելի հեռուստադիտողներ։ Անցած կիրակի Հայաստանի դաւաճանական -5րդ շարասեան ղեկավարները, պարագլուխները, սկսած նախկին նախագահներ՝ Քոչարեանէն եւ Սերժ Սարգսեանէն, եւ իրենց անմիջական գործընկեր՝ կաթողիկոս, Կտրիճ (շատերը, անշուշտ, զինք կը կոչեն իր աշխարհական անունով՝ Կտրիճ Ներսէսեան, եւ ուրիշներ՝ չկաթողիկոս) Գարեգին Բ.ն, եւ իրենց մեղսակից Լոս Անճելըսահայ զինակիցները ամօթալի պարտութիւն կրեցին այստեղ՝ Լոս Անճելըսի մեջ։ Իրենք հազարաւոր ցուցարարներու կը սպասէին, սակայն ընդամէնը 1,5 միլիոն ամերիկահայութեան վրայ միայն 125 կարողացան համախմբել, որ իբրեւ թէ հայրենասիրական ցոյց պիտի կազմակերպեն: Միասին դիտենք այս լրատուութիւնը, որ յատուկ պատրաստուած է այս յայտագիրի համար, որպէսզի մեր հեռուստադիտողները մանրամասն իրազեկուին։ 

ՏԵՍԱՆԻՒԹ. Լոս Անճելըսի ՀՅԴ-ի, ինչպէս նաեւ՝ Արք. Յովնան Տէրտէրեանի եւ Գարեգին Բ.-ի ենթակայ Արեւմտեան Թեմի կողմնակիցները Կիրակի, 13 Յուլիսին բողոքի աքցիա կազմակերպած էին Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի մէջ Ընդհանուր Հիւպատոսութեան դիմացը։ Բողոքի աքցիայի գլխաւոր նախաձեռնողները գովազդ սկսան տարածել, իբրեւ թէ հայրենասիրական մէկ ելոյթի արտայայտութիւն մը, բայց ոչ մէկ նշում յանցագործ Միքայէլ Արք. Աջապահեանի, Բագրատ Արք. Գալստանեանի եւ ռուս օլիկարխ Սամուէլ Կարապետեանի մասին։ Գովազդը կը թաքցնէր բողոքի աքցիայի իսկական նպատակը, որը աջակցիլ էր Հայկական Պետականութեան դէմ յեղաշրջում նախաձեռնողներուն եւ որոնց գլխաւորագոյներ՝ Աջապահեանին, Գալստանեանին եւ ռուս օլիկարխ Սամուէլ Կարապետեանին, որոնք յանցագործութեան պահուն բռնուեցան եւ ներկայիս ազատազրկուած են, շնորհիւ Հայաստանի իրաւապահ մարմիններու կտրակսն եւ վճռական գործունէութեան։ Բողոքի աքցիայէն մօտ մէկ շաբաթ առաջ, ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱԿԻՑՆԵՐԸ, ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ի եւ USA Armenian Life-ի հետազօտող լրագրողներու հետ բացայայտեցին բողոքի աքցիայի իսկական բնոյթն ու նպատակը եւ իսկոյն սկսան բարձրաձայնել յորդորելով, որ լոս անճելըսահայութիւնը զգօն ըլլայ, ՉԽԱԲՆՈՒԻ ԵՒ ՉՄԱՍՆԱԿՑԻ։ 

Ի պատիւ 1,5 միլիոն հաշուող Արեւմտեան ԱՄՆ-ի հայութեան, պէտք է հաստատել, որ բացարձակ մեծամասնութիւնը մերժեց մասնակցիլ: Հետեւաբար, բողոքի աքցիայի կազմակերպիչները չկրցան իրենց երազած հազարաւոր հայերը համախմբել: Այն ինչը որ կատարուեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ, Կիրակի, Յուլիսի -13ին ծանր հարուած էր Մայր Հայաստանի մէջ դեռեւս առկայ ռսաստրուկ հակապետական դաւաճանական հինգերորդ շարասիւնի նկատմամբ։ 

Լոս Անճելըսի մէջ Արևմտեան ԱՄՆ-ի 1,5 միլիոն ամերիկահայերէն ոչ իսկ 150 հոգի չկրցան հաւաքել, այլ մօտ 125 հոգի: Այլ խօսքով, 1,5 միլիոն ամերիկահայութեան ճղճիմ եւ աննշան -%0.01ը միայն մասնակցեցաւ Հայաստանի ռսաստրուկներու հակապետական լոս անճելըսեան հանրահաւաքին: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Լոս Անճելըսի այն հատուածը, որոնք մօտիկ են, կամ կը համագործակցին, արդէն սովետականացած, պոլշեւիկ դարձած, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բիւրոյին հետ, իրենց իսկական դիմագիծը բացայայտեցին, եւ օր ցերեկով ոչ միայն այս ձախողած բողոքի աքցիան կազմակերպած էին, այլ նաեւ իրենք իրենց թոյլ տուած էին, որ մասնակիցներէն, ելոյթ ունեցողներէն մէկը՝ նախկին, ինձ համար այլեւս նախկին՝ Հայր Միւռոն Ազնիկեանը, բացէ ի բաց, հականէ անուանէ, մահուան սպառնալիք կարդայ Հայաստանի ժողովուրդի կողմէն ընտրուած վարչապետ Փաշինեանին։ 

Տեսանիւթ. Միւռոն Ազնիկեանը ըսաւ. «Պէտք է գլուխը կտրուի Փաշինեանին, որպէսզի հայրենիքը ազատագրուի, պէտք է գլուխը կտրուի Փաշինեանին, որպէսզի հայրենիքը ազատագրուի»։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Սա արտառոց երեւոյթ մըն է, որ Ամերիկայի մայրցամաքի վրայ մէկը ապուշութիւնը կ҆҆ունենայ, անմտութիւնը կ҆҆ունենայ այսպիսի «տաիշեան», այսինքն՝ մարդու գլուխ կտրելու վերաբերեալ այսպիսի սպառնալիք կարդայ, անհաւատալի բան է։ Ես երկար ժամանակ է, որ, ըսենք, 10 -ամեակներէ ի վեր ֆէյսպուքեան ընկերներ եղած էինք, իր հետ։ Սակայն այսօր, քիչ առաջ իմ ընկերութիւնը դադրեցուցի, ոչ թէ սառեցուցի, դադրեցուցի ընդհանրապէս, որովհետեւ ներելի չէ պարոն Վահէ Ազնիկեանի, որ նաեւ ծանօթ է Հայր Միւռոն Ազնիկեան, այսպէս մահուան սպառնալիք կարդայ որեւէ մէկուն հանդէպ։ Ո՜ւր մնաց, որ աշխարհական մը կարդայ։ Անշուշտ, աշխարհականն ալ իրաւունք չունի, եւ այստեղ պէտք է ըսել, որ Վահէ Ազնիկեանը պէտք է րոպէական փիլոնազրկուի եւ նաեւ րոպէական պէտք է հաշուէտուութեան ենթարկուի իրաւապահ մարմիններու կողմէ, ասիկա՝ ընդունելի չէ, եւ ըստ երեւոյթին, հակապետական գործունէութիւն տանող այդ նոյն շրջանակը, որ յունիսի 25ին ձախողուած, փառք Աստուծոյ ձախողուած պետական յեղաշրջում փորձեցին իրականացնել, հիմա, ըստ երեւոյթին, աւելի կատաղած են, որովհետեւ ըստ իրենց բնութագրմամբ, հայ ժողովուրդը «պոմժ» է, որ իրեն չէ ընտրած, հայ ժողովուրդը ապուշ է, անիմաստ է, որ իրենց ընտրութեան 2021 յունիսի արտակարգ ընտրութիւններուն սա ինչ է տուած պէտք եղած թուաքանակով: 

Եւ սա պէտք է մեզի լաւ դաս ըլլայ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմինները եւ նաեւ դատաիրաւական համակարգը լաւ կ҆҆ըլլայ որ ուշադրութիւն դարձնէ այն օրէնսգծին, որ այն քաղաքական ուժը, որ ֆիզիքական խոշտանգումի ֆիզիքական վայրագութեան կը դիմէ, պէտք է անպայման հաշուէտուութեան ենթարկուի։ Անշուշտ, ատոր վրայ գումարած նաեւ ընտրակաշառքները, ատիկա այլ թեմա է, բայց այսօրուայ թեման վայրագութիւնն է, ֆիզիքական վայրագութիւնն է՝ վախեցման գործընթացը գործածել որպէս զէնք իրենց դիմակազերծող, բացայայտող ժուռնալիսթներուն լռեցնելու համար, կամ վախեցման ենթարկել իրենց քաղաքական մրցակիցին, որպէսզի մրցակիցներու ռէյթինկը տկարացնեն, ժողովուրդին վախեցման, պուլիինկի ենթարկեն, որպէսզի գալիք ընտրութիւններուն պէտք եղած արժանի ձեւով իրենց ընտրութիւնը չկատարեն, այնպէս որ խիստ դատապարտելի է, որ այս վայրագութիւններու կողքին, երէկ գիշեր իմացայ, որ հանրայայտ հրապարակախօս, Գնէլ Սարգիսեանի դէմ մահուան սպառնացող վախազդեցիկ յարձակում գործուած է իր վրայ ֆիզիքապէս, եւ փառք Աստուծոյ, պարոն Սարգիսեանը կարողացած է ինքզինք պաշտպանել, բայց, անշուշտ, ստացած է ֆիզիքական վնասուածք։ 

Տեսնենք միասին այս տեսանիւթը եւ շարունակենք։ 

ԳՆԷԼ ՍԱՐԳՍԵԱՆ. Ժողովուրդ ջան, բարիրկուն ձեզ։ Ես հիմա ստիպուած եմ եթեր անեմ, իհարկէ, էս ժամերին վափշէ (ընդհանրապէս) չեմ արել ու, չէի էլ անի, բայց սա ֆիքսելու ու արձանագրելու համար։ Ուրեմն, հենց նոր, մի 10 րոպէ առաջ, մարդկանց իջնում, ճանապարհում եմ, հետ եմ մտնում պատիեսթ (շքամուտք), որ բարձրանամ վերեւ, պատիեսթում մի հատ սրբապղծի լակոտ, ղրկած, հելնում է դէմս, հենց պատիեսթի մէջ, բա՝ բարիրկուն։ Ասի՝ բարիրկուն, ուզում էի նայէի դէմքին, որ հասկանամ ծանօթ եմ, թէ չէ, ու իմ համար անսպասելի, դէ չեմ սպասում, խփեց, մի հատ հենց առաջի ուտառը (հաուածը), դէ չէի սպասում։ Ի հարկէ, յետոյ լաւը ծռել եմ, հելաւ հասցրեց փախնի, բայց նենց չի, որ մօտս բաներ չունեմ, հետքեր չունեմ իրանից մնացած, մայկէն (շապիկը) ճղրտաց վափշէ, հելաւ փախաւ։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Յարգելիներս, այսպէս չի կարելի շարունակել, այսպէս չենք կարող թոյլ տալ, որ հին գողապետականները, քանի որ իրենց լոպպազ երազանքները չեն կարողանում իրականացնել, հիմա արդէն սկսած են դիմել ֆիզիքական վայրագութեան։ Մեր առաջադրանքն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմինները նոյն վճռականութեամբ սկսին պաշտպանել քաղաքացիներուն եւ մոտ 15 օր առաջ մէկ այլ հեռուստատեսային զրոյցի ժամանակ ձեր խոնարհ ծառան բարձրաձայնեց այն կարեւոր միտքը, որ իր միտքը չէ իրականութեան մէջ, իմ միտքս չէ, ես իմ գաղափարը չէ, որ կը ներկայացնեմ, ես ընդամէնը հետազօտող լրագրող մըն եմ եւ նաեւ կեանքի փորձառութիւններէն սորվող, այլ մարդոց կեանքի փորձառութիւններէն սորվող, անհատ մըն եմ, սրտացաւ հայ մըն եմ, եւ ինչ որ լաւ բան կը տեսնեմ, իմ առաջադրանքը, որ այդ լաւ բանը բոլորս քննարկենք եւ գործադրենք, ի՞նչ էր այդ առաջադրանքը, որ մօտ 15 օր առաջ կատարուեցաւ։ 

Հիմա արդէն հայկական պետականութիւնը այս վայրագութիւններուն լոյսին տակ կը մտնէ շատ զգայուն եւ շատ ճակատագրական փուլ մը, եւ իւրաքանչիւր Հայաստանի քաղաքացի պէտք է դառնայ իրաւապահ մարմիններուն կողքին, իրաւապահ մարմիններուն թոյլտուութեամբ գործող զինուոր, Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին կայունացման զինուոր։ Ինչո՞ւ կ҆҆ըսեմ, որովհետեւ շատ լաւ փորձառութիւնը ունիմ, ըսենք, ամերիկացի ժողովուրդը, երբ կը սկսին թաղային կէնկերը վնաս հասցնել ազգաբնակչութեան, մէյ մըն ալ կը տեսնենք առողջ մտածող ամերիկացի երիտասարդ-երիտասարդուհիներ կը կազմեն թաղամասի վերահսկողութեան խումբեր, եւ այդ խմբաւորումները կը գործեն տեղական ոստիկանութեան անմիջական վերահսկողութեան ներքեւ, թէկուզ իրենք ոստիկաններ չեն, բայց կը մասնակցին թաղամասերուն պաշտպանութեան, կը մասնակցին թաղամասերուն վերահսկողութեան։ 

Հիմա, քանի որ պարոն Գնէլ Սարգիսեանին դէմ այսպիսի ոտնձգութիւն իրականացուեցաւ, եւ ինչպէս որ լսեցինք տեսանիւթին մէջ, շէնքի մուտքին թաքնուած մէկ անհատը վրան ֆիզիքապես յարձակում գործած է եւ վնաս հասցուցած է, եւ ինչպէս որ ըսինք, պարոն Գնէլ Սարգիսեանը, փառք եւ պատիւ իրեն, ինքզինքը լաւ կերպով պաշտպանած է, բայց այս յարձակումի մէջ Գարեգին Բ. չկաթողիկոսի եւ իր մաֆիոզի խմբաւորումին՝ կլանին նոյն մատնահետքերը կան, անոնք, ովքեր կը յիշեն՝ Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ շարժման ժամանակ, բողոքի ցոյցի մը ժամանակ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիմացը մենք ականատես եղանք խաղաղ ցուցարարին՝ խոշտանգումի ենթարկելու փաստին, որ ինչպէս խաղաղ ցուցարարին, Գարեգին Բ.ի մաֆիոզի ընկերները խոշտանգումի ենթարկեցին։ Եվ այս պարագային, նաեւ ձեր խոնարհ ծառային դէմ մահուան սպառնալիք կարդացած են, դեռեւս 2018ին։ Այո, կրնաք ըսել, որ, օ՜, երկար ժամանակ առաջ էր։ Ոչ, սիրելիներ։ Սա կը փաստէ մատնահետքը։ Սա կը փաստէ այն մշակոյթի առկայութիւնը, որ երբ որ մէկը ճշմարտութեան լոյսի տակ բացայայտումներ կ҆҆ընէ, դիմակազերծում կը կատարէ, օ՜, Գարեգին Բ.ի, Ռոպերտ Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի եւ ընդհանրապէս ռսաստրուկ -5րդ շարասիւնի գործին չի գար, որ մէկը բարձրաձայնէ եւ իրականութիւնը բացայայտէ եւ հանրութեան սեփականութիւնը դարձնէ։ Իմ դէմ կատարուած մահուան սպառնալիքի առթիւ, դիտենք այս տեսանիւթը եւ շարունակենք մեր զրոյցը։ 

Տեսանիւթ. Գարեգին Բ.-ի եւ Յովնան Տէրտէրեանի դէմ բողոքի աքցիայի պաստառները քանդող Գարեգին Բ.-ի եւ Տէրտէրեանի կցորդներուն՝ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. «Որտե՞ղ էք տանում, որտե՞ղ էք տանում։ Որտե՞ղ էք տանում, այդ որտե՞ղ էք տանում, այդպէս իրաւունք չունէք տանէք»։ 

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ-Ի ԵՒ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ՃԱՂԱՏ ԿՑՈՐԴԸ. Որտեղ էլ տենանք պոկելու ենք, մի քիչ էլ շարունակէք, վզներդ ենք պոկելու։ Որտեղ էլ տենանք պոկելու ենք, մի քիչ էլ շարունակէք, վզներդ ենք պոկելու։ 

«» 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Եւ այս մահուան սպառնալիքի լոյսին տակ, եւ այս մահուան սպառնալիքը կատարուեցաւ Գարեգին Բ.ի անմիջական զինակից՝ Լոս Անճելըսեան կցորդ, նոյն մաֆիայի անդամ, Յովնան Տէրտէրեանի կողմէ գլխաւորուած Արեւմտեան թեմի սիքիւրիթի կարտերու միջոցաւ։ Եւ երբ որ Յովնան Տէրտէրեանին հարց տուին ամերիկացի ժուռնալիսթներ, որ արդեօք ասանկ բան մը պատահա՞ծ է, դուք տեղեա՞կ էք, ինքը սուտ խօսեցաւ, անանկ բան չկայ, ըսաւ, բայց յետոյ թուղթը Պըրպէնք Փոլիս տիփարթմընթին թոյլտուութեամբ հրապարակուած այն թուղթը, որ կը մատնանշէր դիմագիծները, ցոյց կու տար այն մահուան սպառնալիք կարդացողներուն, այն ժամանակը ապշահար մնաց, իր սուտին վրայ բռնուեցաւ։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Ուրեմն, տեսէք, այս գարեգինապաշտներուն, այս գարեգինեան ռուսահայկական մաֆիայի մշակոյթը եւ գործելաձեւը։ Առաջին, իրենց զինանոցին առաջին զէնքը վախեցման ենթարկել է, որպէսզի իրենց մասին բացայայտում ընողը լռեցնեն պուլիինկի ճանապարհով։ Եթէ այդ չաշխատի, -2րդը՝ անիմաստ, անհիմն պատուոյ դատ բանալ, որպէսզի 100 -աւոր, 1000 –աւոր դոլարներու ծախսի տակ դնեն այդ ժուռնալիսթին, յոյս ունենալով, որ այդ ժուռնալիսթը չի կրնար դիմանալ դատական ծախսերուն, հակառակ որ ինքը ճշմարտութիւնը կը ներկայացնէ, վերջաւորութեան ծունկի կու գայ եւ, կ҆҆ըսէ, լաւ այլեւս չեմ գրեր, բայց կասեցուցէք այս դատական գործընթացը։ 

Իսկ այս պարագային, ես ձեզի ուրախութեամբ կը յայտնեմ, որ Յովնան Տէրտէրեանը՝ Գարեգին Բ.ի կցորդը, պատուոյ դատ բացած է USA Armenian Lifeի դէմ, եւ ձեր խոնարհ ծառայ՝ Աբօ Չափարեանին դէմ, եւ ի պատիւ ամերիկեան դատարանին եւ ամերիկացի դատաւորին, եւ Ամերիկեան դատաիրաւական համակարգին, պէտք է ըսել, որ Գարեգին Բ.ի գործակից Յովնան Տէրտէրեանը ջախջախիչ պարտութիւն կրեց՝ 15 բողոքի բողոքարկման կէտերուն վրայ, 15ի վրայ ալ կորսնցուց, եւ դատաւորը իրեն վճիռ արձակեց, հրահանգեց, որ USA Armenian Lifeի Աբօ Չափարեանի դատական բոլոր ծախսերը վճարէ։ 

Եւ սա եղաւ անկուսակցական ազատ մամուլի շռնդալից յաղթանակը՝ վախեցման պուլիինկի դէմ, ինչպէս նաեւ որեւէ ձեւով, դատական ճանապարհով վախեցնելու բոլոր ոտնձգութիւններու դէմ, այնպէս որ, սիրելիներ, մենք մեր աշխատանքները կը շարունակենք, եւ հիմա, այս պահին շատ կարեւոր է, որ բարձրաձայնենք նորագոյն վայրագութեան մասին եւ դատապարտութեան, դատապարտումի մեր խօսքը բարձրաձայնենք պարոն Գնէլ Սարգիսեանի դէմ՝ սպառնալիքի եւ ֆիզիքական վայրագութեան առթիւ։ Եթէ լաւ մարդիկս չբարձրաձայնենք, հապա ո՞վքեր պիտի բարձրաձայնեն, եթէ մենք լուռ մնանք, ապա, ուրեմն, հերթը պիտի գայ -3րդ անձի, -4րդ անձի, -5րդ անձի, այնպէս որ մեր առաջադրանքն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմինները լուրջ կերպով հետապնդեն այդ վայրագութիւն գործող գարեգինապաշտի, -5րդ շարասիւնի ներկայացուցիչին եւ ազատազրկեն, եւ ընդհանրապէս թաղային պաշտպանութեան խմբաւորումներուն կազմավորումը արագընթաց կերպով գործադրուի, ի բարօրութիւն եւ ի բարեկեցութիւն եւ ներքին կայունացման հզօրացում, որովհետեւ այս ռսաստրուկները միշտ կը սիրեն պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալ եւ այս նոյն ռսաստրուկները՝ 5րդ շարասիւնը, վերջին օրերու դրական զարգացումներու լոյսին տակ առաւել զայրացած են, առաւել իրենց դիրքերը տկարացած են երբ վարչապետ Փաշինեան գնաց Տուպայ եւ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւին հետ հանդիպեցան եւ վերջին լուրերու համաձայն՝ երկու պետութիւնները արդէն, թէկուզ իրար հանդէպ ոխերիմ թշնամիներ են, արդէն կը նախապատրաստուին միացեալ ճակատ կազմել Ռուսական Դաշնութեան դէմ։ 

Եւ շատերդ վստահ եմ որ պիտի յիշէք, ձեր խոնարհ ծառան 2.5 կամ 3 ամիս առաջ առաջինն էր, որ բարձրաձայնեց այն փաստը, որ այն ժամանակուայ նախագահ Թրամփի սիլիպիլին, սիրաբանութիւնը, որ բարեբախտաբար կարճ տեւեց, եւ բարեբախտաբար ձեր խոնարհ ծառան ճիշդ դուրս եկաւ, այն ժամանակ երբ որ Թրամփ սիրաբանական կարճ խօսքեր ըսաւ Փութինի մասին, արդէն Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգիսեանի ճամբարը սկսաւ ուրախութեան հրավառութիւն ընել եւ այն ժամանակ ձեր խոնարհ ծառան ըսաւ, շատ ուրախանալու տեղիք չկայ, պարոնայք, սա ժամանակաւոր է, որպէսզի Փութինը Թրամփը բերէ ծուղակի մէջ, եւ այո, ծուղակի մէջ, եւ վերջին 48 ժամուայ ընթացքի զարգացումները արդէն կը մատնանշեն որ այդ ընթացքը աւելի կը սաստկանայ, եւ նախագահ Թրամփ, ըստ արժանահաւատ աղբիւրներու թոյլտուութիւնը ստորագրած է, որ գործուղղուի դէպի Ուքրանիա։ Եւ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը պիտի որ սաստկանայ, որովհետեւ հաւաքական արեւմուտքը այս անգամին շատ աչալուրջ կերպով կը հետեւի զարգացումներուն եւ հաւաքական արեւմուտքի ղեկավարութիւնը արդէն ընդունած է այն որոշումը, որ եւրոպական մայրցամաքի վրայ եւ մօտ ապագային ընդլայնուող եւրոպական մայրցամաքի վրայ պիտի թոյլ չտրուի որեւէ պետութեան կայսերապաշտական նկրտումներ, կայսերապաշտական ամպիցիաներ, ռուսասովետահայերէնով՝ ամպիցիաներ հետապնդեն։ Ուրեմն, ներկայ դրութեամբ, եւրոպական համայնքը արդէն լաւ կազմաւորուած է, հիմա կը մնայ որ երկու կայսերապաշտական պետութիւններ վերահսկողութեան ներքեւ բերուին։ Մէկը այսօր այսպէս կոչուած Ռուսական Դաշնութիւնն է, միւսն ալ նէօ օսմանեան երազանք հետապնդող Էրտողանի Թուրքիան։ 

Եւ մենք գիտենք, անգլերէն ինչպէս որ կ҆҆ըսեն անգլերէն , այսինքն Ռուսաստանը պիտի բերուի ճիշդ չափի, այսինքն ներկայ Ռուսական Դաշնութեան 27 հանրապետութիւնները խոշոր մասով պիտի անջատուին, ազատուին, դառնան ինքնիշխան պետութիւններ եւ ո՞ւր պիտի մնայ Ռուսական Դաշնութիւնը։ Պիտի միանայ Սովետական Կայսրութեան աղբանոցին։ Նոյնն ալ միւս պետութիւնը։ Բայց հիմա մեր այսօրուայ թեման Ռուսական Դաշնութիւնն է եւ Հայաստանի ներքին ռսաստրուկ ճամբարի 5րդ շարասիւնի դաւաճանական խմբաւորումը։ 

Եւ այլ աղբիւրներ կը նշեն, որ նախագահ Փութին չափէն աւելի արդէն սկսած է անհանգստանալ, Ռոպերթ Քոչարեանի, Սերժ Սարգիսեանի, Գարեգին Բ.ի ձախաւեր գործունէութեան առթիւ եւ պիտի չզարմանանք, որ նոյն ինքը Փութինը, որտեւ այս տարրերը իրեն համար ըստ նոյն աղբիւրներուն վերածուեր են անգլերէն, այսինքն քաղաքական մեծ վնասներու վերածուած են։ Պիտի չզարմանաք եթէ նոյն ինքը Փութինը վերացնէ իր ստրուկները, որովհետեւ ամբողջ աշխարհով մէկ այս թալանչի, հակազգային, հակապետական տարրերը ոչ միայն Հայաստանին կը փորձեն վնաս հասցնել, այլ Ռուսական Դաշնութեան վարկը ամբողջ աշխարհով մէկ խափ խայտառակ կ҆҆ընեն։ Եւ այո, հիմակուան դրութեամբ մենք տեսանք քիչ առաջուայ տեսանիւթին մէջ, թէ ինչպէս 1.5 միլիոն ամերիկահայութեան միայն 125 հոգի, որ 0.01 տոկոսը հազիւ կը ներկայացնէ, մասնակցեցան ռուսաստրուկներու բողոքի աքցիային։ Սա արդէն մեծ ապտակ մըն է եւ մեծ չափանիշ մըն է Ռուսաստանի կրած ռէյթինկի անկումին, խոշոր անկումին։ Եւ ովքե՞ր են այս ընդհանուրին մէջ գլխաւոր մեծակատարները։ Անհաւատալի, բայց իրաւ։ Իբրեւ թէ Աւետարանը քարոզող քահանաներ, հոգեւորականներ, կեղծ հոգեւորականներ։ Պիտի առաջարկէի, որ մասին մանրամասնէ իմ զրուցակից, յայտնի հրապարախօս, պարոն Ոսկան Մխիթարեանը։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Ցաւալի երեւոյթ է, որ հոգեւորականութիւնը այս պարագային, թէեւ հոգեւոր բառը շատ չեմ սիրեր գործածել, այս պարագային պիտի ուզէի ըսել, եկեղեցականները, մոռցած Աւետարանի սկզբունքները, մտած են քաղաքականութեան մէջ եւ ոչ թէ միայն մտած, այլ յեղափոխական դարձած են եւ կոչ կ҆҆ուղղեն ժողովուրդի կողմէ ընտրուած իշխանութիւնը տապալել։ Անշուշտ բոլորդալ տեսաք, թէ բոլոր անոնք, որոնք այս սպառնալիքներուն դիմեցին, այսօր ճաղերուն ետին են։ Սիրելիներ, որեւէ տրամաբանող եկեղեցական, որ իսկապէս կը հաւատայ Աւետարանի սկզբունքներուն, երբեք քինախնդրութեամբ չի մօտենար, ոչ թէ քինախնդրութեամբ չի մօտենար միայն, այլ չի կրնար արեան մասին խօսիլ։ 

Բագրատ սրբազան ատոր համար ճաղերուն ետին էր։ Որ կը փորձէր գնդակահարել հայը, իր եղբայրը փողոցներու վրայ։ Եւ այսօր, ցաւ ի սիրտ այս վերջին ցոյցին, որ տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ, Կիլիկեան թեմէն Միւռոն Վրդ. Ազնիկեան կոչ կ҆҆ուղղէ վարչապետին գլուխը կտրելու։ Չհասկցանք, մենք հայութիւնս երբ ISIS դարձանք, երբ իսլամական հրոսակներու վերածուեցանք, որ արեան կոչ կ҆҆ուղղենք մեր ժողովուրդին։ Շատ ցաւալի է, սիրելիներ, որովհետեւ ձուկը գլուխէն յօտած է։ Երբ որ Գարեգին կաթողիկոս կը համարձակի ճակատ բարձրացնել, ճակատ բանալ ժողովուրդի կողմէ ընտրուած իշխանութեան դէմ, պիտի չզարմանանք, որ իր պնակէն կշտացող, իր հացահատիկէն կշտացող աւազակներ, ոչ եկեղեցականներ, բոլորն ալ սքէմին տակ պահուըտած, կը փորձեն տապալել հայրենի իշխանութիւնը։ Ե՞րբ պիտի սորվինք իշխանատենչ ըլլալ այն իմաստով, որ իշխանութիւն կերտելու մարմաջ ունենանք եւ ոչ՝ փլուզելու։ 

Ինչպէս պարոն Չափարեան ներկայացուց որ ինչեր կը պատահին չորս կողմ, հայրենի պետութեան, երկրի չորս կողմը, այդ բոլորը տեսնելով, մենք ինչպէ՞ս կրնանք կոչ ուղղել մեր երկիրը տապալելու։ Ա՞յս է մեր հայրենաշինութեան տեսլականը։ Ա՞յս պիտի ըլլար մեր եկեղեցականութեան տեսլականը հանդէպ հայրենիքին։ Ո՞ւր է ձեր Սուրբ Գիրքը։ Արդեօք ձեր Սուրբ Գիրքը ուրի՞շ է այն Սուրբ Գիրքէն, որ մենք կը ճանչնանք։ Ամօթ է բոլորիդ, որ հրապարակ ելած էք տապալելու հայրենի իշխանութիւնը։ Սիրելիներ, իշխանութիւններ կու գան, կ҆҆երթան, հայրենիքը պիտի մնայ, մի՛ ստրկացնէք հայրենիքը օտար պետութիւններուն։ Այս պիտի ըլլայ ձեր տեսլականը։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *