Սիւնիքի ճամբուն շուրջ աշխուժացած քննար- կումներու լոյսին տակ՝ տեղի ունեցաւ Հայաս- տանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իրա- նի նախագատ Մասուտ Փեզեշքեանի միջեւ հեռաձայնային զրոյց մը։
Ըստ Երեւանի` անոնք քննարկեցին երկ- կողմ, տարածաշրջանային եւ միջազգային օրա- կարգի հարցեր:
«Վարչապետն Իրանի նախագահին ցաւակ- ցութիւն է յայտնել նախորդ ամիս տեղի ունե- ցած իրադարձութիւնների (Իսրայէլ-Իրան 12օրեայ պատերազմի) հետեւանքով զոհերի կապակցութեամբ», կը յայտնէ Փաշինեանի գրասենեակը` աւելցնելով, որ Փաշինեան Իրա- նի նախագահը պաշտօնական այցելութեամբ հրաւիրած է Հայաստան:
Ըստ իրանեան «Մեհր» լրատու գործակա- լութեան՝ Իսլամական Հանրապետութեան Ազ- գային ապահովութեան Գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Աքպար Ահմատիան իր հայաստանցի պաշտօնակից Արմէն Գրիգո- րեանի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյ- ցին ընթացքին վերահաստատեց Թեհրա- նի տեսակէտը, ըստ որուն՝ «Իրան դէմ է տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքակա- նութեան որեւէ փոփոխութեան եւ կը կարծէ, թէ այդ մօտեցումը շահաւէտ է տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն համար»:
«Արմէն Գրիգորեանի հետ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին Ահմատիանը իր երախտա- գիտութիւնը յայտնեց Իսրայէլի վարչակազմին` Իրանի դէմ յարձակման ընթացքին Հայաս- տանի ցուցաբերած դիրքորոշումին համար: Ազգային ապահովութեան Գերագոյն խոր- հուրդի քարտուղարը նաեւ վերահաստատեց, որ Իրան դէմ է տարածաշրջանի աշխար- հաքաղաքական տարածքի որեւէ փոփոխու- թեան», յայտնեց վերոնշեալ գործակալութիւ- նը: