ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Բարի երեկոյ, սիրելի հեռուստադիտողներ։ Ինչպէս որ այս վերջին օրերուն զարգացումներուն կը հետեւինք, կը տեսնենք որ ինչպիսի հզօր ճնշում կայ հայկական պետականութեան վրայ, ե՛ւ արեւելքէն, ե՛ւ արեւմուտքէն։ Ի հարկէ մենք առաջիններէն էինք, որ միացանք մեր նախորդ ընկեր-ընկերուհիներուն տեղեկատուական դաշտէն ներս եւ բարձրաձայնեցինք այն ծնեալ իրաւունքին մասին, որ հայկական պետականութիւնը ունի եւ է՛ բազմազան դարձնել, (diversification diversification) արտաքին զինակցութիւնները, տնտեսական, քաղաքական, ռազմական եւ քաղաքական առումով։ Ամէնէն կարեւորը՝ այս ծնեալ իրաւունքը մենք չպէտք է տեղի տանք, որովհետեւ ատիկա որեւէ ինքնիշխան պետութեան իրաւունքն է: Կան ծանօթներ որոնք աւելի ռուսական արեւելումի կը հետեւին, ուրիշներ՝ արեւմուտքի, ուրիշներ՝ հարաւի, հիւսիսի, կապ չունի, կարեւորը բոլորն ալ պէտք է ծառայեցուին հայկական ինքնիշխանութեան, հայկական արեւելումին, հայկական օրիենթացիային։ Բայց եթէ խօսքը կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան այլընտրանքները պակսեցնելու եւ սկսին մեր ներքին հին ռեժիմականները, ռսաստրուկները սկսին համոզել հիպրիտային պատերազմի միջոցաւ, որ մենք այլընտրանք չունինք, բացի լաւ ըլլալու Ռուսաստանի հետ, եղբայր, բոլորին հետ լաւ ըլլանք, սակայն ոչ որեւէ կողմի ստրուկը։ Պէտք է որ մենք այդ իրաւունքի վրայ հաստատ մնանք, այլապէս ամէն ինչ տանուլ կու տանք։ Մենք իրաւունք չունինք 44օրեայ պատերազմին նահատակուած, 2016 թուի քառօրեային եւ առաջին ազատագրական պայքարի՝ 1994-1989 թուականներու բոլոր նահատակներու արիւնը արիւնը խաղաքարթի վերածելու եւ զիջումներ ընելու մեր ծնեալ իրաւունքի վրայ։ Ըստ երեւոյթին 5րդ շարասեան թուլաները, ներառեալ պոլշեւիկ, ստրկամիտ դարձած եւ նախկին ՀՀՇական դաշնակցականները, պատկերացուցէք որ ՀՅԴ Բիւրոյի ղեկավարները դարձած են։ Այդ ինչ օրի հասած է այդ ընտրիր կուսակցութիւնը, իսկ անոնց հետ միասին 5րդ շարասեան Ռոբերթ Քոչարեան, Սերժ Սարգսեան, Գարեգին Բ. եւ ամենահետաքրքրականը, վերջերս, տրոյական ձիերը Սամուէլ Կարապետեան՝ Տաշիր Սամօ եւ յայտնի տրոյական ձի՝ Արա Աբրահամեան, այս բոլորը միացած կ҆աշխատին ամէն կերպ Հայաստանը վերածելու միութենական մարզի, forepost-ի կամ կուպեռնիա, այսինքն կառավարման մարզի Ռուսական Դաշնութեան եւ Պելառուսի միութենական կազմէն ներս։ Ինչպէս կարելի է այդպիսի նպատակի մը համախոհ ըլլալ եւ իրենք առաջ կը քշեն «հա այսօր, հա վաղը, հա կէս ժամ ետք, հիմա Զանգեզուրի միջանցքը ներկայ իշխանութիւնը արդէն պատրաստ է յանձնելու Թուրքիային եւ Ատրպէյճանին»։ Մինչդեռ իրենք են որ նենգաբար կը պատրաստուին, եւ ինչպէս որ կը յիշէք, Յուլիսի 25ին, բարեբախտաբար ձախող պետական յեղաշրջում փորձեցին, որպէսզի իրենք գան իշխանութեան, բռնազաւթեն իշխանութիւնը եւ հանգիստ ոսկիէ սկուտեղի վրայ իրենք յանձնեն այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքը Ռուսաստանին եւ Ռուսաստանը շարունակէ իր խաղաքարթերը բազմապատկել ի հաշիւ աշխարհի հայութեան եւ յատկապէս հայկական պետականութեան։ Մենք տեսանք ինչպիսի բեմականացուած ձեւով պարտութիւններ կազմակերպեցին Ռուսաստանը եւ իր խամաճիկները Հայաստանէն ներս։ Հետաքրքրական է որ այս ներքին 5րդ շարասեան փարազիտները, ներառեալ, դժբախտաբար, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը անընդհատ պատասխանատուութիւննը կ҆ուզեն բեռցնել ներկայ իշխանութեան վրայ։ Եւ հետաքրքրականը այն է, որ 44օրեայէն անմիջապէս ետք արտակարգ ընտրութիւններու ժամանակ ընտրողներու մեծամասնութիւնը չհամոզուեցաւ հին ռեժիմականներու, ռսաստրուկներու այն թեմային, որ իբրեւ թէ ներկայ իշխանութիւններն են որ Արցախը լքած են եւ ներկայ իշխանութիւններն են, որ Արցախը յանձնած են, բայց եկէք տեսէք, որ հին ռեժիմականները, ժողովուրդը իմացաւ, որ ինչպէս ռսաստրուկ գեներալները ամէն կերպ սապոթաժ ըրին Արցախի պաշտպանութիւնը ե՛ւ Արցախի մէջ, ե՛ւ Հայաստանի տարածքին։ Եւ այսպիսով ժողովուրդը տարհամոզուած է, երբեք չէ համոզուած այն թեզով, որ այսօրուան իշխանութիւնները այդպիսի դաւաճանութիւն կը կարողանան գործած ըլլալ։ Մենք բազմիցս բարձրաձայնած ենք այն առաջարկը, որ կազմուի ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ մը, որ սկսած 1991 թուականէն մինչեւ այսօր հետաքննութեան ենթարկէ իւրաքանչիւր վարչակազմ, բացայայտումներ իրականացնէ եւ պատասխանատուութիւնը տեղադրէ, այդ ժամանակահատուածի վարչակազմին վրայ. 1998-1991 Լեւոն Տէր Պետրոսեան, 2008-1998 Ռոպերթ Քոչարեան, 2018-2008 Սերժ Սարգիսեան, եւ 2018 մինչեւ այսօր Նիկոլ Փաշինեան։ Ուրեմն այս չորս վարչակազմերը պէտք է որ ազգային հետաքննութեան գործընթացին ենթարկուին, որպէսզի ժողովուրդը իմանայ։ Թէկուզ ժողովուրդը գիտէ եւ չէ համոզուած հին ռեժիմականներու սուտ, անհիմն ամբաստանութիւններու վրայ եւ սա պոլշեւիկեան գործելաձեւ է։ Երբ որ պոլշեւիկ մը կամ ռսաստրուկ հայ մը, յանցագործութիւն կամ դաւաճանութիւն կը գործէ, անմիջապէս շուռ կու գայ մաքուր հայու վրայ այդ ամբաստանութիւնը, այդ լէքէ-ն կ҆ուզէ դնել, բան մը որ ինքը գործած է յանցագործութիւնը, բայց չէ, կ՛ուզէ բեռցնել այդ յանցագործութիւնը մէկ այլ անմեղի վրայ։ Եւ այստեղ բանէ կը պարզուի, որ հին ռեժիմականները փութինեան Ռուսաստանի հետ ամէն կերպ փորձեցին անցնող 4 տարիներուն վարչապետ Փաշինեանին railroading ընել, այսինքն railroading կը նշանակէ անարդար դատական եւ արագ գործընթացի միջոցաւ անմեղին մեղաւոր հռչակել, պոլշեւիկեան սթայլ դատարանին մէջ եւ անմիջապէս զինք գնացքը դնել դէպի Սիպիր։ Անգլերէնով այս օրինակը վերցուցած են եւ այդ հնչումը ստեղծած են railroading` railroading someone who is innocent. – Գնացքացնել այն մարդուն որ անմեղ է եւ իրեն մեղաւոր հռչակել։ Այս պարագային մենք պէտք է ըսենք, որ ժողովուրդը արթնամիտ է եւ հիպրիտային պատերազմի վեթերան է արդէն։ Ես պէտք է շնորհաւորեմ մեր ժողովուրդին ե՛ւ հայրենիքի մէջ, ե՛ւ արտերկրի մէջ, որ սկսած են աւելի արթնամիտ մօտենալ եւ սկսած են տխրութիւն սփռող կամ ահազանգ հնչեցնող, վախազդեցիկ լուրերու աղբիւրները սկսած են պրպտել եւ բացայայտել այդ աղբիւրու իսկական էութիւնն ու տէրերու ինքնութիւնը։ Ըստ երեւոյթին ժխտական եւ տխրութիւն սփիւռ աղբիւրներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը հին ռեժիմականներու կողմէ ֆինանսաւորուող լրատուամիջոցներն են, որոնք վարձկան զինուորներ են, իրական լրագրողներ չեն։ Այս մարդիկ պարզապէս վարձկան զինուորներ եւ պրոպականտիստներ են։ Եւ այս բոլորը կը կատարուի հոյակապհամագործակցութեամբ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ղեկավարութեամբ եկեղեցական 5րդ շարասեան հետ։ Սիրելի ժողովուրդ, ամէն ինչ պէտք է ջրի երես ելլէ եւ մենք պէտք է ժողովրդային վերահսկողութեամբ հասնինք սուրբ բացայայտումներու, սուրբ իրականութեան բացայայտումներու, որպէսզի ժողովուրդը ունենայ փաստեր եւ ատոր հիման վրայ իր գիտակից որոշումները կայացնէ։