Ֆրանսական հեղինակաւոր Le Figaro պարբերականը առանձնացուցած է աշխարհի 5 «վարդագոյն» քաղաքները՝ ցանկին մէջ ներառելով Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը: Ըստ պարբերականին՝ վարդագոյն միւսը քաղաքներէն երեքը ֆրանսական են՝ Թուլուզ, Ալպի եւ Մոնթոպան, միւսը՝ Հնդկաստանի Ճայպուր քաղաքն է։ «Կեանքը վարդագոյն ակնոցով տեսնելու համար կարիք չկայ սպասել սիրային նամակներու։ Այդ քաղաքներ այցելելը բաւարար է այս գոյնի ուրախութիւնը զգալու համար»,- կը նշուի յօդուածին մէջ: Յօդուածին մէջ կը յիշատակուին Հայաստանի Հանրապետութեան հրապարակին գունային ներդաշնակութիւնը, վարդագոյն տուֆէ շէնքերը։ «Չնայած Երեւանը աշխարհի ամենահին բնակեցուած քաղաքներէն մէկն է՝ հիմնադրուած Հռոմէն առաջ՝ Ք.Ա. 782 թուականին, «Վարդագոյն քաղաք» անուանումը վերջերս ստացած է։ Անուանումը տրուած է 20-րդ դարուն՝ խորհրդային վերակառուցման ժամանակ։ Ճարտարապետ Ալեքսանտր Թամանեան, որուն յանձնարարուած էր վերաձեւաւորել քաղաքը 1920-1930-ական թուականներուն, որոշեց զայն դարձնել քաղաքային ներդաշնակութեան խորհրդանիշ՝ լայնօրէն օգտագործելով այս քարը (վարդագոյն տուֆը) մեծ պողոտաներուն եւ կեդրոնական հրապարակներուն վրայ»,- կ’ըսուի հրապարակման մէջ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *