Քէօլնի հայ յառաջապահ Սարգիս Ադամեանի փոխանցումը չէ յաջողած դէպի Օսնապրիւք ակումբ: Ըստ Քէօլնի մամլոյ ծառայութեան, Ադամեանի պատճառով է, որ չէ յաջողած այս փոխանցումը, հակառակ անոր որ Քէօլնի մարզական տնօրէն Թոմաս Քեսլըր պայմանաւորուած էր 32 տարեկան ֆութպոլիստը «վաճառել» 400 հազար եւրոյով, եւ 3-րդ դասակարգի ակումբը պատրաստ էր բաւարարել միայն Ադամեանի աշխատավարձը: Այս տարի առաջին դասակարգ բարձրացած Քէօլն ստիպուած է այժմ նոր տարբերակ փնտռել: Ադամեան Քէօլնի երեք յառաջապահներէն մէկն է, որոնք տեղափոխուած էին Քէօլնի պահեստներու խումբ` աշխատավարձերուն ծախսերը կրճա- տելու համար: Ակումբը վերջերս կրցած էր «ծախել» Շթեֆան Դեկեսը` Փատերպորնին, եւ կը սպասուէր, որ Ադամեանի փոխանցումն ալ հաստատուէր: Այդ ժամանակ Ֆլորիան Տից կը մնար 21 տարեկանէն վար խումբին հետ մարզուող միակ յառաջապահը:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *