ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. 8 Օգոստոս -2025ին Ուաշինկթընի մէջ կայացաւ երկկողմ՝ Ամերիկայի նախագահ Տոնալտ Թրամփի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ եւ ապա, եռակողմ հանդիպումը Ամերիկայի նախագահ Թրամփի, Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի միջեւ, երկում հակամարտ երկիրներու՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման համար եւ ճանապարհը հարթելով դէպի վերջնական խաղաղութեան հաստատում։ «USA Armenian Life Հայ Կեանք» ստացած է եռակողմ ստորագրուած փաստաթուղթի պատճէնը, ուր յստակօրէն կ҆ամրագրուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը։ Սա պատմական նոր սկիզբ մըն է, ոչ միայն հարաւային Կովկասի համար, այլ ամբողջ աշխարհին համար, երբ «Թրամփի միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման ճանապարհ»ի հիմքը կը դրուի ամերիկեան ղեկավարութեամբ, սակայն հայկական հողային ամբողջականութեան եւ վերահսկողութեան պահպանման կարգով։ Այսօր հայկական պետականութեան ինքնիշխանութեան, պաշտպանութեան եւ անկախութեան հզօրացման համար նշանակալի օր է եւ այսօրուան համար պէտք է շնորհաւորել բազմաթիւ ամերիկահայ եւ հայասէր ամերիկացիներ, որոնք քաղաքական հասունութիւնը ունեցած են եւ արդէն 44օրեայէն անմիջապէս ետք՝ 2020 թուականի վերջերուն սկսան լուրջ աշխատանք տանիլ Ամերիկայի եւ Հայաստանի միջեւ ռազմական տնտեսական, քաղաքական կապերը ռազմավարական մակարդակի բարձրացնել եւ ահա ունինք այն ինչ որ ունինք եւ այդ աշխատանքները պիտի որ շարունակուին։ Թող յաւերժ կորսուին ներքին ռսաստրուկ 5րդ շարասեան տզրուկները, թող հայկական պետականութիւնն ու եկեղեցին ենթարկուին ամբողջական ապանեխացման։ 5րդ շարասեան հին ռեժիմականները, որոնք ամէն կերպ կը փորձեն ռեւանշիզմ իրականացնել եւ այս հին ռեժիմականները յայտնի են արդէն տխրահռչակ առումով, համաշխարհային համբաւի տիրացած են։ Մենք ի՞նչ պէտք է ընենք բոլորով, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, հայկական պետականութիւնը, հայրենի եւ աշխարհասփիւռ ժողովուրդով, ինչպիսի՞ քայլերու պէտք է դիմէ, որ այս ռսաստրուկ, թալանչի, պոլշեւիկ, ՔաԿէՊէի-էշնիկ, ռուսական FSBի գործա կալութիւն դարձած 5րդ շարասեան դերակատարութիւնը, հոյակապ կերպով իրագործող այս պետական սպառնալիք հանդիսացող էութիւնը ապանեխելու եւ քաղաքականապէս եւ տնտեսապէս չէզոքացնելու համար։ Ինչո՞ւ համար կենսական է, որ այս 5րդ շարասիւնը ապանեխացման կարգով քաղաքականապէս չէզոքացման կարգով վերանայ ներքաղաքական դաշտէն, եւ իրենց հակապետական, հակազգային լրատուամիջոցներով «փրըփրթին» քաշեն եւ իրենց ուղարկենք, ինչպէս որ անցեալ հաղորդումին կազմին վրայ տեսանք, «սիկտիրիստան»։ Իրենց տեղը իրօք այդպիսի պատմութեան աղբանոցին արժանի տեղ է, որովհետեւ այս տարրերը ոչ մէկ կերպ հաշտ չեն հայկական պետականութեան, ինքնիշխանութեան, անկախութեան, պաշտպանութեան, տնտեսութեան, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան զարգացման հետ։ Այս թեման առաւել խորացնելու համար մենք դիտենք այս տեսանիւթերը եւ շարունակենք մեր զրոյցը։

ՏԵՍԱՆԻՒԹ. Կտրիճը կրակի վրայ իւղ է լցնում, վապանկ ա գնում։ Արդարացնում է մարդկանց աւտոպուսների մէջ ողջ ողջ այրելը, ըստ երեւոյթին, մարդկանց պատերի տակ կիւլլելը։ Սրանք Քրիստոսի, Աստուծոյ տան հետ ի՞նչ գործ ունեն առհասարակ։ Մարդ սպանել պլանաւորող տէրտէրը, ո՞վ ուզում է լինի, վեհափառ կը լինի իր տիտղոսը, եպիսկոպոս կը լինի, քահանայ կը լինի, մարդ ով Քրիստոսի ուսմունքին է դաւաճանում եւ Աստուծոյ 10 պատուիրաններից առնուազն մէկը՝ «մի սպաննիր»ը խախտում է եւ պլանաւորում է սպանութիւն՝ ի՞նչ գործ ունի Աստուծոյ տան մէջ։ Վզից բռնած պէտք է դուրս շպրտել Աստուծոյ տնից։ Էլ չեմ ասում որ Աստուծոյ տունը տարիներ շարունակ դարձրել են իրենց համար պիզնէս կենտրոն, մոմավաճառութեան կենտրոն։ Բայց ճիշդ ա անում Փաշինեանը, որովհետեւ եկեղեցին ապականուած է ծառայողների կողմից։ Ու ինչի՞ են ժողովուրդը աւելի շատ աղանդներին վազում։ Որովհետեւ մեր եկեղեցին ոչ մի բան չարեց, որ կանխէր, իր ուշադրութեամբ, հոգատարութեամբ ու այսպէս ամբողջ երկիրը աղանդաւորներով լցուեց։ Այո, պէտք է անպայման կաթողիկոսին էլ հեռացնել եւ այնտեղ այն ծառայողներին, ովքեր նրա կողմնակիցներն են։ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՓԱՇԻՆԵԱՆ. Կուսակրօն քահանաները ասում են էդ ի՞նչ են գլուխ գովում, մի ամսից աւել ո՞վ կարող է առանց կնոջ ապրի։ Դուք գիտէ՞ք դա ինչ է նշանակում։ Դա նշանակում է, որ այդ մարդիկ բացի այն, որ իրենց կուսակրօնութեան ուխտը խախտում են, իրենք մեծ պահք էլ չեն պահում։ Հասկանո՞ւմ էք։ Դուք ուզում էք ասել, որ այդ մարդիկ կարող են ինձ նզովե՞լ։ Ես կարող եմ իրենց նզովել, բայց ես չեմ նզովում իրենց, ես ընդամէնը ասել եմ, որ առաջնորդելու եմ Վեհարանը իրենցից ազատելու գործընթացը։ Ոչ մի նզովքի կարիք չկայ, որովհետեւ քրիստոնէութիւնը սիրոյ ուսմունք է։ Համերաշխութեան ուսմունք է։ Մարդիկ հարցնում են, ասում են, որ ասել էք առաջնորդելու էք Վեհարանը ազատելու գործընթացը, ինչպէ՞ս էք ազատելու։ Այնպէս, ինչպէս Հայաստանը ազատեցինք Սերժ Սարգսեանից. ուզում եմ ձեզ յիշեցնել, որ 2018 թուականի յեղափոխութիւնն էլ սիրոյ եւ համերաշխութեան յեղափոխութիւն էր։ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Յայտնի հրապարակախօս պարոն Ոսկան Մխիթարեանին հարցս. Ինչո՞ւ կենսական է, որ րոպէ առաջ հայկական պետականութիւնը ձերբազատուի այս ռեւանշիստներու, թալանչիներու, դաւաճաններու, 5րդ շարասեան ներկայացուցիչներէն Հայաստանէն եւ սփիւռքէն ներս։ Այո, սփիւռքէն, որովհետեւ 5րդ շարասիւնը Հայաստանի մէջ ունի իր գործընկերները, այս մասին պիտի անդրադառնանք։

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Պարոն Չափարեան, եթէ իսկապէս կ҆ուզենք փրկել Հայաստանը այն իմաստով, որ ունինք, ունենանք ժողովըրդավար, անկախ պետականութիւն, պէտք է մեր մտածողութիւնը փոխենք այստեղ։ Պետականաշինութեան այդ մտածողութիւնը մեր մէջ զարգացնենք։ Ներկայիս աթոռակռիւն է, որ մենք կըլսենք։ Նախկինները իրենց բաժինը ունէին, բայց բան մը չեղաւ։ Այսօր առիթ տանք նորերուն, որպէսզի երկիրը աւելի ժողովրդավար դառնայ եւ զարգանայ։ Ասոր մէջ իր բաժինը ունի նաեւ եկեղեցին։ Շատ հետաքրքրական էր քիչ առաջ ինչպէս ձեզի ակնարկեցի, պարոն Չափարեան, կարծէք եկեղեցւոյ վերին մարմինը հոգին սուրբ զգեցած է եւ հիմա կը խօսին Աւետարանէն։ Ո՞ւր էին 25 տարի։ Ո՞ւր էին մեր հոգեւորականները 25 տարի երբ տեսան մեր երկրի փլուզումը, մեր երկրին կողոպուտը, մեր երկրին սնանկացումը։ Երկիրը պարպուեցաւ։ Մարդիկ իրենց հայրենիքը թողուցին, հեռացան։ Այս բոլորին դիմաց մեր հոգեւորականները ինչո՞ւ բան մը չըսին։ Արդեօք մտահոգ չե՞ն մեր երկրով։ Արդեօք իրենք ալ միայն մտահոգ են իրենց աթոռներով, փառքով, դրամով, մամոնայով, ինչքով։ Այսօր կը լսենք բարձրաստիճան կարգ մը եկեղեցականներէն, որոնք մեզի կ҆ուզեն Աւետարանի սկզբունքները քարոզել։ Ինչ գեղեցիկ։ Ուրախ եմ։ Բայց ո՞ւր էիք դուք, սիրելիներ, 25 տարի։ Աղանդաւորները կը վխտան Հայաստանի մէջ այսօր։ Ինչո՞ւ կը վխտան, որտեւ մեր Ժողովուրդը Աւետարանի սերտողութեան պապակ ունէր, այդ պապակը յագեցնող չէիք դուք, անոր համար գացին աղանդաւորներուն։ Դուք զձեզ մէյ մը վերաքննութեան ենթարկեցէք եւ յանցաւոր զգացէք պահ մը, որ դուք թերացած էք ձեր առաքելութեան մէջ, անոր համար մենք այս օրերուն հասեր ենք։ Եւ փոխանակ զօրավիգ կանգնելու ինչպէս անցեալին կանգնած է Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին, օրուան իշխանութեան, թագաւորութիւն, իշխանութիւն, ինչ որ է, այսօր պէտք է նոյնը ընէ։ Սիրելիներ 25 տարի անցաւ։ Հոգեւոր եղբայրներ, ձեզի եղբայր կը կոչեմ, 25 տարի ո՞ւր էիք դուք, ինչո՞ւ օր մը չըսիք Գարեգին կաթողիկոսին, որ մենք ձախողած ենք մեր առաքելութեան մէջ, կ҆ուզենք ազգային, եկեղեցական ընդհանուր ժողով, որպէսզի եկեղեցին իր առաքելութեան հունին մէջ դնենք։ Դուք շատ լաւ գիտէք կանոնագրային խախտումներուն մասին, յաճախ կը խօսինք բեմերէն։ Այսօր տակաւին այդ կանոնագրային խախտումները կը շարունակուին։ Դուք բծախնդիր չէ՞ք։ Հիմա որ իշխանութիւնը ժողովուրդին հետ միահամուռ կ҆ուզէ փրկել եկեղեցին, ձեզի պէս փերեզակներէն, կը ցաւիմ ըսելու, այսօր մէջտեղ ելաք, բողոքի եւ ուզեցիք ժողովուրդի կողմէն ընտրուած իշխանութիւնը տապալել եւ ձախողեցաք։ Մէկ անգամ չէ, երկու անգամ չէ, բազմիցս փորձեցիք եւ ձախողեցաք։ Այս իշխանատենչութեան հիւանդութենէն ե՞րբ պիտի ազատիք։ Սիրելի հոգեւոր եղբայրներ, ձեր գործը չէ քաղաքականութիւնը, ձեր գործը եկեղեցին է, ձեր գործը Աւետարանն է։ Այդ առաքելութեան մէջ պէտք է յաջողութիւն ցոյց տաք։ Ժողովուրդը պապակ ունի, աշխատեցէք այդ ուղղութեամբ, բայց այդ բոլորը պիտի չկրնաք ընել, այնքան ատեն, որ քաջութիւնը չունիք ոտքի ելլելու եւ պահանջելու, որ ազգային եկեղեցական ընդհանուր ժողով ըլլայ, անոր կողքին նաեւ ըլլայ եպիսկոպոսական ընդհանուր ժողով, որպէսզի վերատեսութեան ենթարկէք բոլոր այդ սայթակումները, որոնք պատահեցան եւ տակաւին կը պատահին եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։ Բոլորդ ալ լաւ գիտէք, որ եկեղեցին այսօր ճահիճի մէջ է։ Ի՞նչպէս պիտի հանենք այս բոլորը դուրս։ Ժողովուրդը ձեզմէ հեռացած է։ Ինչպէ՞ս պիտի ներգրաւէք այդ ժողովուրդը եւ դուք ինքնամաքրման չերթաք։ Միայն ատիկա առանձին անհատի ապաշխարանքով չըլլար։ Նուիրապետական աթոռները պէտք է քով քովի գան եւ այս ժողովները տեղի ունենան, որպէսզի վերատեսութեան ենթարկուին մեր եկեղեցւոյ կանոնագրութիւնները։ Բոլորդ լաւ գիտէք։ Վերջին 25 տարուան մէջ ազգային եկեղեցական ընդհանուր ժողով տեղի չունեցաւ։ Գարեգին կաթողիկոս իր ուզածին պէս օրէնքներ փոխեց։ Կը խօսինք կրօնական հոգեւոր խորհուրդին մասին։ Այդ ժողովը կը նշանակուի ազգային իշխանութեան կողմէ։ Գարեգին կաթողիկոս տաս անգամ փոխեց։ Այս եպիսկոպոսը ղրկեց, միւս աշխարհականը բերաւ։ Իր հօրը խանութն է կարծես։ Այս բոլորին դէմ ինչո՞ւ բողոք չըրիք դուք, սիրելիներ։ Ասոր մէջ նաեւ միայն ձեզ չեմ մեղադրեր։ Կը մեղադրեմ նաեւ այդ կազմակերպութիւնները, որոնք համաձայն գտնուեցան ժամանակին, որ Գարեգին կաթողիկոս բռնագրաւէ այդ Աթոռը եւ այս օրերուն հասցնէ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին։ Այո, կ҆ակնարկեմ իմ ռամկավար եղբայրներուս, իմ հնչակեան եղբայրներուս, բարեգործական շրջանակին, որոնք գացին, զանազան պատճառներով ներկայ գտնուեցան այդտեղ, զանազան հաշիւներէ ելլելով բերաննին գոցեցին եւ Գարեգին կաթողիկոս բռնագրաւեց այդ Աթոռը։ Այս 25 տարիներու ընթացքին ո՞ւր է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, ո՞ւր են մեր ռամկավար եղբայրները։ Ինչո՞ւ բողոք չներկայացուցիք, որ եկեղեցին կը կորսնցնէ իր հմայքը, եկեղեցին կը կորսնցնէ իր հաւատացեալները։ Դուք բաժինն էք, մաս եւ բաժինն էք այդ հաւատացեալներուն։ Դուք ալ մկրտուած զաւակներն էք Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ։ Այս խայտառակութիւնները տեսնելով, ինչո՞ւ չբողոքեցիք։ Նոյնքան աշխարհական դասն է յանցաւոր, որքան բարձրաստիճան հոգեւորականները։ Հաւանաբար անոնց գործին չի գար եւ կը համակերպին Գարեգին կաթողիկոսին ամէն ըսածներուն, որովհետեւ անոր պնակէն կը կշտանան, այդ հացահատիկէն կը կշտանան։ Եւ այս խայտառակութիւնները, որ այսօր կան, անոր արդիւնքն է, որտեւ ոչ աշխարհական դասը, ոչ կազմակերպութիւնները, ոչ ալ բարձրաստիճան եկեղեցականները խօսեցան։ Հիմա որ մէջտեղ ելաւ կաթողիկոսը զաւակ ունի, կին ունեցած է, ամէնքդ մէկ փոթորկեցաք։ 25 տարի առաջ ալ գիտէինք, սիրելիներ, նորութիւն չէր այս բոլորը։ Բայց այսօր այնքան տիղմի մէջ է Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին, որ իշխանութիւնը պարտաւոր զգաց իր արբանեակներով միջամտել, որպէսզի փրկենք։ Սխալ բան չկայ ասոր մէջ։ Պիտի փրկուի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին, որովհետեւ անոր առաքելութիւնը Աստուածային է։ Որդին իջած է Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Հոն երեւցած է Քրիստոս։ Անոր համար Մայր եկեղեցի կը կոչենք զինք։ Այսօր սրբապղծած էք այդ բոլորը։ Վերջերս կը կարդայի եկեղեցականի մը որոշ մեկնաբանութիւնները, ըսելով որ Գարեգին կաթողիկոս շինութիւններով ինչ բարձրացուց, շէնցուց։ Սիրելիներ, մենք չենք ուզեր քարաշէն կառոյցներ չենք ուզեր։ Մենք կ҆ուզենք որ դուք կերտէք ժողովուրդին հոգին, նկարագիրը ազնուացնէք։ Այդ նկարագիրն է, որ մեզ պիտի պահէ դարերուն ընթացքին։ Այդ շէնքերը այսօր կան, վաղը կրնան թշնամիին կողմէն փլիլ։ 2000 վանք, եկեղեցի թողուցած ենք արեւմտեան Հայաստանի մէջ։ Այսօր, սիրելիներ, մարդ պիտի կերտենք եւ ոչ եկեղեցի։ Կը բաւէ։ Այդ եկեղեցի շինութիւնները դժբախտաբար նորութիւն չեն այս ըսածներս, նաեւ պատճառ են դրամաշորթութեան։ Նոյնը կը պատահի սփիւռքի մէջ։ Քանի անգամ ակնարկած ենք, որ այստեղ Ղեւոնդեանց եկեղեցին 14 միլիոն պիտի արժէր, վերջաւորութեան 22-21 միլիոն եղաւ։ Տուի՞ք հաշիւ ժողովուրդին։ Գարեգին կաթողիկոս ե՞րբ տուած է հաշիւ։ Դուք արքեպիսկոպոս, եպիսկոպոսներ, Մայր Աթոռի, չէ՞ք տեսներ այս բոլորը։ Հիմա ելած էք Աւետարան կը քարոզէք մեզի։ Ուրախ ենք։ Բայց, միւս, յաջորդ քայլին գացէք, սիրելիներ։ Պարտադրեցէք որ անպայման նուիրապետական աթոռները քով քովի գան, առաջին առիթով ըլլայ եպիսկոպոսական ընդհանուր ժողով, որու որպէս հետեւանք նաեւ առաջարկուի ազգային եկեղեցական ընդհանուր ժողով, որպէսզի փրկենք եկեղեցին։ Մեր մտահոգութիւնը եկեղեցին է, Գարեգին կաթողիկոսը չէ, գարեգիններ կու գան, կ҆երթան, աջապահեաններ կու գան կ҆երթան, բագրատներն ալ պիտի երթան, բայց եկեղեցւոյ վարկը մի թիրախաւորէք, մի նսեմացնէք եկեղեցւոյ անունը։ Եկեղեցին մեզի կարեւոր է, որտեւ եկեղեցին մեր յենասիւնն է, մեր ինքնութեան յենասիւնն է եւ հետեւաբար, հիմա աշխատանք տարէք, լաւ է, ուրախ եմ, որ Աւետարանի մասին կը խօսիք, բայց այլեւս խօսեցէք, որ պիտի ըլէք նուիրապետական աթոռներու համագործակցութեամբ։ Անգամ մը ցոյց տուէք որ եղբայր էք, եկէք ժողով գումարեցէք եւ այդ ժողովի ընդմէջէն յայտարարեցէք, որ ազգային եկեղեցական ընդհանուր ժողով պիտի ըլլայ, որպէսզի վերատեսութեան ենթարկենք հայ եկեղեցւոյ ներկայ վիճակը։ Ապա թէ ոչ, սիրելիներ, մի այպանէք ուրիշները, որոնք պիտի գան եւ ձեր գործը իրենք պիտի կատարեն։

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Այո, ինչպէս պարոն Մխիթարեանը ակնարկեց, պիտի գան եւ իրենք պիտի բանեցնեն իրենց իրաւունքը, ծնեալ իրաւուն- քը, որովհետեւ ըստ երեւոյթին, այս անցնող 25 տարիներուն մենք ակա- նատես եղանք, դժբախտաբար, յետոյ բանէ դուրս եկաւ, ջուրին երես ելաւ, որ Հայաստանեան օլիկարխիկ շրջանակները, որոնք եւ պետական կառոյցներէն ներս, եւ ընդհանուր տնտեսութեան մէջ ապօրինի իւրա- ցումներու ճանապարհով եւ մենատիրական նկրտումներ ցուցաբերելով, մոնոփոլիայով, Հայաստանի մէջ պատճառ դարձան յատկապէս երկրորդ եւ երրորդ նախագահներու՝ Սերժ Սարգիսեանի եւ իրմէ առաջ Ռոպերթ Քոչարեանի ժամանակ Գարեգին Բ.ի եւ Գարեգին Բ.ի անմիջական գոր- ծակիցներ Մոսկուայի Եզրասի եւ Լոս Անճելըսի Յովնան Տէրտէրեանի մեղսակցութեամբ եւ հայրենի ժողովուրդը եւ սփիւռքի ժողովուրդը թալանուեցան։ Երկու հատուածները թալանուեցան։ Ոչ միայն տնտեսապէս թալանուեցան, այլ նաեւ իրենց որակաւոր սերնդափոխում իրականացնելու իրաւունքը ոտնահարուեցաւ։ Ի՞նչ ըսել կ҆ուզեմ։ Երբ Գարեգին Բ.ն Հայաստանի մէջ Հայաստանեայց Առաքելական եկե- ղեցւոյ հովանիի ներքեւ կը թոյլատրէր մանկապղծութիւնը, թալանչիութիւնը, ստախօսութիւնը, հակաքրիստոնէութիւնը, Աւետարանի քարոզին դէմ պայքարը եւ ամէն ինչի որ մարդկային բարձր արժէքներուն կը ծառայէ, ատոր դէմ արգելք ըլլալը, նոյն այդ ոգին տարածուեցաւ նաեւ սփիւռքի մէջ։ Պարոն Մխիթարեանը այդ մասին ակնարկեց։ Ես պիտի մանրամասնեմ։ Տեսէք ինչ կատարուեցաւ սփիւռքի մէջ։ Նախքան 1998ի Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան բռնազաւթումը, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը ի պատիւ նախորդ սերունդներուն, տասնեակ հազարներով անդամ անդամուհի ունէր աշխարհի չորս կողմը եւ այդ կազմակերպութիւնը կը կառավարուէր ժողովրդավարական համակարգով, որովհետեւ ըստ այդ կազմակերպութեան օրէնսդրութեան, իւրաքանչիւր անդամ իրաւունք ունէր ընտրելու կազմակերպութեան ղեկավարութիւնը կամ ընտրուելու։ Ուրեմն 1998ի տխրահռչակ ամառը, երբ Լոս Անճելըսի մէջ կայացաւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ընդհանուր ժողովը, այն ժամանակ կազմակերպութեան ղեկավարները, արդէն մէյ մէկ օլիկարխներ դարձած Լուիզ Սիմոնը եւ Պերճ Սեդրակեանը, ջնջեցին, ջնջել տուին, վախազդեցիկ գործունէութեամբ այդ ժամանակուայ Բարեգործականի անդամներու ակնառու ղեկավար դիրք զբաղեցնող մարդկանց բռնի համոզեցին, որ- պէսզի չեղարկուի ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքը եւ այդպէսով Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը վերածուեցաւ մոնոփոլիայի, որ ենթարկուեցաւ Պերճ Սեդրակեանի քմահաճոյքին, իսկ Լուիզ Սիմոնի ողջութեան օրօք, նոյնպէս այդ վերջինիս քմահաճոյքին։ Եւ մենք դժբախտաբար ականատես եղանք 1999ի տխրահռչակ օրը, Հոկտեմբեր 27ին, երբ Ազգային Ժողովի մէջ պետական այրերու սպանդ կազմակերպուած էր եւ սպաննուեցան վարչապետ Վազգէն Սարգսեան եւ խորհրդարանի նախագահ Կարէն Տեմիրճեան եւ այլք, նոյն ժամանակ առեւանգուած Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան 500 միլիոն տոլարի հարստութենէն մօտաւորապէս 20 միլիոն տոլար ընտրակաշառք շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ եւ այդ ընտրակաշառքի շնորհիիւ է, որ ընտրակեղծիք իրականացաւ եւ Գարեգին Բ.ն, ինչպէս որ սովետահայերէն կ҆ըսեն ուզուրփացրեց, այսինքն բռնազաւթեց Ամենայն Հայոց Կաթողի- կոսութեան գահը, եւ մենք նաեւ այդ օրը ականատես եղանք, թէ ինչ-պէս ուրախութեամբ Գարեգին Բ.ի անմիջական զինակիցը՝ Յովնան Տէր- տէրեանը ուրախութեան լուրը յայտնող թղթիկը պագնելով, Գարեգին Բ.ին յանձնեց եւ այդ թղթիկի վրայ, ըստ երեւոյթին գրուած էր, որովհետեւ նոյն ելոյթի ժամանակ Գարեգին Բ.ն երբ որ իր ճառը կը ներկայացնէր, ընտրուելէն ետք, իբրեւ թէ տխրած է, որ Ազգային Ժողովէն ներս այդպիսի սպանդ կատարուած է եւ պետական այրերը զոհ գացած են։ Ըստ երեւոյթին, նոյն ՀԲԸՄը տեսանք թէ ինչպիսի ապազգային քայլերով Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը փակեց, հարիւրաւոր Միջին Արեւելքէն եւ այլ տարածաշրջաններէն եկող ուսանողներուն անտուն թողեց, եւ կարծէք թէ ատիկա չէր բաւեր, յետագային Փասատինայի մէջ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան ամենօրեայ վարժարանը փակեց։ Եւ այսպէսով, բազմաթիւ մշակութային եւ կրթական կեդրոններ սփիւռքի տարածքին փակուեցան։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւ- նը առեւանգուած էր։ Եւ ինչո՞ւ այս բոլորը կը կատարուին։ Ալեքս Քալուկինը ՔաԿէՊէի գեներալը որ հիւսիսային Ամերիկայի մէջ պատասխանատու գեներալն էր՝ ղեկավարն էր ՔէյՃիՊիի աշխատանքները ղեկավարող, յետագային երբ որ արեւմուտքի կողմը անցաւ, իր գիրքի մէջ յստակ կերպով բացայայտումներ ըրաւ, թէ ինչպէս ՔաԿէՊէն ներթափանցած է հայկական սփիւռքեան կազմակերպութիւններէն ներս, ներառեալ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, եւ ճիշդ ատոր համար է, որ ըստ երեւոյթին կարգ մը հայեր, ՀԲԸՄ-ը, որ անգլերէն AGBU է. սկսած էին կոչել KGBU եւ AGBUէն ետքը նաեւ KGBն՝ ՔաԿէՊէն ներթափանցած է Հայ Յեղա- փոխական Դաշնակցութենէն ներս։ Անոր համար է որ ՀՅԴն 1980ականներուն երբ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներուն մէջ շուրջ 300,000 հայ կար, այն ժամանակ 3 հազար շարքային անդամներ ունէր այս կազմակերպութիւնը։ Իսկ հիմա 1.5 միլիոնի վրայ շուրջ 900։ Կրնա՞ք պատկերացնել ինչպիսի ձախողութիւն, ինչպիսի վայրէջք է։ Իսկ նոյն ՔէյՃիՊիի հովանիին տակ ապրող Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան մենատէր, օլիկարխ, մոնոփոլիսթ ղեկավարութիւնը, յանձինս Էտմոն Ազատեանի եւ այլք, նոյնպէս իւրացուցին եւ իրենց ձեռքին մէջ ամբարեցին այդ ամբողջ ուժը եւ իրենց նախաձեռնութեամբ եւ իրենց հովանիին տակ գործող Թէքէեան Մշակութային Միութեան պատկանող բազմաթիւ մշակութային եւ կրթական կեդրոններ փակուեցան եւ ամէնէն ակնառուն 2016ին Լոս Անճելըսի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Ար- շակ Տիգրանեան Վարժարանին փակումն էր։ Երբ որ այդ վարժարանը փակուեցաւ, կամ նոյնիսկ շինարարութեան մասին, քիչ առաջ պարոն Մխիթարեանը շինարարութեան մասին խօսեցաւ, ուրեմն այդ վարժարանի շինարարութեան համար ուռուցիկ գումարներ, նոյնպէս արհեստականօրէն ծախսը բարձրացուեցաւ, ինչպէս որ Գարեգին Բ.ն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմի- ածնի տաճարի իբրեւ թէ լայնածաւալ շինարարութեան համար 30 միլիոն տոլար ծախսեց, նոյնպէս ինչպէս որ պարոն Մխիթարեանը ակնարկեց Սուրբ Ղեւոնդեանց տաճարի որ Լոս Անճելըսի մէջ արեւմտեան թեմի պատկանող այդ տաճարի շինարարութեան առթիւ -14էն 20 միլիոնի բարձրացաւ եւ աւելի, նոյն գործելաձեւը, ըստ երեւոյթին ունի Մոսկուայի Եզրասը, Գարեգին Բ.ի արիւնակ ց եղբայրը՝ Եզրաս Ներսէսեանը, որ նոյնպէս անոր ալ ձեռքերը արիւնաթաթախ են, միայն արիւնակից եղբայրը չէ, արիւնաթաթախ։ Եւ անցեալ շաբաթուայ հաղորդումի մէջ մենք ականատես եղանք, թէ ինչպէս Եզրասը փորձած է Տաշիր Սամոյի եւ Արա Աբրահամեանի համագործակցութեամբ իբրեւ թէ Ռուսիոյ 3 միլիոն հաշուող հայութիւնը զօրավիգ կը կանգնի Սուրբ Էջմիածնին, «Ձեռքներդ հեռու Սուրբ Էջմիածինէն», եւ տեսանք տեսանիւթի մէջ 3 միլիոն հայի վրայ 108 հոգի հաւաքած էին։ Ռուսահայութիւնը կտրականապէս մերժած է Հայաստանի ներսը գոր- ծող 5րդ շարասեան դաւաճանական գործունէութիւնը։ Եւ նոյնպէս եւ պէտք է ոսկէ տառերով արձանագրել այն փաստը, որ Լոս Անճելըսի մէջն ալ Յուլիսի 13ին 1.5 միլիոն հաշուող արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայութեան կողմէ ընդամէնը 125 հոգի։ Մոսկուայի մէջ 3 միլիոնի վրայ 108 հոգի, արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ 1.5 միլիոնի վրայ ընդամէնը 125 հոգի մասնակցեցան։ Եւ սա եղաւ ռեւանշիստական Հայաստանի 5րդ շարասեան ջախջախիչ պարտութեան իսկական էութիւնը, իսկական պատկերը։ Այս բոլորով հանդերձ, սիրելի հեռուստադիտողներ, փառք եւ պատիւ մեր ժողովուրդին, որովհետեւ վերածնունդ կ҆ապրի, զարթօնք կ҆ապրի, եւ մարտունակութիւնը բարձրացած է եւ հակահայ, հակապետական քարոզչու- թիւնը, ինչպէս կ҆ըսեն հիպրիտային պատերազմը իր իսկական արդիւնքը չի կարող տալ այլեւս, որտեւ մեր ժողովուրդը արթնամիտ է եւ գիտէ ինչպիսի ճանապարհներով հայկական պետականութեան հզօրացման ճանապարհային քարտէսը իրականացնէ եւ մենք կ҆ունենանք հզօր Հայաս- տան, ի երջանկութիւն հայասէրներուն, ի դժբախտութիւն հակահայերուն։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *