ՀՀ պետական պիւտճէէն 36 միլիոն 850 հազար դրամ գումար պիտի յատկացուի Սուրիոյ մէջ բնակող մեր հայրենակիցներուն անցագրերու տրամադրման համար։ Կառավարութեան ներկայացուցած համապատասխան որոշման համաձայն՝ օտարերկրեայ պետութիւններու մէջ վաւերական ՀՀ քաղաքացիի անցագիր տալու կամ փոխանակելու համար պետական տուրքի վճարումէն կ’ազատուին ազգութեամբ հայ այն օտարերկրեայ քաղաքացիները կամ ՀՀ քաղաքացիները, որոնց մշտական բնակութեան վայրին մէջ ստեղծուած է այնպիսի արտակարգ իրավիճակ, որ կը սպառնայ քաղաքացիներու կեանքին կամ առողջութեան: ՀՀ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը իւրաքանչիւր եռամսեակի աւարտէն յետոյ՝ մէկամսեայ ժամկէտի մէջ, սահմանուած կարգով պէտք է ՀՀ կառավարութիւն ներկայացնէ առաջարկութիւն՝ տուեալ տարուայ ՀՀ պետական պիւտճէով նախատեսուած իւրաքանչիւր եռամսեակի հա- մար ներկայացուած գումարի չափով, ՀՀ Արտաքին գործերու նախարարութեան պետական տուրքի վճարումէն ազատուած անցագիր տալու կամ փոխանակելու համար նախատեսուած պետական տուրքի գումարներուն փոխարէն ՀՀ պետական պիւտճէ վճարելու նպատակով գումար յատկացնելու մասին: 2025թ. 2-րդ եռամսեակի ընթացքին տրամադրուած է օտարերկրեայ պետութիւններու մէջ վաւերական 603 անցագիր, սակայն պետական տուրք չէ գանձուած: Ընդ որում՝ այդ անցագրերը տրամադրուած են Դամասկոսի մէջ ՀՀ դեսպանութեան (264 գործ) եւ Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսությեան (339 գործ) կողմէ, տուեալ քաղաքներուն մէջ ՀՀ քաղաքացիներուն եւ ազգութեամբ հայ այն օտարերկրեայ քաղաքացիներուն, որոնք ձեռք բերած են ՀՀ քաղաքացիութիւն եւ դիմած են առաջին անգամ ՀՀ անցագիր ստանալու համար:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *