Միացեալ Նահանգներու Սէյնթ Լուիս քաղաքին մէջ վերջ գտաւ ճատրակի «Սինքուեֆիլտ բաժակ 2025» մրցաշարքը: 9-րդ եւ վերջին հանգրուանին, ամերիկացի Ուեզլի Սօ, պարտութեան մատնելէ ետք Նոտիրպեք Ապտուսաթորովը, գրաւեց դասաւորման առաջին դիրքը եւ շահեցաւ տիտղոսը: Ճատրակի այս մրցաշարքին շատ մօտ էին արդիւնքները, եւ դիմուեցաւ մանրամասնութիւններու` բաժնելու մրցակիցները: Յաղթանակի քանակը կարեւոր էր անշուշտ, մանաւանդ սեւ քարերով յաղթելու պարագան եւ անշուշտ իրար դէմ ճակատումի արդիւնքը նոյնիսկ: Հայ վարպետ Լեւոն Արոնեան կէս կէտի տարբերութեամբ գրաւեց 4-րդ դիրքը, մինչ միւս հայ վարպետը` Սամուէլ Սեւեան, գրաւեց 6-րդ դիրքը` 4,5 կէտով: