Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի ծիրին մէջ, յառաջիկայ օրերուն, Հայաստանի մէջ կը նախատեսուի յատուկ ներկայացուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըչի հանդիպումը: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան: Նախքան այդ, թրքական լրատուամիջոցները հաղորդած էին, թէ Հայաստան եւ Թուրքիա յաջորդ շաբաթ պիտի ունենան Մարգարա-Ալիճան սահմանային անցակէտի գործունէութեան վերաբերեալ առաջին հանդիպումը: Ըստ կարգ մը թրքական լրատուամիջոցներու՝ այս նպատակով անցակէտի ճամբայով Հայաստան պիտի այցելէ Թուրքիոյ պատուիրակութիւնը` յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչի գլխաւորութեամբ: