Եւրոպայի ախոյեան, երիտասարդներու աշխարհի ախոյեան Համլեթ Մանուկեան Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունեցող մարմնամարզութեան «Ուորլտ Չելենճ Քափ» մրցաշարքին պատմական նուաճումի հասած է: Մանուկեան յաջողութեամբ անցուցած է նժոյգ թափեր վարժութեան զտումի հանգրուանը եւ հասած աւարտական: 18 տարեկան մարզիկը մարզագործիքին վրայ կատարած է նոր շարժում մը, որ արդէն պաշտօնապէս կը կրէ իր մականունը` Մանուկեան: Հայ մարմնամարզիկներէն իրենց անունով տարրեր ունին Հրանդ Շահինեան (նժոյգ թափեր), Ալպերթ Ազարեան (օղակներ) Արթուր Յակոբեան (յենացարկ) Վահագն Ստեփանեան (նժոյգ թափեր), Վահագն Դաւթեան (օղակներ) Հուրի Գեբեշեան (տարբերակուած զուգափայտ) եւ Արթուր Դաւթեան (նժոյգ թափեր):

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *