Բազկամարտի աշխարհի 46-րդ ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ Պուլկարիոյ Ալպենա քաղաքին մէջ, ուր իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի ուժեղագոյն աթլեթները` մասնակցելով տարիքային բոլոր դասակարգերուն մէջ: Վերջին տարիներու մեծագոյն ելոյթներէն մէկն էր, ուր աւելի քան 50 ազգային խումբեր մասնակցեցան: Ղազախստան շահեցաւ առաջին դիրքը` ընդհանուր դասաւորման մէջ շահելէ ետք 46 ոսկի, 40 արծաթ եւ 17 պրոնզէ մետալներ: Հայաստանի ազգային խումբը գրաւեց 9-րդ դիրքը` շահելէ ետք 5 ոսկի, 5 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալներ` 118 կէտ հաւաքելէ ետք: Տարիքային (15 տարեկանէն վար, 18 տարեկանէն վար եւ 23 տարեկանէնվար) մրցումներուն Հայաստան 4-րդ դիրքը գրաւեց 5 ոսկի, 3 արծաթ եւ 1 պրոնզ մետալ շահելով:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *