Եկեղեցին Հայկական  ծննդավայրն է հոգւոյս (Վահան Թէքէեան)

2030ին կը լրանայ Սփիւռքի մեծ դպրանոցներէն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողի-կոսութեան Դպրեվանքին Հարիւրամեակը։ Հարիւրաւոր եթէ ոչ հազարաւոր անհատ-ներու համար, որոնք Դպրեվանքի սան դարձան, այլ խօսքով դպրեվանեցի դարձան, այդ հաստատութիւնը իրենց սրտերուն մէջ յիշատակներու շտեմարան մըն է։ 1930ին, Անթիլիասի մէջ նորահաստատ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ ծերունազարդ բայց կաղնիի նման կուռ Կաթողիկոսին՝ Սահակ Բ.Խապայեան Կաթողիկոսի եւ անոր երիտասարդ եւ աշխոյժ Աթոռակցին՝ Բաբգէն Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսի ու իրենց երրորդութիւնը ամբողջացնող Շահէ Արք. Գասպարեանի առաջնահերթմտահոգութիւնն էր հիմը դնել դպրանոցի մը, որուն գոյութեան պատճառն էր հիմնել՝ «Կրթական Հաստատութիւն մըն է, ուր կը պատրաստուին 1. Հայաստանեայց Եկեղեցիին համար ՔԱՀԱՆԱՆԵՐ եւ 2. Հայ Ազգ. Վարժարաններու համար՝ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ» (Շահէ Եպիսկոպոս, ՀԱՍԿ, 1932, թիւ 1, էջ 2):

Բաբգէն Կաթողիկոսի եւ Շահէ Արքեպիսկոպոսի երազն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը դարձնել նորօրեայ Արմաշ մը։ Ասիկա Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսի 1929 Յուլիս 27ի փափաքին իրականացումն էր։ Սահակ Կաթողիկոս հետեւեալ ճառը արտասանեց Պէյրութի ժողովականներուն առջեւ ըսելով «Ընդհանուր Պատերազմին հետեւանքով Հայց. Եկեղեցին զրկուեցաւ իր հարիւրաւոր դպրոցներէն, մանաւանդ Էջմիածնի Հոգեւոր Ճեմարանէն, Արմաշի Դպրեվանքէն եւ Սսոյ վարժարանէն, ուր միայն Հայց. Եկեղեցւոյ ծառայելու համար ուսեալ հոգեւորականութիւն կը պատրաստուէր … մենք կը փափաքինք Անթիլիսաի որբանոցը մեր նպատակին ծառայեցնել հիմնելով հոն, որքան հնարաւոր է շուտ, հոգեւոր դպրանոց մը, գաղթաշխարհի հայութեան ուսեալ ու լայնախոհ հոգեւորական առաջնորդներ պատրաստութեան ստիպողականութեան գոհացում տալու» (Եղիայեան, Բիւզանդ, Ժամանակակից Պատմութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Անթիլիաս, էջ 337 – 339)։«Արդարեւ սփորար է տեղեկանալ այն իրատես եւ գործնական ոգւոյն, որով համակուած են Դպրեվանքի վարիչները, որ նկատի ունին հիւընկալ հոգերու վրայ հաստատուած գաղթական ժողովրդեան անմիջական պէտքը՝ արժանաւոր եւ բանիմաց քահանաներ իրենց աղքատիկ եկեղեցիներուն եւ խղճամիտ ուսուցիչներ իրենց նախակրթարաններուն համար» (Հայ Խօսնակ, 1932, թիւ 4, էջ 68): Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Դպրեվանքին հովանիին ներքեւ ուսումնատենչ եւ ծառայասէր տղաներ կրթական այնպիսի ուսում պիտի ստանային, որ դառնայինԴպրեվանքի հիմնադիրներուն նման, համեստ, խոնարհ, բանիբուն, բարձր բարոյականով եւ ազնիւ նկարագրով աշխատասէր, ծառայասէր եւ նշխարին նման ինքզինքնին Աստուծոյ, Եկեղեցիին, եւ Ազգին բաժնելու ծառաներ։ Ժամանակն է կարծես որ Դպրեվանքը՝ Տեսչութիւն, Ուսուցչական Կազմ եւ վերին իշխանութիւններ վերատեսութեան ենթարկեն անոր առաքելութեան նպատակակէտը՝ վերադառնալով անոր հեռատեսիլ եւ ապագայատեսիլ հիմնադիրներուն նպատակին՝ պատրաստել ծառայասէր եւ նուիրեալ ամուսնացեալ քահանաներ, նկատի առնելով որ այս տարին (2023)յայտարարուեցաւ որպէս «Մարդուժի Պատրաստութեան Տարի»։ 

Դպրեվանքի հիմնադրութեան օրերուն, Դամասկոսի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Խադ Սրբազան, 1932 թուականի Եպիսկոպոսական ժողովի Զ. Նիստին, իր վախը կը յայտնէր թէ «դպրեվանքի սաներուն առջեւ փակուած է կուսակրօն եկեղեցական ըլլալու դուռը, ինչ որ վտանգաւոր է կաթողիկոսութեան պահպանման տեսակէտէն» (Եղիայեան, Բիւզանդ, Ժամանակակից Պատմութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Անթիլիաս, էջ 372)։ 

Դպրեվանքի սկզբնական Ուսումնական Ծրագիրը, Շահէ Սրբազան հետեւեալ ձեւով կը բացատրէ. «Դպրեվանքի ուսումնական շրջանը այժմ հինգ տարի է։ Երկուքը Նախապատրաստական եւ երեքը՝ Մասնագիտական։ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸուսանողները պիտի պատրաստէ իրենց ապագայ – Հայ Քահանայի եւ Հայ Ուսուցչի ասպարէզին։ Յատկապէս Անթիլիսան Դպրեվանքին համար գծուած Ուսում-նական Ծրագիրը ունի երեք յատկանշական գիծեր, որ են՝

Ա․Հնգամեայ Ուսուցմանց նիւթերը կը ծառայեն ուսանողներուն՝ ճանչնալու եւ մշակելու բնիկ եւ տոհմայինը։ 

Բ. Տեսականը սերտիւ կցուած է գործնականին։

Գ. Դպրեվանքի ծրագիրը կը պահանգէ որ սաները շրջանաւարտ ըլլալէ առաջ՝ հնար եղած չափով հրահանգուին ու մարզուին Ազգային Ծառայութեան կեանքին մէջ (Շահէ Եպիսկոպոս, ՀԱՍԿ, 1932, թիւ 2, էջ 5 – 6)։ 

Հակառակ այս զոյգ մտածելակերպերուն, Շահէ Սրբազան Դպրեվանքի առաջին հունձքի 16 շրջանաւարտներէն երկուքը աբեղայ ձեռնադրեց՝ Երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. Կաթողիկոս եւ Դերեիկ Եպս. Համոզուելով որ Կաեթողիկոսութեան պահպանման համար, կուսակրօն եկեղացականներու ձեռնադրութիւնը անհրաժեշտ է (Չէպէյեան, Ղեւոնդ Արք., Նոր Արմաշը, ՀԱՍԿ, 1990, էջ 608 – 612)։ 1930 – 1940ական թուականները, Դպրեվանքին ուսումնական ծրագիրը որոշ փոփոխութիւններ կրեց, ժամանակուայ պայմաններուն յարմարելու համար։ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի գահակալութեան ժամանակ էր որ Դպրեվանքը Վեհին ուշադրութեան յատուկ առարկայ դարձաւ եւ օժտուեցաւ հմուտ եւ մասնագէտ ուսուցիչներով։ 1947 – 1948 տարեշրջանին, յատուկ յանձնախումբ մը (Դերենիկ Եպիսկոպոս,  Յակոբ Թօփ-ճեան, Բիւզանդ Եղիայեան եւ Շահան Պէրպէրեան), բարենորոգեցԴպրեվանքի կրթական ծրագիրը։ Գարեգին Վեհին կողմէ վաւերացուելէ ետք, այդ ծրագիրը գոր-ծադրութեան դրուեցաւ։ Այդ ծրագրին համաձայն, «Ժառանգաւորաց բաժնի չորս կար-գերէն իւրաքանչիւրը կ՚ունենայ  շաբաթական 32 պահ, իսկ Ընծայարանի կարգերը շաբաթական 22 – 26 պահ։ Շրջանաւարտները, որոնք աբեղայ կը ձեռնադրուին, աւար-տական ուսումնասիրութեան տարի մը կ՚ունենան, որու ընթացքին քարոզխօսական գործնական փորձեր կը կատարեն եւ կը պատրաստեն իրենց վարդապետական աւար-տաճառը։ Առանց աւարտաճառի պատրաստութեան եւ հրապարակային քննութեան՝ Վարդապետական գաւազանի իշխանութիւն չի տրուիր ոեւէ աբեղայի (ՀԱՍԿ, 1948, Յունիս – Յուլիս, էջ 183 – 184)»։  

Մինչեւ այս ժամանակ, 19 տարիներ, Դպրեվանքին կեդրոնացումը կուսակրօն քահանայութիւն պատրաստելու վրայ էր։ Դպրեվանքի 20րդ կրթական տարեշրջանին, Գարեգին Կաթողիկոս «խանդավառ նոր բացուելիք Քահանայից Դասարանի ծրագրով, որոշում կ՚առնէր անպատճառ իրականացնել իր բարի փափաքը։ Եւ ահա,  1950 թուա-կանի ՀԱՍԿի Ապրիլի թիւին մէջ (էջ 284) յայտարարութեամբ մը, Տեսչութեան կողմէ, կը ծանուցուէր Քահանայից Դասարանին բացումը, հետեւեալ Ուսումնական Ծրագրով եւ Պայմաններով.

 «Գրաբար, Հայ Մատենագրութիւն եւ արդի Գրականութիւն, Հայոց եւ Ընդհա-նուր Եկեղեցւոյ Պատմութիւն, Ծիսագիտութիւն, Հովուական եւ Վարդապետական Աստուածաբանութիւն, Ս. Գրոց Ուսում, Քարոզախօսութիւն, Եկեղեցական Երաժշտու-թիւն, շաբաթական նուազագոյնը 16 պահ։ Թեկնածուները առնուազն Նախակրթարան աւարտած ըլլան եւ ֆիզիքապէս առողջ ըլլալու եւ ձայնի յարմարութիւն ունենալու են» (ՀԱՍԿ, Ապրիլ, 1950, էջ 284)։

Գարեգին Կաթողիկոսը, իր գահակալութեան տարիներուն, իրեն գրեթէ միակ նպատակը ըրաւ զարկ տալ Դպրեվանքի Ուսումնական վերելքին։ Եւ եթէ երբեք Դպրե-վանքը որ գոյութեան երրորդ տասնամեակին նախանձելի բարձրութիւն մը, յաջողու-թիւն մը ունեցաւ, ա՛նպատճառ այս իրողութեան միակ իրականացնող պարտ եւ արժան է ցոյց տալ՝ Հոգելոյս Հայրապետը, կը ծրագրէր Դպրեվանքը առանձին ուղղու-թիւն եւ Շկոլայի մը համապատասխան առաւելութիւններն ու իրաւունքներ ունեցող լոյսի վառարան մը դարձնել (Տէմիրճեան, Վարդան Վրդ., Պատմութիւն Մեծի Տանն Կի-լիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանուց, Պէյրութ, 1960, էջ 117)։

Յաջորդող տասնամեակներուն, Դպրեվանքին ուսումնական ծրագիրը գրեթէ մնաց անփոփոխ կարգ մը մասնակի փոփոխութիւններով։ 1956/1957 Տարեշրջանին Նախապատրաստական Դասարանը կը ջնջուի։ Այս տարիներուն էր որ Դպրեվանքի ԳԼԱՁՈՐ պաշտօնաթերթը կ՚ըսկսի հրատարակուիլ «դպրոցէն անդին – բայց դպրոցին ընդմէջէն – անցնող եւ ուսումնասիրական հորիզոններուն նայող գրական գործունէու-թիւն մը, որ իր թեւերը հաւասարապէս կը տարածէ կրօնքի եւ հայութեան հաւատքին եւ ազգութեան սահմաններուն մէջ, կրօնագիտութեանի եւ հայագիտութեան  կալուած-ներուն մէջէն» (ԳԼԱՁՈՐ, 1957, էջ 3, տես նաեւ ՀԱՍԿ, Դեկտեմբեր, 1951)։Զարեհ Ա. Կաթողիկոս շարունակեց յատուկ հոգածութիւն ցուցաբերել Դպրե-վանքին նկատմամբ իր գահակալութեան ժամանակ, որակաւոր ուսուցիչներով օժտե-լու եւ աւելի լրջօրէն Դպրեվանքի Ծրագիրն ու կարգապահական կարգ  մը դրութիւննե-րը։ Քահանայից Դասարանն ալ կը վերաբացուի երեք-չորս տարիներու վրայ տարած-ւած պատրաստութեամբ, որովհետեւ ՄԻ ՄԻԱՅՆ Անթիլիասի Դպրեվանուց մէջ կարե-լի կը դառնայ այդ ուսումն ու զարգացումը։ 

1990ական թուականներու աւարտին, Դպրեվանքին Տեսչութիւնը աւելցուց Դ. Ընծայարան դասարանը եւ յետագային զեղչեց Նախարատրաստական դասարանը, որ վերահաստատուեցաւ 2021-2022 տարեշրջանին։ Դպրեվանքի պատմութեան այս հաճկիրճ վերաքաղին գլխաւոր պատճառը, Արամ Վեհափառ Հայրապետին 2024 տարին «Մարդուժի Տարի» հռչակումն էր։ 

Արամ Վեհափառ, Իր խօսքին մէջ, Ընտանիքէն եւ Եկեղեցիէն ետք, կը նշէ Դպրե-վանքը, որուն«նպատակը կը շարունակէ մնալ հոգեմտաւոր արժէքներով թրծուած եւ ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայելու կոչում ունեցող հոգեւորականներու, ուսուցիչներու ու մտաւորականներու կազմաւորումը» (ՀԱՍԿ, 2024, թիւ 1, էջ 17)։ Ահա՛ Դպրեվանքին առաքելութեան նպատակը։ Մեր Ժողովուրդին եւ Եկեղեցւոյ համար պատրաստել ամուսնացեալ քահանայ հայրեր, որոնք Մեսրոպ Մաշտոցին նման Քրիստոսի Աւետա-րանը տանին ժողովուդին իրենց ոգեշնչող քարոզներով, որոնք մեր եկեղեցւոյ խոր-հուրդները մատուցանեն հոգեպարար հարազատութեամբ, մեր Պատարագի նշխարը անհատնում կերպով բաժնեն հաւատացեալներուն, անոնց հոգին Աստուծոյ վեր-առաքելով։ Շահէ Սրբազանին բառերով, «բազմահմուտ աստուածաբաններ չէ որ կը փնտռուին, այլ ուսեալ, գործունեայ երէցներ, քահանաներ, որոնք խօսքն ու կեանքը՝ հրահանգ է եւ կրօնի հրապոյրն ու շարժիչ ոյժը աւելցնէ. Երէցներ՝ որոնց աղօթքներուն, կատարած խորհուրդներուն եւ ծէսերուն, քարոզած խօսքին մէջէն այրեր եւ կիներ լսեն Աստուծոյ ձայնն ու պատգամը, եւ Աներեւոյթին իրական ներկայութիւնը զգան եւ դառնան լաւագոյն անձեր, նորէն կազմելու համար ադամանդեայ հաւատքով տոկուն, եւ ամէն հովի առագաստ չբացող հայ քրիստոնեաներ (Շահէ Արք., Հայ Խօսնակ, 1932, թիւ 4, էջ 68)։ 

Ամուսնացեալ քահանաներու կողմէ, Դպրեվանքը կուսակրօն եկեղեցականնե-րու օրրանը պէտք է ըլլայ, որոնք Սահակ-Մեսրոպի աշակերտներուն եւ Թարգմանչաց Ոսկեայ եւ Կիլիկեան Արծաթեայ Դարու սերունդին  նման մեր կրօնական, հոգե-մտաւոր եւ թարգմանականգրականութիւնը հարստացնեն աստուածաբանական, վարդապետական, մեկնողական, հովուական, գրական եւ փիլիսոփայական նոր ստեղծագործութիւններով, թարգմանութիւններով, ուսումնասիրութիւններով եւ հոգե-մտաւոր աշխատանքներով իմացական եւ հոգեմտաւոր նո  բարձունքներ նուաճեն։ Այս բոլորը կ՚ըսկսին Դպրեվանքին գրասեղաններուն վրայ սորվելով լեզու, մշակոյթ, կրօնք, գրականութիւն, պատմութիւն, աստուածաբանութիւն, իմաստասիրութիւն, հոգեբա-նութիւն, ընկերաբանութիւն, արժէքաբանութիւն, եկեղեցւոյ եւ աշխարհի պատմու-թիւն, երաժշտութիւն, արուեստ, գիտական ուսումնասիրութիւններ պատրաստելու մեթոտներ, եւ ի մասնաւորի, անխոնջ կերպով աշխատելու եւ ժամանակը լիովին լեց-նելու մտադրութիւն եւ վճռակամութիւն։ Իր գոյութենական եւ ծառայական նպատակին հասնելու համար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը 6 հիմնական կէտեր [(1) Ուսումնական Ծրագիր, (2) Դասագիրք, (3)Ուսուցիչ, (4) Պիւտճէ, (5)  Քահանայից Պատրաստութիւն (6) Պետական Ճանաչում] պէտք է զարգացնէ եւ պատրաստէ յաջորդող 6 տարիներուն, Դպրեվանքի 100ամեակը հանդիսաւորապէս եւ ապագայատեսիլ ձեւովտօնախմբելու համար։ Տօնակատարութիւններ, դասախօսութիւններ, համերգներ, խօսքեր եւ գովա-սանքներ տեղի պիտի ունենան եւ կարեւոր է որ ունենան անդրադարձ ակնարկ նետե-լու համար, բայց այդ բոլորին կողքին, սակայն, այս դիտանկիւնէն դիտուած անոնք կը դառնան անիմաստ եւ անտեղի։ Մտածելով եւ խորհրդածելով Դպրեվանքին 100ամեայ տօնակատարութեան մասին, եկէք միասնաբար, սիրելի Դպրեվանեցի սաներ, բարե-կամներ եւ բարերարներ, լուրջ կերպով անդրադառնանք Դպրեվանքի բարենորոգու-թեան վեց կէտերուն մասին։  

Առաջին, Ուսումնական-Կրթական Ծրագիրը այն ընթացքն է, որ տարիներու վրայ տարածուած աշակերտին կը սորվեցնէ տուեալ նիւթի մը ամենէն տարրական կէտերէն մինչեւ ամենէն խնթին եւ առաջացեալ կէտերը։ Կրթական եւ ուսումնական ծրագիր ըսելով, կը հասկնամ տարեկան եւ աստիճանական կերպով աշակերտին կրթական եւ ուսումնական զարգացումը։ Կրթական Ծրագիր մը տարեկան առար-կայական եւ քննադատական գնահատումի պէտք է ենթարկուի, որպէսզի հարկ եղած ճշդումները կատարուին։ Օրինակի համար, 

– Հայոց Պատմութեան դասընթացքին, աշակերտը Նախապատրաստական դասարանէն մինչեւ Երրորդ Ժառանգաւորաց պէտք է սորվի Հայոց Պատմութեան պատմական շրջաններու(Ուրարտական, Երուանդեան, Արտաշիսեան, Հռոմէական Արշակունեաց, Մարզապանական, Արաբական, Բիւզանդականխ Բագրատունեաց, Կիլիկեան, Վրացական, Օսմանեան, Ռուսական, Անկախութեան, Համայնավարական, երկրորդ Անկախութեան) կարեւոր դէմքերն ու դէպքերը։ Չորորդ Ժառանգաւորացէն եւ Ընծայարանի շրջանին, աշակերտները պէտք է սորվին պատմա-կան այս հոլովոյին պատահած իրողութեանց քննական եւ առարկայական վերլուծումը կատարել։ Պատմութիւն վերլուծելու արուեստին մէջ, պատմաբանը կը հարցնէ հիմնա-կան հինգ հարցումներ(ո՞վ, ինչպէ՞ս, ե՞րբ, ո՞ւր եւ ամենէն կարեւորը ինչո՞ւ դէպք մը պատահեցաւ)։ Մենք ինչպէ՞ս կրցանք անկախ պետութիւն ստեղծել 885 թուականին, օրինակի համար։ Կիլիկեան թագաւորութեան հիմնադրութեան պատճառները որո՞նք էին։ Պատմական իւրաքանչիւր դէպք պատճառներ եւ հետեւանքներ ունի։ Այս պատ-ճառներուն եւ հետեւանքներուն վերլուծում կատարելը կ՚ըսկսի Դպրեվանքի գրասե-ղաններուն վրայ։ Պատմութեան դասերուն կողքին, կարեւոր է անդրադառնալ շրջակայ երկիներու եւ տէրութիւններու կացութիւններուն, ինչպէս նաեւ աշխարհագրական ծանօթութիւններու, որոնք շատ յաճախ կը ճշդեն քաղաքի մը շինութեան պատճառը կամ պատերազմի մը արդիւնքը։- Այն աշակերտները, որոնք Դպրեվանք ընդունուած են, բայց իրենց ուսում-նական մակարդակն ու կարողութիւնները տակաւին չեն զարգացած, պէտք առանձ-նակի օժանդակութիւն ստանան իրենց ուսման մէջ տեղի ունեցած եւ ունեցող թերու-թիւնները սրբագրելու եւ յառաջացնելու համար։ Օրինակի համար, աշակերտ մը որ դժուարութիւն ունի կարդալու կամ թուաբանելու կամ գրելու, այդ աշակերտը կամ աշակերտները ուղղակի այդ թերութիւններուն վրայ պէտք է աշխատին եւ զարգացնեն զանոնք, դասարանէն դուրս յատուկ ուսուցչի մը հսկողութեան եւ առաջնորդութեան ներքեւ։ Դպրեվանքի կրթական ծրագրին մակարդակը ցածցնելը ճշգրիտ միջոցը չէ։ Եւ եթէ աշակերտ մը կրթական շատ ցած մակարդակ ունի, Դպրեվանեցի ըլլալը նոյնիսկ հարցականի տակ պէտք է առնել։ Ըստ Շահէ Սրբազանին, «աշակերտները կ՚ընդուն- ւին մուտքի քննութեամբ եւ առաջնորդարաններէն տրուած բարի վարուց եւ բժշկական վկայագրի եւ նախակրթարանի վկայագիրներուն հիմերուն վրայ՝ ընտրութեամբ։ Նկարագրի, կարգապահութեան եւ ուսումնական յառաջդիմութեան նիշերը կ՚որոշեն ընդունուած սաներուն մնալու կամ ճամբուելու խնդիրները։ Դասերու միջին եւ վեցամսեայ եւ տարեվերջին (Յունիս) քննութեանց եւ ամսօրեայ գրաւոր փորձերու նիշերը կը ճշտեն ուսանողին մատաւոր յառաջդիմութեան աստիճանը» (ՀԱՍԿ, 1932, թիւ 2, էջ 6)։ Դպրեվանքի մուտքի քննութիւնները այնպէս պէտք է ըլլան, որ այս ուսումնական եւ կրթական թերութիւններն ու կարողութիւննը յատկանշուին, որպէսզի Դպրեվանքի Տեսչութիւնը ըստ այնմ ծրագրէ այդ աշակերտին կամ աշակերտներուն ուսումնական տարին։ Հետեւաբար, կշռուած, ծրագրուած, արմատապէս քննուած եւ պատրաստուած կրթական ծրագիր մը անհրաժեշտութիւն մըն է։  

Երկրորդ, Դասագրքեր։ Կրթական Ծրագիր մը կրնայ յաջող ըլլալ եթէ ունի ար-դիական եւ մանկավարժական սկզբունքներու վրայ պատրաստուած դասագրքեր։ Ար-դի մանկավարժական եւ դաստիարակչական մեթոտներու վրայ հիմնուած եւ «աշա-կերտի աշխատատետր» հատորով զուգորդուած դասագրքերը կարեւոր ներդրում կը կատարեն աշակերտին զարգացման վրայ։ Օրինակի համար, 

– Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութեան համար Օրմանեանի «Ազգապատում»ը կամ Բաբգէն Կաթողիկոսի «Պատմութիւն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսաց»ը դասագրքեր չեն։ Նոյնիսկ Օրմանեանի «Հայ Եկեղեցի» գիրքը դասագիրք չէ։ Հետեւաբար, Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւնը պէտք է ընդգրկէ դաւանաբանական, ծիսական, կանոնագրային եւ ժո-ղովական նիւթեր, պէտք է ունենայ քառամեայ կրթական ծրագիր մը, որուն ընթացքին աշակերտները կը սորվին ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ պատմութիւնըեւ Հայ Եկեղեցւոյ յա-րաբերութիւնները ուրիշ եկեղեցիներու հետ։ Այս պատմութիւնը, անշուշտ, կ՚ընդգրկէ 1113ին սկիզբ առած Աղթամարի կաթողիկոսութեան, Արցախի կաթողիկոսութեան, 1441էն ետք վերահաստատուած Էջմիածնի կաթողիկոսութեան, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի պատրիարքութեանց պատմութիւնները։ Բաբգէն Կաթողիկոսի «Պատ-մութիւն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսաց»ը եւ Օրմանեանի «Ազգապատումը» որպէս յաւելեալ ընթերցանութեան նիւթ կարելի է գործածել։ Նուիրապետական Աթոռներու պաշտօ-նական ամսաթերթերը (Մայր Աթոռ Էջմիածնի «Արարատ»ը (1868-1919) եւ «Էջմիածին»ը (1945 – այժմ), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Հասկ»ը (1932 – այժմ) եւ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան «Սիօն»ը (1866 – 1877, 1927 – 2008, 2012 – այժմ), ինչպէս նաեւ «Լոյս», «Հայ Խօսնակ», «Տաճար», եւ այլ ամսաթերթեր եւ պարբերաթերթեր)  հետաքրքրական, այժմէական եւ շահաբեր յօդուածներ ունին Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութեան համար, զորս ուսուցիչը կրնայ թելադրել որպէս յաւելեալ ընթերցում աշակերտներուն։  – Աստուածաբանութեան տարբեր ճիւղերուն համար, Գէորգ Մեսրոպի «Հովուա-կան Աստուածաբանութիւնը», Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի «Ձեռնարկ Հովուական Աստ-ւածաբանութեան»ը, Շահէ Արք.ի «Տեսական Աստուածաբանութիւն»ը, Մաղաքիա Օր-մանեանի «Տեղիք Աստուածաբանութեան»ը, Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի «Տեսական Աստուածաբանութիւն»ը, Մուշեղ Արք. Սերոբեանի «Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ Վար-դապետութիւն»ը կամ Զաւէն Ա. Քհնյ. Արզումանեանի «Աստուածաբանութիւն Հայաս-տանեայց Առաքելական եւ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ»ն կարելի ի մի համախմբել եւ օգտա-կար Տեսական եւ Հովուական Աստուածաբանութեան Դասագրքերու վերածել։ Տխուր երեւոյթը այն է, որ աստուածաբանական նիւթերու դասաւանդութեան մէջ, մեր եկեղեց-ւոյ վարդապետներուն ուսուցումները գրեթէ անգոյ են եւ աւելիԿաթոլիկ եւ Օրթօտոքս եկեղեցիներու վարդապետներուն՝ Աթանասի, Ոսկեբերանի, Օգոստինոսի, Աքուայ-նասի եւ Քարլ Պարթի աստուածաբանական տեսութիւնները կը սորվին մեր սարկա-ւագներն ու քահանայացուները։ 

– Ծիսագիտութեան մէջ, մեր եկեղեցւոյ խորհուրդները, ժամերգութիւններն ու պատարագըհիմնական կորիզը պէտք է կազմեն կրթական ծրագրին։ Օձնեցիի եւ Ստեփանոս Սիւնեցիի «Մեկնութիւն Ժամակարգութեանց»ը, Անձեւացիի «Մեկնութիւն Աղօթիցն Պատարագի»նը, Լամբրոնացիի «Մեկնութիւն Սրբազան Պատարագի»նը, Արճիշեցիի «Համառօտութիւն Պատարագի»նը եւ խորհուրդներու աստուածաբանու-թիւնն ու զարգացման ընթացքը բացատրող դասագրքերը անհրաժեշտ եւ հրամայա-կան են։  

Երրորդ, Ուսուցիչներ։ Կրթական Ծրագրի մը եւ Դասագրքերու լաւագոյն գործա-ծութիւնը կրկնակ յաջողութիւն կ՚ունենան եթէ այդ ծրագիրն ու դասագիրքը գործածող ուսուցիչը նիւթին քաջածանօթ է եւ տարուայ ընթացքին կը մասնակցի դաստիարակ-չական եւ մանկավարժական նոր ձեւերու եւ մեթոտներու ուսուցման։ Ուսուցիչն է որ դասանիւթը հետաքրքրական կամ անախորշ կը դարձնէ։ Ուսուցիչն է որ աշակերտին մէջ սորվելու եւ իր լաւագոյնը ընելու կրակը կը վառէ եւ կամ աշակերտը ամբողջովին կ՚անտեսէ ուսուցիչն ու դասանիւթը։   

Չորրորդ, Պիւտճէ։ Դժբախտաբար Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ Ազ-գային Ժողովի անդամներէն զատ, Դպրեվանքին պիւտճէն մեծ անծանօթ մըն է։ Հաւա-նաբար, յաջորդող 5-6 տարիներուն այդ պիւտճէն 8-10 առ հարիւր (եթէ ոչ աւելի) տարե-կան յաւելումներ ունենայ որպէսզի Դպրեվանքը կարենայ ունենալ լաւագոյն մասնա-գէտ ոսուցիչները, որոնք, ըլլան անոնք աշխարհական կամ եկեղեցական, պէտք է տա-րեկան գնահատումի ենթարկուին վաւերացնելու իրենց ուսուցչական մակարդակն ու կարելիութիւնները։   Հինգերորդ, Պետական Ճանաչում։ Կաթողիկոսարանը հսկայական աշխատանք ունի կատարելիք Դպրեվանքի Ժառանգաւորացի եւ Ընծայարանի վկայականները պետական ճանաչում ստանալու աշխատանքին մէջ։ «Տեղին է յիշել որ 1930 Սեպտեմ-բեր 13ին, Սահակ Կաթողիկոսի կողմէ Բաբգէն Աթոռակից դիմում կ՚ընէ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին, խնդրելով պաշտօնական արտօնութիւն դպրեվան-քին … Պետական իշխանութիւններ դպրեվանքի պաշտօնական ճանաչումը կը յայտ-նեն, 1931 Մարտ 1ի պաշտօնագրով»։ Ասիկա ցոյց կու տայ որ Դպրեվանքը պետական ճանաչում ունեցած է ժամանակին։ Հաւանակա՞ն է արդեօք եզրակացնել, որ Լիբանանի անկախութենէն ետք (1943), Լիբանանեան կառաջարութիւնը մերժած է այդ ճանաչումը կամ հարկ եղած հետապնդումները չեն կատարուած Կաթողիկոսարանին կողմէ։ Չենք կրնար ենթադրել թէ իւրաքանչիւր դպրեվանեցի աշակերտ քահանայ հայր կամ կու-սակրօն եկեղեցական պիտի դառնայ։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ այդ աշակերտին ապագայ ու-սումը եթէ Դպրեվանքը ձգէ եւ ուրիշ դպրոց երթայ։ Կամ Ընծայարանը աւարտէ եւ որոշէ համալսարան երթալ, ուր իր Դպրեվանքեան վկայականը անվաւեր է պիտի ըսեն։ Կամ կուսակրօն քահանայ պիտի ձեռնադրուի եւ եւրոպական կամ ամերիկեան համալսա-րան կը յաճախէ եւ իր վկայականը պէտք է վաւերացուի եւ համարժէք վկայական դառ-նայ արեւմտեան երկիրներուն մէջ։ Ժառանգաւորաց բաժինը, որ երկրորդական վար-ժարանի ծրագիրը պէտք է ունենայ, Ֆրանսական սերթիֆիքայի ծրագիր եւ ճանաչում պէտք է ստանայ։ Դպրեվանքի Դ. Ժառանգաւորացը պէտք է համազօր ըլլայ Ֆրանսա-կան Պրօվէի բաժնին, Իսկ Ընծայարանի չորս տարիները՝ Աստուածաբանական եւ Եկե-ղեցագիտական Պաքալորէայի։

Վեցերորդ, Քահանայից Պատրաստութիւն։ Քահանայից պատրաստութիւնը ՊԷՏՔ է տեղի ունենայ Դպրեվանքին մէջ եւ ոչ մէկուսի դրուած Քահանայից Դասըն-թացքին մէջ, որուն մասին եթէ տեղեկութիւն ուզենք հաւաքել, Կաթողիկոսարանի կայքէջին վրայ, հետեւեալը կը կարդանք. «Հովիւներու աստուածաբանական եւ հովուական կազմաւորումը Դպրեվանքին կրթական ծրագրին անբաժանելի մասը կը կազմեն։ Նկատի ունենալով թեկնածուներուն տարիքն ու ուսումնական կրթութիւնն ու կարողութիւնները, Նորին Սրբութիւնը 2004ին որոշեց կազմաւորման մասնաւոր կեդ-րոն հաստատել Անթիլիասի մէջ անոնց համար, որոնք կը փափաքին որպէս հովիւ ծառայել համայնքներուն մէջ։ Այս ծրագիրը երեք տարուան շրջան ունի։ Անոր կրթա-կան ծրագիրը կ՚ընդգրկէ դասընթացքներ աստուածաբանութեան մէջ յատուկ շեշտով սուրբ գրային, մեկնաբանական, բարոյական, հովուական եւ ծիսական դասերով։ Այն աշակերտները, որոնք Միացեալ Նահանգներուն մէջ կը ծառայեն, պիտի հետեւին նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Դպրոցի (N.E.S.T.) դասընթացքներուն»։ Արտաքնապէս հրապուրիչ բայց եթէ այս դասընթացքները Դպրեվանքի Կրթական Ծրագրին մաս կը կազմեն, պէտք է ուրեմն Դպրեվանքի կրթական Ծրագիրը քննել եւ տեսնել եթէ այս դասընթացքները կը դասաւանդուին, որո՞նց կողմէ, ի՞նչ դասագիրքեր կը գործածուին եւ թեկնածուները, որքանո՞վ զարգացում եւ ուսում կ՚ըստանան։ Քահա-յական աստիճանի ամենէն կարեւոր պահանջքներէն մէկն է ներշնչիչ քարոզներու պատրաստութիւնն ու հաւատացեալներուն հրամցնելու ձեւերը։ Քահանայական թեկ-նածումները նաեւ պէտք է սորվին իւրաքանչիւր թեմի եւ/կամ գաղութի կանոնագրու-թիւնը եւ իրենց պարտականութիւններն ու պաշտօնը այդ թեմէն ներս։ Մեր Եկեղեցւոյ վերնորոգման առաջին եւ ամենէն հիմնական քայլը՝ քահանայական աստիճանի բարելաւումով կ՚ըսկսի։ Մնացեալը երկրորդական են։ Այս բոլորը, գոնէ Կրթական Ծրագիրն ու Դասագրքերը իրագործելու համար հարկ է կոչ ուղղել բոլոր դպրեվանեցիներուն ի Սփիւռս աշխարհի եւ  ի հարկին բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին իրենց «լուման« բերել այս հսկայական եւ բարենորոգիչ աշխատանքին։ Անոնք որպէս ուսումնական ծրագրի եւ կրթական ծրագրի ու դաստիա-րակչական ու մանկավարժական աստիճաններ ու փորձառութիւններ ունին թող հրաւիրուին եւ ծրագրեն այս աշխատանքին հանգրուանները։ Անոնք, որոնք նիւթա-կան կարողութիւնները ունին այս դասագրքերը հրատարակելու, թող իրենց նիւթական նպաստը առաջարկեն։ Անոնք, որոնք ոեւէ ձեւի ներդրում կրնան ընել թող մասնակցին եւ այս այշխատանքին մէջ թող չանտեսուին անոնք, որոնց դէմ կարգ մը անհատներ, նեղմիտ, ճղճիմ հաշիւներ եւ անձնական տհաճութիւն ունին։ Միաբաններ, որոնք եւրո-պական եւ ամերիկեան համալսարաններու մէջ ուսում ստացած են, առիթն է իրենց ներդրումը բերելու այս կարեւոր աշխատանքին։ Միաբաններ կրնան տարբեր դասա-գիրքերու յանձնախումբերու պատասխանատուութիւնը ստացնել, որպէսզի գործը կեդրոնական եւ Տնօրէն Ժողովի հսկողութեան ներքեւ յառաջանայ եւ պատրաստ ըլլայ գործադութեան դրուելու 2030 – 2031 կրթական տարեշրջանին։ Ասիկա մէկ կամ մի քանի անհատներու գործը չէ։ Կաթողիկոսութեան հովանիին, Դպրեվանքի Տեսչութեան հսկողութեան ներքեւ դրուած Նախագիծ 2030 անուան տակ աշխատանք մըն է։

Մէջբերելով Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Պարոյր Ծ. Վարդապետին կոչը՝ «Վեհափառ Հայրապետին պատգամը նաեւ կոչ մըն է մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն իրենց ճիգերը համախմբելու Դպրեվանքին շուրջ, իւրաքանչիւրը իր ձեւով կամ միջոցներով, ըլլան անոնք դէպի Դպրեվանքաշակերտներու ուղղարկումով, նիւթաբարոյական աջակցութեամբ եւ կամ որեւէ տեսակի ներդրումներով։ Ի վերջոյ, Դպրեվանքի առաքելութեան մէջ որեւէ տեսակի ներդրում՝ կը ծառայէ ու պիտի ծառայէ Սփիւռքի գաղութներու կեանքին, սկսեալ Լիբանանէն մինչեւ Ամերիկա, եւ ինչու չէ մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք։ Եթէ Կաթողիկոսութեան սիրտը՝ Դպրեվանքը առողջ ու կայտառ է, ուրեմն Կաթողիկոսութիւնը կենսունակ ու աշխուժօրէն գործուն է։ Եթէ Կաթողիկոսութիւնը կենսունակ ու աշխուժօրէն գործուն է, ուրեմն Սփիւռքի դաշտերը կ՚ոռոգուին քրիստոնէական հաւատքով եւ հայեցի դաստիարակութեամբ։ Ահաւասիկ «Մարդուժի Տարուան» սեմին, Դպրեվանքի առաքելութեան ճանապարհորդակից դառնալու հրաւէրը կը բացուի բոլորին առջեւ եւ այս առիթը կը յուշէ բոլորիս որ Դպրեվանքը արժանի է մեր ժողովուր-դի զաւակներուն գուրգուրանքին, սիտոյն եւ անսակարկ աջակցութեան։ 

Դպրեվանքի Տեսչին այս հրաւէրէն ներշնչուած, օ՜ն առաջ, ուրեմն, Դպրեվանե-ցիներ ձեր բոլորին կոչ կ՚ուղղեմ որ մեր ջանքերը, գաղափարներն ու ներդրումները միացնենք մեր «հոգեւոր Տան»՝ Դպրեվանքին 100ամեայ տարեդարձը վերածելու Հայ Եկեղեցւոյ Բարեկարգութեան առաջին քայլին, որովհետեւ «սիրտ ի սիրտ եւ ձեռն ի ձեռն» մենք կրնանք տալ այն ինչ որ Դպրեվանքը տուաւ մեզի. Սէր մեր Եկեղեցւոյ եւ մեր ազգին հանդէպ։ Վերջապէս, Վահան Թէքէեանի բառերով, «Ինչ որ տուիր դուն ին-ծի, ահա քեզի կը դարձնեմ, ո՜վ Աստուած»։ Ինչ որ Դպրեվանքը մեզի՝ դպրեվանեցի-ներուս տուաւ, զայն երեսուն, վաթսուն, կամ հարիւր անգամով վերադարձնենլք Դպրե-վանքին, Ազգին եւ Եկեղեցւոյ։

Ն.Վարդ

 Տողրամաճեան, Խորէն Արք., Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, 2024, էջ 47 – 48։

 Այս նիւթին մասին աւելի մանրամասն յօդուած պիտի հրատարակուի։ 

 Ասոր համար տեսնել մեր «Քահանայկաան Աստիճանի Պարտականութիւններն ու Իրաւունքը» հրատարակուած ՍԻՕՆ ամսաթերթին մէջ (Օգոստոս-Դեկտեմբեր, 2020, էջ 254-264; Յունուար-Մարտ, 2021, էջ 66 – 73)։

 Քէշիշեան, Արամ Եպս. Քահանայութիւն՝ Ծառայութեան Ճամբայ, ՀԱՍԿ, 1995, էջ 326 – 330 (վերահրատարակուած «Վերականգնումի Ճամբով», Պէյրութ, 1983, էջ 177 – 186)։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *