Ռումանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ֆարուլ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քլիւժը: Ֆարուլի ծայրի յառաջապահ Նարեկ Գրիգորեան 18-րդ վայրկեանին նշանակեց իր ակումբին երկրորդ կոլը, եւ տօնելու պահուն իր շապիկը վեր բարձրացուց` մեծ հօրը մահուան յիշատակին կապուած գրութիւնը ցուցադրելով: Ան դեղին քարտ ստացաւ, բայց նպատակին հասաւ: 24 տարեկան յառաջապահը, որ Հայաստանի ազգային խումբի անդամ է, Ուրարտու ակումբին հետ շահած էր Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութիւնն ու բաժակի տիտղոսը` 2023-ին:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *