Հայաստանի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Եղիշէ Մելիքեան յայտարարեց, որ Կրասնոտարի միջնապահ Էտուարտ Սփերձեան նշանակուած է ազգային խումբի նոր խմբապետ: Մինչ օրս ազգային խումբի խմբապետն էր Տիգրան Բարսեղեան, որ կարմիր քարտ ստանալէն ետք Իրլանտայի դէմ մրցումին, երեք մրցումով կախակայուած էր: Բարսեղեանէն առաջ ազգային խումբի խմբապետն էր Վարազդատ Հարոյեան, որ Մելիքեանի նշանակուելու նախօրեակին լքած էր ազգային խումբը: Սփերձեանի համար նոր բան մը չէ խմբապետի պաշտօնը, մանաւանդ որ ան նախապէս 4 անգամ կրած էր ազգային խումբի շապիկը իբրեւ խմբապետ, եւ արդէն իսկ երկար ժամանակէ ի վեր Կրասնոտարի խմբապետ է: Ան լաւ առաջնորդական յատկանիշներ ունի: Մելիքեան վերջերս խօսած էր նաեւ Զելարայեանի մասին` յայտնելով, որ հաւաքականի դռները միշտ բաց են Զելարայեանի առջեւ:
