Մինսքի խմբակը իր գործունէութիւնը պաշտօնապէս պիտի աւարտէ 1 դեկտեմբերին: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հարցումին ի պատասխան` այս մասին յայտնած են ԵԱՀԿ-էն: «1 սեպտեմբեր 2025-ին Նախարարներու խորհուրդին կողմէ տրուած որոշումին համաձայն, քայլեր կը ձեռնարկուին Մինսքի հոլովոյթի դադրեցման ուղղութեամբ», նշած են կազմակերպութեան ներկայացուցիչները` աւելցնելով, որ այդ հոլովոյթը պիտի աւարտի 1 դեկտեմբերին: «Այդ օրուընէ սկսեալ Մինսքի հոլովոյթի ծիրին մէջեւ այդ հոլովոյթին հետ կապ ունեցող կառոյցներուն մէջ իրականացուող բոլոր գործողութիւնները պիտի դադրեցուին», նշած են ԵԱՀԿ-էն:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *