Հայաստանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանն ու Ասաատ Շիպանին երէկ ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը: Ըստ հայկական կողմի հաղորդագրութեան, պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է միացեալ ջանքերով, որոնց շարքին՝ փոխադարձ այցելութիւններու միջոցով աշխուժացնելու քաղաքական երկխօսութիւնն ու փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներուն մէջ համագործակցութիւնը: Նախարար Միրզոյեան յայտնած է մարդասիրական ականազերծման աշխատանքներուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան աջակցութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը:
