2 Դեկտեմբերին, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան խորհուրդի 6րդ նիստէն ետք տեղի ունեցած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերու յանձնակատար Մարթա Քոսի հետ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ ապահովական հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալլաս յայտարարեց, որ Մոսկուա Հայաստանի մէջ ընտրութիւններուն միջամուխ կ՛ըլլայ: «Ռուսիա եւ իր միջնորդները ապատեղեկատուական արշաւներ կը ծաւալեն Հայաստանի մէջ: Խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ մենք կը տեսնենք նոյն ցանցերը, որոնք օգտագործուած են Մոլտովայի մէջ, շատ աշխուժօրէն աշխատած են Մոլտովայի մէջ, ուր բեմագրութիւնը նոյնն է: Եւրոպական Միութեան ֆինանսաւորումը պիտի օգնէ յայտնաբերելու արտասահմանեան ազդեցութիւնները եւ արձագանգելու անոնց», ըսաւ Քալլաս։ Իսկ Քոս իր կարգին յայտնեց, որ 2026ի ընտրութիւնները Հայաստանի մէջ կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենան տարածաշրջանի կայունութեան եւ բարեփոխումներու իրականացման համար: «Հայաստան կրնայ իր յոյսը դնել մեր աջակցութեան վրայ: Ժողովրդավարութիւնը միշտ վտանգի տակ է, եւ մենք պէտք է աջակցինք լրատուամիջոցներուն՝ ճնշումը կանխելու համար: Ասիկա շատ կարեւոր է, այս նոր ուղղութիւն է, եւ մենք կ՛աջակցինք 5 միլիոն եուրոյի ֆինանսաւորումով, Հայաստանի մէջ ընտրութիւններու նախօրէին` ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարը ապահովելու համար: Մենք կարելիութիւններ ունինք մեր կապերը ընդլայնելու: Մարտին գաղթականութեան եւ ապահովութեան հարցերու գծով եւրոպացի յանձնակատարը պիտի այցելէ Հայաստան, ուր տեղի պիտի ունենան կարեւոր վեհաժողովներ», ըսաւ Քոս։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *