Հայաստանի եւ Թուրքիոյ համապատասխան պետական վարչութիւններու ներկայացուցիչները 28 Նոյեմբերին, սահմանի Ախուրիկ-Աքիաքա անցակէտին եւ Գիւմրիի մէջ հանդիպում ունեցան եւ քննարկեցին Գիւմրի-Կարս երկաթուղիի վերականգնման եւ շահագործման գծով գիտարուեստական հարցեր, յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հոկտեմբերին յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ հետ Հայաստանի ծաւալած դրական երկխօսութիւնը յոյս կու տայ, որ հետագային Հայաստան-Թուրքիա սահմանը կրնայ բացուիլ:
