Հինգշաբթի գիշեր Հայաստանի պասքեթպոլի ազգային խումբը 98-88 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Պուլկարիոյ դէմ աշխարհի ախոյեանութեան զտումին գծով իր մրցումին: Պոթեւկրատի մէջ տեղի ունեցած մրցումին Հայաստան երբեք չկրցաւ հասնիլ Պուլկարիոյ, որ մինչեւ կիսախաղ 10 կէտի առաւելութիւն ձեռք ձգած էր արդէն (51-41): Հայաստան, որ սկսած էր Անտրէ Սփայթ-Մկրտչեան, Կապրիէլ Աճէմեան, Քրիսթիան Վիթալ, Ալպերթ Թադեւոսեան եւ Եուրա Մելիքեան հնգեակով, վաղը պիտի հիւրընկալէ խմբակի 3-րդ խումբը` Նորվեկիոյ ազգային խումբը, Երեւանի մէջ: Անտրէ Սփայթ-Մկրտչեան 37 կէտ նշանակեց, մինչ Վիթալ (27 կէտ եւ 8 ռիպաունտ) եւ Մելիքեան (8 կէտ եւ 12 ռիպաունտ) իրենց կարգին արդիւ-նաւէտ մրցում ունեցան: ՀՄԸՄ-ի մարզիկ Կապրիէլ Աճէմեան միայն 2 կէտ նշանակեց իր 13 վայր-կեաններուն, մինչ մնացեալ կէտերը նշանակեցին Ալպերթ Թադեւոսեան (5 կէտ), Դանիէլ Կիրակոսեան (4 կէտ), Ռաֆայէլ Մասումեան (3 կէտ) եւ Վալերի Աղաճանեան (2 կէտ): Նշենք, որ Մարատ Միքայէլեան, Տիգրան Մկրտումեան, Կարէն Մելիքեան եւ Դաւիթ Խաչատրեան մաս կը կազմեն նաեւ ազգային խումբին:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *