«Էմ. Էմ. Էյ.»-ի 22 տարեկան մարտիկ Էդուարդ Բագրատունեան երկար դադարէ ետք վերադարձաւ ռինկ եւ նաք աութով յաղթեց Սայֆուլլահ Նուրիեւին` իր ծննդավայր Ռոստով-նա-դոնի մէջ տեղի ունեցած «Պեթ սիթի ֆայթ նայթ 131» մրցաշարքին: Անյաղթ Բագրատունեան, որ իր 10-րդ մենամարտը յաղթեց, անգամ մը եւս փաստեց, թէ ան էր եւ պիտի մնայ Ռուսիոյ ամէնէն խոստմնալից «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մենամարտիկներէն մէկը: Մէկուկէս տարի վիրաւորուած ըլլալով հեռու մնալէ ետք մրցասպարէզներէն, Բագրատունեան մակարդակը բնաւ չէր կորսնցուցած, եւ երրորդ ռաունտին գետին բերաւ իր մրցակիցը` մեծ արձագանգ յառաջացնելով հայրենակից հանդիսատեսներուն մօտ:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *