Տուպայի մէջ շարունակուեցաւ բռնցքամարտի աշխարհի ախո- յեանութիւնը, սակայն Հայաստա- նի ներկայացուցիչներուն հա- մար կիսաւարտականը այդքան ալ յուսալից չեղաւ: Յովհաննէս Բաչկով (67 քկ) դարձաւ բռնցքա- մարտի աշխարհի ախոյեանու- թիւններու հնգակի պրոնզէ մե- տալակիր: Կիսաւարտականին ան 2-5 արդիւնքով պարտուեցաւ ռուս Եւգենի Կոլինէն, դիրք մը, որ իրեն ապահովեց 75 հազար ամ. տոլար մրցանակ: Պէտք է ըսել, որ ռուս բռնցքամարտիկները տիրապետեցինհասնելով 13 կշիռներու 12 աւարտականներու: Միայն ռուսահայ Անտրէ Պեգլիվանեան չկրցաւ հասնիլ աւարտական պարտուելէ ետք տաճիկ Խուսրախոն Ռահի- մովէն: Հայկական ծագում ունեցող այլ մարտիկ մը` 48 քկ կշիռի Էտմոնտ Ղու- դոյեան աւարտականին պիտի մրցի ազրպէյճանցի Սուպհան Մամետովի դէմ:
