15 եւ 16 Դեկտեմբերին, Փարիզի մէջ Հայաստան եւ Ֆրանսա ռազմավարական պաշտպանական խորհրդակցութիւններ ունեցան, հաղորդեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Վերոնշեալ խորհրդակցութիւններէն ետք ստորագրուեցաւ Հայաստան-Ֆրանսա պաշտպանական համագործակցութեան 2026ի ծրագիրը, որ կը ներառէ քանի մը նախաձեռնութիւններ։ Բացի այդ, ամփոփուեցան համագործակցութեան ծիրին մէջ 2025ի աշխատանքները եւ նախանշուեցան յաջորդ տարուան ծրագիրները: Որոշուեցաւ յաջորդ ռազմավարական պաշտպանական խորհրդակցութիւնները իրականացնել Երեւանի մէջ: Ըստ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ երկրի խորհրդարանին ներկայացուած զեկոյցին՝ Հայաստան 2023-2024ին, Ֆրանսայի հետ ստորագրած է առաւել քան 274 միլիոն եուրոյի սպառա-զինութեան պայմանագիրներ: Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Ֆրանսա Հայաստանին կը մատակարարէ Caesar հրազէններ. այդ մասին յայտնի դարձաւ 2024ին, իսկ փաստաթուղթի այլ մասի մը մէջ կը նշուի Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանին 15 հակահրասայլային հրթիռներ եւ հրթիռային կայանքներ մատակարարելու մասին:
