Ստորեւ կը ներկայացնենք 2025 թուականի 19 Դեկտեմբերի USA ARMENIAN LIFE հեռուստատե- սային հաղորդաշարին արտա- գրուած «թեքսթ»ը՝ «Ճաղերու ետին՝ Գարեգին Բ.-Ռոպօ-Սերժ մաֆիա։ Առանց ռսաստրուկ դա- ւաճաններու՝ Հայաստան, Սիւռք եւ եկեղեցի»։ Բացայայտումներ՝ հետազօ- տող լրագրողներ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱ- ՐԵԱՆի եւ ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆի կողմէ: Եթէ կը ցանկաք ստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումը էլեկտրոնային փոստով, կը խնդրենք ե-նամակ (email) ուղարկել usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէին կամ հեռաձայնել 818-241-5777 եւ փոխացնեցէ՛ք Ձեր անունը, ազգանունը, հեռախօսի թիւը եւ ելեկտրոնային հասցէն: Իսկ եթէ կը փափաքիք բաժանորդագրուիլ հայալեզու ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ USA ARMENIAN LIFE-ի միացեալ տպա- գիր տարբերակին, փոխանցեցէ՛ք Ձեր տան, գրասենեակի կամ փոս- տարկղի հասցէն usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէով կամ հեռաձայնելով 1-818-241-5777։ YouTube-ի մէջ դիտելու համար բացէք հետեւեալ կապը. տես եղանք Ուքրանիա-Ռուսաստան ռազմական առճակատումի առթիւ եւ հետեւանքները, որ կը տեսնենք, շատ հետաքրքրական են եւ նաեւ միեւ- նոյն ժամանակ յուսադրիչ, որովհետեւ, ըստ երեւոյթին, նախագահ Թրամփ վերջերս, թէկուզ նոր սիլիպիլիական, սիրաբանական կարճ ժամանակա- միջոցի մէջ նոր սցենար մը սկսաւ իրականացնել Փութինի հետ:

Այդ առի- թով, մեր ներքին 5րդ շարասեան ռսաստրուկները նոր հրավառութեան ժամանակաշրջան մը սկսան, սակայն ըստ երեւոյթին իրենց ախորժակը սա- ռեցուեցաւ եւ այդ սառեցուած վիճակի մէջ իրենք հիմա արդէն ականատես են, որ, ճիշդ է, նախագահ Թրամփ մէկ կողմէն սիրալիր արտայայտութիւն կ҆ունենար Ռուսական Դաշնութեան ավտոքրաթ, միա- հեծան, մենատէր Վլատիմիր Փութինի մասին, սակայն միեւնոյն ժամանակ արդէն Ամերիկայի նախագահը արտօնութիւն կու տար, որ ամենաբարձր մակարդակի զէնքեր փոխանցուին Ուքրանիային։ Եւ մենք արդէն այդ զէնքերու փոխանցումով ականատես կ՛ըլլանք, թէ ինչպիսի նոր աւէրներու շարք մը սկսած է Ռուսական Դաշնութենէն ներս եւ այն միտքը արտայայտող քաղա- քական թեւերը իրաւունք ունին պնդելու, որ Ռուսական Դաշնութեան օրերը համրուած են, ինչպէս եւ նոյնպէս Հայաստանի մէջ ռսաստրուկներու օրերը հաշուըուած են եւ այսպէս պիտի շարունակուի։ Իսկ անոնք, որոնք կը խորհին, թէ քաղաքական նոր հորիզոն կը բանան մերոնքականներով կամ «մեր ձեւով», «մեր ձեւովականները» իրենց «ձեւովականով» պիտի ենթարկուին եւ ուղղուին պատմութեան աղբանոցը։ Եւ ինչպէս մենք վերջին ժամանակներուն ականատես եղանք Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս այն խրոխտ, հաւատացեալ ժողովուրդի այն խուռներամ մասնակցութիւնը, բազմաթիւ թեմական եկեղեցիներէն ներս, վերջերս այդ շարժումը արդէն հասաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջիմածին եւ մենք ականատես եղանք նոր իրագործումի մը։ Պիտի միասին դիտենք այս տեսանիւթը եւ շարունակենք մեր զրոյցը։ ՏԵՍԱՆԻՒԹ. Տէր Արմէն քահանայ Մելքոնեան- Ես եկել եմ հեռա- ւոր Վառնա քաղաքից, բերում եմ ինձ հետ մեր պուլկա- րահայոց թեմական խորհուրդի, Վառնայի Սուրբ Սար- գիս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի եւ մեր ժողովուր- դի միասնականութեան կոչը այսօրուայ մեր տաս եպիսկոպոսներին, որոնք բարձրաձայնել են արդարու- թիւնը եւ ուզում են ինչ որ եկեղեցում արդարութիւն տիրի եւ ուզում են, որ եկեղեցում բարեկարգում լինի։ Եւ ի վերջոյ մեր նպատակին պէտք է հասնենք։

Եւ այս նպատակը այս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջիմածինը ոնց որ սուրբ վայր է եղել միածնայ էջք լինելու պատճառով, պէտք է սրբանայ։ Լրագրող – Մենք հակառակն ենք տեսնում, որ չի պատրաստւում Գարեգին Բ.ն հեռանալ, Տէր Արմէն։ Ամէն դէպքում ունէ՞ք ճանապարհային քարտէս։ Տէր Արմէն – Մինչեւ ե՞րբ չի պատրաստւում հեռանալ։ Մինչեւ ե՞րբ։ Լրագրող – Իսկ կը ներէք, ինչպէ՞ս ստացուեց, որ Փա- շինեանի եւ տաս եպիսկոպոսների ցանկութիւնը համընկել է։ Տէր Արմէն – Նայեցէք, այս խմորումները միշտ էլ եղած են հայ եկեղեցու մէջ։ Օրինակ ձեզանից շատերը ինձ կը ճանաչեն։ Ես 2018ին այս հրապարակը եղած եմ նաեւ եւ մենք պահանջել ենք միեւնոյն պահանջը, որ Կտրիճ Ներսիսեանը պէտք է հեռանայ։ Եւ ահաւասիկ 2018 տարուց յետոյ, մենք, քանի՞ տարի անցաւ, միեւնոյն նպատակով եւ միեւնոյն պահանջով այստեղ կանգնած ենք։ Լրագրող – Տէր Արմէն, խօսւում է այն մասին, որ Գա- րեգին Բ.ն կարող է տեղափոխուել Ռուսաստան, ընդհուպ այնտեղից ………………… Տէր Արմէն – Խնդրեմ, խնդրեմ, թող տեղափոխուի, որտեղ ուզում է թող գնայ, միայն այստեղ, Մայր Աթոռի սրբութիւնը թող վերադառնայ։ Հայ ժողովուրդը պէտք ունի սուրբ օճախի, որտեղ գա միայն Աստուծոյ հոգին տեսնի, ուրիշ բան չտեսնի, ապօրինութիւններ չտեսնի, անբարոյականութիւն չտեսնի։ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Ըստ երեւոյթին սա արդէն կարեւոր խօսք մըն է, որ մեր ժողովուրդը խուռներամ կերպով արտայայտեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջիմածինէն ներս եւ ըստ երեւոյթին վերջակէտ դնելու. հաւաքա- կան կամքը ուժեղացած է։ Իմ զրուցակից պարոն Մխի- թարեանին կ҆ուզէի առաջարկել, որ իր տեսաբանութիւնը ներկայացնէ եւ շարունակենք մեր զրոյցը։ ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Պարոն Չափարեան, կարե- ւորը՝ հետեւեալ ձեւով մեկնաբանենք եւ լուսաբանենք մեր ժողովուրդը։ Նախ ուրախալի երեւոյթ էր։ Ուրախալի այն իմաստով, որ ժողովուրդը խուռներամ ներկայ էր Մայր Աթոռէն ներս, պահանջելու իր արդար իրաւունքը։ Ի վերջոյ ժողովուրդն է եկեղեցին։ Եւ հետեւեցան այն քաջարի քահանաներուն, եպիսկոպոս, արքեպիսկոպոսներուն, որոնք քաղաքավար ձեւով պահանջեցին, որ Գարեգին կաթողիկոս յանուն հայ եկեղեցւոյ հեռանայ այդ աթոռէն։ Այս բոլորին մէջ ուրախալի երեւոյթը այն է, որ երբեք առճակատում տեղի չունեցաւ այդտեղ։ Բայց սիրելիներ, հոս չվերջացաւ, որովհետեւ յաջորդ հանդիպումը պիտի ըլլար Մայր տաճարին մէջ։ Հետեւաբար, խելքի թող գան մեր աւագ երէց եպիսկոպոս, արքեպիսկոպոսները, որոնք այսօր թերեւս կը վախնան, բայց պէտք է յանուն եկեղեցւոյ, յանուն Աւետարանին, որուն ձեռք դրին եւ ուխտեցին ծառայել Աւետարանի ճամբով հայ ժողովուրդին, ոտքի ելլեն եւ պահանջեն, որ Գարեգին կաթողիկոս անպայման հեռանայ այդ աթոռէն։ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.

Պարոն Մխիթարեան, դուք քաջածանօթ էք այն պատմական փաստին, որ ըստ երեւոյթին գարեգինապաշտերը այնքան լաւ մարզուած են Քրէմլի կողմէ, ՔաԿէՊէյիշնիկ որպէս գործակալներ, աներես մարդիկ են այս մարդիկ եւ Գարեգին Բ.ն մարզած է իր համագործակից, գործակալ, ՔաԿէՊէյիշնիկ եւ հիմա ռուսական FSBականներուն լաւ կերպով մարզած է ըլլալ աներես։ Եւ ինչպէս որ գիտենք անցեալէն, որ ինչ- պիսի մշակոյթ կ҆արտացոլան գարեգինապաշտերը, որ թագաւորի պէս կ҆ուզենք ապրիլ, եւայլն, եւայլն։ Եթէ եպիսկոպոսներու կարեւոր մասը այդպէս ձեռնպահ մնայ կամ Գարեգին Բ.ի կողմնակից շարունակէ մնալ, արդեօք ո՞րն է լուծումը։ ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Մենք գիտենք, որ կանոնա- գրային խախտումներ կատարուեցան եւ տակաւին կը կատարուին այն օրէն, որ Գարեգին կաթողիկոս համփ- շտակեց այդ աթոռը։ Մանրամասնութիւններու մէջ հիմա չմտնենք։ Հետեւաբար, քանի այս բոլորը կան եւ ելած են պարկեշտ, բարձրաստիճան եկեղեցականներ, որոնք յանուն եկեղեցւոյ, յանուն հայ ժողովուրդի, կը խնդրեն կաթողիկոսէն որ հեռանայ, որպէսզի եկեղեցին բարենորոգուի, եթէ Գարեգին կաթողիկոս անդրդուելի մնայ, կասկածէ վեր է, սիրելիներ, որ պետութիւնը պիտի երթայ միւս ճամբով, որովհետեւ Գարեգին կաթո- ղիկոս 25 տարիներու ընթացքին այնպիսի կանոնա- գրային խախտումներ ըրած է, կանոնագրային ոչ մի- այն եկեղեցական, նաեւ քաղաքական՝ օրինական խա- խտումներ ըրած է։ Եթէ կը յիշէք, շաբաթ մը առաջ Արշակ արքեպիս- կոպոս, այսօր ճաղերուն ետին է, եւ Գարեգին կաթողիկոս առանց ամչնալու, ասի բարձրաձայն կ҆ըսեմ, առանց ամչնալու յայտարարեց, որ եթէ Արշակ արքեպիսկոպոս ճաղերու ետին երթայ, հայ եկեղեցին կը փլի։ Կրնա՞ք երեւակայել, նման սոփեստութիւն մը արտասանուած Գարեգին կաթողիկոսի կողմէ։ Հետեւաբար, Արշակ արքեպիսկոպոս, այո, ճաղերու ետին է այսօր եւ կարգը հասած է Գարեգին կաթողիկոսին, որովհետեւ նոյնքան օրինական խախտումներր ինքն ալ ունի, ատիկա ըլլայ նիւթապէս հարցերու մէջ, ինչպէս նաեւ բոլոր այդ պիզնէսները, որոնք ինք կը ղեկավարէ, ինք անձնապէս, ինչպէս նաեւ իր արբանեակներու միջոցաւ։ Հետեւաբար լուծումը այն է, սիրելիներ, եթէ յաջորդ քայլը արքեպիս- կոպոսները մօտենան կաթողիկոսին եւ կաթողիկոս չընդառաջէ այդ ազնիւ խնդրանքին, լուծումը այս է՝ պետութիւնը իր ժողովուրդի փափաքը պիտի կատարէ եւ Գարեգին կաթողիկոս պիտի երեւնայ ճաղերու ետին։ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Պարոն Մխիթարեանը անշուշտ բազմաթիւ հիմնա- ւորումներ ունի այս առաջադրանքը ոչ թէ ներկայացնելու, այլ մատնանշելու, որտեւ այդ առաջադրանքը առկայ է եւ հայկական պետականութիւնը պարտաւոր է իր քաղաքացիներուն պաշտպանելու ներքին թշնամիներէ։ Եւ այս պարագային մենք նախորդ հաղորդումներու միջոցաւ բարձրաձայնած ենք այն փաստի մասին, որ բազմաթիւ յանցագործութիւններ կատարած է Գարեգին Բ.ն եւ գարեգինապաշտերը. Գարեգինի, Յովնան Տէրտէրեանի եւ Մոսկուայի Եզրասի մաֆիան նաեւ ձեռնամուխ եղած է ապօրինի գործու- նէութիւններու մէջ՝ դրամի լուացում, մարդասպանութիւններ եւ ամէն տեսակի ապօրինի եւ հակամարդկային վարուելակերպ։ Եւ միլիոնաւոր տոլարներ շոգիացած են այս մաֆիայի գործունէութեան միջոցաւ, կողոպ- տելով սեփական ժողովուրդին, այսինքն եթէ այս կողոպուտները, որ կատարուած են տարիներու ընթացքին, մենք նմանեցնէինք մարդու ֆի- զիքական վնաս հասցնելու մտքին, ապա ուրեմն մենք հանգիստ կը կարո- ղանայինք ըսել, որ այս գարեգինապաշտերը, ռսաստրուկները նաեւ իրենց հերթին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ռսաստրուկ Բիւրոն, որ լու- սանկարի մէջ կը տեսնենք, թէ ինչպիսի աներեսաբար իշխանիկները, որ այս կիւզալ կուսակցութեան ղեկին անցած, քարուքանդ ըրին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իրենց սխալ վարուելակերպի պատճառով։ Տեսէք լուսանկարին մէջ եւ իրենց տեղը մի ամչցէք, դուք ամօթխածութեան հետ կապ չունիք, ըստ երեւոյթին, որովհետեւ աներես դարձած էք, բայց մեր պարտականութիւնն է իրազեկենք նաեւ այն շարք մը նորելուկ ռսաս- տրուկներ, որոնք նաեւ արտերկրի մէջ, յատկապէս Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ, բարեբախտաբար իրենց թուաքանակը բաւականին քիչ է, սակայն աներեսաբար դարձած են ռսաստրուկ բիւրոյականներու շնիկները, իրենց մասին մօտիկ ապագային անպայման պարզաբանումներ պիտի ըլլան եւ պիտի բացայայտենք թէ ինչպիսի զարտուղի ճանապարհներով եւ հակաօրինական գործունէութեամբ բռնազաւթած են ազգային առաջ- նորդարանը, արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու, անթիլիասական ան- շուշտ, նոյնպէս եւ Գարեգինի եւ 5րդ շարասեան մաֆիան, բռնազաւթած են արեւմտեան առաջնորդարանը՝ էջմիածնական անշուշտ։ Պարոն Մխիթարեան, իմ հարցս ձեզի այն է, որ արդեօ՞ք մենք պէտք է բաւարարուինք Գարեգին Բ.ի ճաղի ետեւին յայտնուելով, թէ նաեւ իր անմի- ջական գործակիցները, որոնք ինչպիսի զարտուղի գործունէութիւններ տարած են տասնամեակներու ընթացքին։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ եւ ովքե՞ր են անոնք։ ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Պարոն Չափարեան, շատ հետաքրքրական հար- ցում մըն էր, որ հարցուցիք այստեղ։ Նկատի ունենալով, որ Գարեգին կաթողի- կոս մենատէրն էր մինչեւ հիմա եւ որպէս բռնակալ այդ եկեղեցին մինչեւ անդունդ տարաւ, այս բոլոր անունները, որ դուք արտայայտեցիք, բացայայտեցիք, իր հացահատիկէն կշտացող եպիսկոպոս, արքեպիսկոպոսներ են։ Չի բաւեր պատասխանելու համար ձեր հարցումին, չի բաւեր Գարեգին կաթողիկոսը տեսնել ճաղերու ետին, որպէսզի Մայր Աթոռը փրկուի, այլ նաեւ պէտք է վերատեսութեան ենթարկենք բոլոր թեմերու առաջնորդները, որոնք դրուած են այդտեղ Գարեգին կաթողիկոսի հրահանգով, թելադրանքով ոչ, հրահանգով, ըլլայ ատիկա Մեսրոպ եպիսկոպոս, Նիւ Եորք, ըլլայ ատիկա Աբգար Քանատայի մէջ, ըլլայ այստեղ՝ Տէրտէրեան արքեպիսկոպոս։ Այս բոլորն ալ ազատ կը գործեն, որովհետեւ Գարեգին կաթողիկոսին հացահատիկէն կշտացած եպիսկոպոսներ են։ Եթէ իսկապէս կը հաւատան իրենց առաքելութեան, նոյնքան իրենք աշխատանք պէտք է տանին, որ Գարեգին կաթողիկոս վայրկեան մը առաջ հեռանայ այդտեղէն եւ եկեղե- ցին դառնայ մաքուր տաճար Աստուծոյ առաքելութեան համար, Աւետա- րանի առաքելութեան համար։ Բան մը որ կը բացակայի մեր մէջ։ Չկայ հոգեւոր առաքելութիւն։ Կայ միայն պիզնէս, դրամ։ Դժբախտաբար Գարե- գին կաթողիկոսին հետաքրքրութիւնը այդ եղած է առաջին օրէն, որ ձեռնադրուած է։ Եւ պատմութիւնը կը վկայէ այդ մասին։ Կը ցաւինք ըսելու, բան մը չկայ հոգեւոր իր մէջ։ Եթէ առիթ ունեցած են ձեզմէ շատեր անձնա- պէս իր հետ խօսելու, պիտի տեսնէք, որ շինարարութեան մասին կը խօսի, պիզնէսի մասին կը խօսի, չի խօսիր երբեք հոգեւոր արժէքներու մասին, չի խօսիր Աւետարանի մասին, որովհետեւ չունի այդ մէկը, իր մէջ չէ ծաղկած Աւետարանի ուսումը։ Հետեւաբար ինք կաթողիկոսութիւնը կը նկատէ որպէս պիզնէս եւ ճիշդ ատոր համար ալ պէտք է հեռանայ եւ եթէ չհեռանայ, ժամանակը հասած է, որ ճաղերու ետին երեւնայ։ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Ըստ երեւոյթին «Հայ եկեղեցկոյ բարեկարգում շարժման» մասնակիցներ բաւականին մտահոգուած են այն փաստով, որ Գարեգին Բ. զարտուղի ճանապարհներով կարգ մը նկարագիրով բաւականին խոցելի արքեպիսկոպոսներու միջոցաւ կարող է այնպիսի սցենար իրակա- նացնել, որ յանկարծ իր ամէնէն նախասիրած արքեպիսկոպոսը, օրինա- կի համար Յովնան Տէրտէրեանը, որուն մենք իսկական դիմագիծը բացա- յայտեցինք, երբ Հոկտեմբեր 27, 1999 թուականին, այդ չարաբաստիկ օրը, երբ սպանդը գործադրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պաշտօնատարներու փառլամենթէն ներս եւ նահատակուեցաւ հայոց սպարապետ Վազգէն Սարգսեանը եւ Կարէն Դեմիրճեանը եւ այլ պետական պաշտօնատարներ, նոյն օրը Գարեգին Բ.ն ձեռնադրուեցաւ եւ զարտուղի ճանապարհներով ոչ թափանցիկ հայրապետական ընտրութիւններու միջոցաւ, ոչ արդար ընտրութիւններու միջոցաւ այդ Սուրր Աթոռը բռնա- զաւթեց եւ նոյն այդ պահին, կը յիշէք այդ տեսաերիզը, երբ լուրը կը ստանան Մայր Աթոռէն ներս, որ սպանդը գործադրուած է եւ Գարեգին Բ.ն 20 միլիոն տոլարի կաշառքը վճարելու այլեւս պարտաւորութեան տակ չէ, այդ ժամանակուայ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան, կարգ մը շրջանակին, կարգ մը օղակին, ուրեմն ուրախութիւնը կը տեսնէք դէմքին, որ ինչպէս այն ժամանակ եպիսկոպոս էր, ըստ երեւոյթին, կամ աբեղայ էր, կամ վարդապետ էր, չեմ յիշեր այդ մասը, բայց տեսէք էքրանի վրայ, թէ ինչպիսի սատանայական թաքուն ուրախութեամբ այդ թուղթը կը համբուրէ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը եւ ապա կը փոխանցէ Գարեգին Բ.ին, որ այսպիսի բան պատահեցաւ. իբրեւ թէ Գարեգին Բ.ն անակնկալի եկած է եւ իբրեւ թէ տխուր պահեր կապրի, այդ ժամանակ կը յայտարարէ խորանէն եւ այսպիսի դերասանութիւններու ականատես կ҆ըլլայ մեր ժողովուրդը։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Գարեգին Բ.ի, Յովնան Տէրտէրեանի եւ Մոսկուայի Եզրասի ստեղծած այդ յոռի մշակոյթի մասին, նաեւ մենք ականատես եղանք, թէ ինչպիսի յղփացած մարդիկ, շատ հաւանաբար իրենց նման ՔաԿէՊէի գործակալներ, բեմերէն սկսան պահանջել ժողովուրդէն, որ իրենց թագաւորի պէս ապրեցնեն. «Մենք կուզենք թագաւորի պէս ապրիլ»…։ Ուրեմն այսպիսի մշակոյթ ստեղծած մարդիկ պատկերացուցէք որ հիմա յանկարծ 16րդ աթոռազուրկ կաթողիկոսին գործընթացը իրականացնելու համար առաջնագիծ անցած ըլլան։ Ուշադրութիւն պէտք է ընենք, որ թոյլ պէտք չէ տանք, որ խնդրահարոյց մարդիկ այդ սուրբ առաքելութեան միջա- մուխ ըլլան։ Պարոն Մխիթարեան, մեր ժողովուրդը եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցին, Գարեգին Բ.էն, Կտրիճ Ներսէսեանէն ձերբազատուելէն ետ- քը ի՞նչ պէտք է ընէ, եւ հաւանաբար նոյնիսկ հիմա պէտք է օրինակի հա- մար արդեօք նպատակայարմար է, որ զուգահեռ կերպով պոլոժենիայի վերացման համար քայլեր նախաձեռնուին եւ նաեւ ժողովրդավարութեան վերականգնման շարժումը ազատ աշխարհի մէջ գործող թեմերէն ներս ի՞նչպիսի պատկերացում ունիք։ ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Պարոն Չափարեան, պատկերը շատ յստակ է։ Գարեգին կաթողիկոսի հեռացումէն ետք հայ եկեղեցին վերանորոգման պէտք ունի։ Այս մասին շատ խօսած ենք։ Բայց հիմա հարցը հրատապ է։ Որովհետեւ յստակ կանոնագրութիւն մը տակաւին չկայ, որ վաւերացուած ըլլայ ազգային եկեղեցական ընդհանուր ժողովի կողմէ, որտեւ բոլորս գիտենք, որ Գարեգին կաթողիկոս մերժեց նման ժողով մը, որպէսզի խուսափի հաշուետուութենէ եւ թափանցիկութենէ։ Ահաւասիկ, սիրելիներ, հասած է ժամը։ Մէյ մը որ կաթողիկոսը հեռա-նայ եւ տեղապահի ընտրութեամբ կատարուի ազգային եկեղեցական ընդհա- նուր ժողով, նոյնքան հրատապ է կանոնագրութեան մը վաւերացումը եւ այդ կանոնագրութիւնը առանց բացառութեան պէտք է գործադրուի թէ հայրենիքէն ներս, թէ սփիւռքի տարածքին, որպէսզի ամէն առաջնորդ իր հասկցած ձեւով իր թեմը չղեկավարէ։ Ամէն թեմ պարտաւոր է ըլլալ հաշուետու եւ թափանցիկ իր ժողովուրդին։ Հասած է ժամանակը մենատիրութեան։ Երբ մենատէրը հեռանայ, դաշ-տը պարարտ է այլեւս նոր սերմեր ցանելու։ Բոլոր անոնք, որոնք կը յաւակ- նին եւ կը յանդգնին նոյն ձեւով շարունակել, պէտք է հեռացուին իրենց առաջնորդական աթոռներէն։ Մեր ժողովուրդը արթնութեան մէջ է, ըլլայ հայրենիքէն ներս, ըլլայ սփիւռքէն ներս։ Մենք պէտք է միասնութեան մա- սին աշխատանք տանինք, եւ միասնաբար փրկենք եկեղեցին այնքան ատեն որ եկեղեցին ունենայ յստակ կանոնագրութիւն մը, որ հիման վրայ ժողո- վուրդը ինքը ընտրէ իր առաջնորդը, իր քահանան եւ ոչ հրահանգուի Մայր Աթոռէն, ինչպէս կը կատարուէր վերջին 25 տարիներուն։ Հետեւաբար թափանցիկութիւնը եւ հաշուետուութիւնը մեծ ձեւով անհրաժեշտութիւն մըն է հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս, մանաւանդ եկեղեցական կեանքէն ներս։ Մեր եկեղեցականները երբեք չհաւակնին ըսելու, որ ասիկա ներքին գործ է։ Ոչ, սիրելիներ, այդ գումարները մեր ժողովուրդը կու տայ, ես, դու, միւսը կու տան այդ գումարները, դուք պարտաւոր էք, հաշուետու էք ժողովուրդին եւ մանաւանդ պետութեան։ Ինչպէս մեր եկեղեցիները արտասահմանի մէջ, թէկուզ ոչ շահակցական ընկերակցութիւններ հաշուետու են պետութեան, նոյնը պէտք է ըլլայ Հայաստանէն ներս։ Մի զարմանաք, երբ որ պետութիւնը պահանջէ որ հայ եկեղեցին հայ թեմերը, Մայր Աթոռը հաշուետու ըլլան եւ թափանցիկ ըլլայ իր բոլոր դրամական հարցերու մէջ։ Չկայ ծածուկ բան։ Ուշ կամ կանուխ այս բոլորը պիտի երեւնան։ Հետեւաբար ժամանակը հասած է ձեռք ձեռքի տանք, փրկենք հայ եկե- ղեցին, զօրավիգ կանգնինք այն եկեղեցականներուն, որոնք պարկեշտօրէն կ҆ընդունին անցեալի սխալները եւ այսօր պատրաստ են երթալու Աւետարանի ճամբով, փրկելու եկեղեցւոյ արժանապատուութիւնը, նոյն ատեն փրկելով իրենց արժանապատուութիւնը։ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Շնորհակալութիւն, պարոն Մխիթարեան, մեր ժողո- վուրդը չափազանց ուրախ եւ շնորհակալ պիտի ըլլայ, երբ այս ռսաստրուկ- ները, սկսած Գարեգին Բ.էն, եւ արիւնակից եղբայրըԵզրասը եւ իրենց եռե- ակին երրորդըՅովնան Տէրտէրեանը իրենց ստացած մետալներով ճամ- բու դրուին դէպի պատմութեան աղբանոցը, ինչպէս որ էքրանի վրայ կը տեսնենք, Գարեգին Բ.ն մետալ կը ստանայ, եւ իրեն կը յաջորդէ միւս լուսանկարը, երբ Եզրաս, (Եզ-րաս, այսինքն արաբերէն «րաս» գլուխ կը նշանակէ, եզի րաս) մետալ կը ստանայ իր հերթին Պութլերէն եւ նաեւ եռե- ակին երրորդը՝ Յովնան Տէրտէրեանը ինչպէս որ էքրանի վրայ կը տեսնենք, ան ալ մետալ կը ստանայ Սերժ Սարգսեանէն. բոլորս ալ գիտենք Սերժ Սար- գսեանը 5րդ շարասեան ղեկավարներէն է Հայաստանի մէջ եւ կը գլխաւորէ «մեր ձեւով» շարժումը եւ ամէն կերպ աշխատանք կը տանին, որ 2026ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերադառնան խորհրդարան եւ իրենց աւերիչ գործունէութիւնը շարունակեն։ Ուրեմն այս երեք մետալ ստացողները նոյնպէս եւ 5րդ շարասեան բոլոր բաղադրիչ այդ ժխտական ուժերը մենք կ҆առաջնորդենք դէպի պատմութեան աղբանոցը։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *