Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Նարեկ Մկրտչեան Սպի- տակ տան մէջ, նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հանդիպում մը ունեցաւ: Դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ հանդիպումը տեղի ունեցաւ նորանշանակ դեսպաններուն համար կազմա- կերպուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ։ Կը հաղորդուի, որ նախագահ Թրամփ շնորհաւորեց հայ ժողովուրդը«ընդգծելով, որ վերջինս արժանի է կայուն խաղաղութեան եւ վերահաստատեց իր անվերապահ աջակցութիւնը խաղաղութեան գործընթացներուն»։ Հանդիպումին ընթացքին, Մկրտչեան շնորհակալութիւն յայտնեց Թրամ- փին «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ իր ցուցաբերած հետեւողական ջանքերուն, ինչպէս նաեւ 8 Օգոստոսին, Սպիտակ տան մէջ ձեռք բերուած պատմական համաձայ- նութեան եւ ստորագրուած փաստաթուղթերուն համար»։
