Ստորեւ կը ներկայացնենք 2026 թուականի 9 Յունուարի USA ARMENIAN LIFE հեռուստատե- սային հաղորդաշարին արտ աթագրուած «թեքսթ»ը՝ «Բռնա- գանձում՝ պետութիւնն ու եկե- ղեցին թալանողներուն, աթոռա- զրկում՝ հակա ՀՀ գործակալ- ներուն, Գարեգին Բ….»։ Բացայայտումներ՝ հետազօ- տող լրագրողներ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆի եւ ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆի կողմէ: Եթէ կը ցանկաք ստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումը էլեկտրոնային փոստով, կը խնդրենք ե-նամակ (email) ուղարկել usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէին կամ հեռաձայնել 818-241-5777 եւ փոխացնեցէ՛ք Ձեր անունը, ազգանունը, հեռախօսի թիւը եւ ելեկտրոնային հասցէն: Իսկ եթէ կը փափաքիք բաժանորդագրուիլ հայալեզու ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ USA ARMENIAN LIFE-ի միացեալ տպագիր տարբերակին, փոխանցեցէ՛ք Ձեր տան, գրասենեակի կամ փոստար- կղի հասցէն usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէով կամ հեռաձայնելով 1-818-241-5777։ YouTube-ի մէջ դիտելու համար բացէք հետեւեալ կապը. https://youtu.be/wsH78UN4OCQ?si=3gw8nTcZnIQXEzYQ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Շատ գովելի եւ ոգեպնդիչ է, որ նոր տարին կը սկսինք նոր հեռանկարային քայլերով, ի սփիւռս աշխարհի, ինչպէս եւ նաեւ մայր հայրենիքէն ներս։ Նաեւ գովելի է այն փաստը, որ մեր ժողովուրդը աննախընթաց զարթօնք կ҆ապրի, աննախընթաց ինքնագիտակցութեան արշաւ կազմակերպած է եւ ինչպէս որ փրոֆեսոր Գագիկ Սաֆարեանը անցեալ օրը բարձրաձայնեց, սա աննախընթաց խաչակրաց արշաւանք է հայը հայուն համար։ Հազարա- ւոր՝ պէտք է ըսել որ այնպէս կը թուէր, որ տասնեակ հազարաւոր հայեր, Հայաստանի քաղաքացիներ մասնակցեցան այդ ուխտերթին, որ կազմա- կերպուած էր հաւատացեալներու կողմէ, գլխաւորութեամբ իսկական քրիստոնեայ հաւատացեալ, Հայաստանի Հանրապետութեան հաւատացեալ եւ քրիստոնեայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։ Ուրեմն պէտք է ըսել, որ վերջին հազար տարուան մէջ առաջին անգամն է որ հայ ժողովուրդը եւ յատկապէս հայ քրիստոնեան ազգային տան ապանեխացման, այսինքն միքրոպներու վերացման ինքնամաքրման գործընթացը սկսած է։ Անիի անկումէն ի վեր ասիկա առաջին անգամն է, որ հայը վերանայման կ҆ենթարկէ իր եկեղեցին։ Ներկայիս այնպիսի ժամանակներ կ҆ապրինք, բարեբախտաբար մէկը միւսին ետեւէն դրական զարգացումներու ոչ միայն ականատես կ҆ըլլանք, այլ մասնակիցները կ҆ըլլանք, այլ ճարտարապետները, կերտողները կ҆ըլլանք նոր իրականութեան։ Այս մասով պէտք է ըսել որ շատ գովելի է որ վերջերս ի արձագանգ Լոս Անճելըսէն բարձրաձայնուող այն բարի մտքերուն, նաեւ միացած են այլ հրապարակախօսներ, սրտցաւ եւ հաւատացեալ հրապարակախօսներ, ինչպէս նաեւ պետական գործիչներ, յանձինս արժանապատիւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, որոնք կը շեշտեն, որ ժամանակը եկած է, որ հայ ժողովուրդը եւ յատկապէս Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդները հայ եկեղեցւոյ բարեկարգման աշխատանքները առաւել ծաւալեն, որպէսզի իր բարեյաջող լրումին յանգեցնեն։ Պէտք է ըսել որ 2015 թիւէն սկսեալ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ՝ այլ խօսքով Հայ եկեղեցւոյ բարեկարգման շարժումը սկսած էր առաւել ծլարձակուիլ, եւ 2018ին արդէն «նոր Հայաստան, նոր Հայրապետ» շարժումը սկսաւ Հայաստանէն ներս, ի արձագանգ հայ եկեղեցւոյ բարե- կարգման այդ շարժումին եւ այսպիսով այսօր, ինչպէս որ անգլերէն կ҆ըսեն՝ fast forward, այսօր ունինք այնպիսի դրական հեռանկարային իրականութիւն, որ մենք իրաւունք չունինք ձախողելու։ Եւ վերջերս նաեւ բացի այդ 10 եպիսկոպոսներէն նաեւ վերջերս հոգեւորական մը միացաւ այս պայքարին։ Ես պիտի առաջարկեմ որ իմ զրուցակիցը՝ Ոսկան Մխիթարեանը այդ մասին զեկուցէ։ ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Պարոն Չափարեան, ուրախալի երեւոյթ է, որ այս 10 եպիսկոպոս արքեպիսկոպոսներուն միացաւ նաեւ Զուիցերիոյ առաջնորդական տեղապահը, յանձինս Գուսան Ծայրգ. Վրդ. Ալճանեանի։ Քաջութիւնը ունեցաւ բաց կերպով յայտարարելու, որ ինք կը մասնակցի այդ տասը բարձրաստիճան եկեղեցականներուն, որովհետեւ խորապէս կը հաւա- տայ, որ հայ եկեղեցին բարեկարգութեան պէտք ունի։ Բոլոր անոնք, որոնք առիթը ունին, լաւ կ҆ըլլայ որ Պետ- րոս Ղազարեանի հետ Գուսան վարդապետի հարցա- զրոյցը անպայման դիտեն, որովհետեւ այդտեղ բաւա- կան լուսաբանութիւններ կան։ Ափսոսանքը հոն է, որ Գուսան վարդապետի յայտարարութենէն անմիջապէս յաջորդ օրը, որովհետեւ Գուսան վարդապետ կը պատ- կանի Երուսաղէմի զինուորեալ միաբանութեան, Նուր- հան պատրիարք անմիջապէս կը սաստէ զինք, ըսելով, որ եթէ յետս չկոչես քու յայտարարութիւններդ, լաւ ար- դիւնք չեն ունենար այս բոլորը։ Մէկ խօսքով կը փորձէ վախեցնել։ Անշուշտ Գուսան վարդապետ անդրդուելի կը մնայ, եւ մենք կը գնահատենք իր քաջարի կեցուածքը այս պարագային։ Մեզի համար, սիրելիներ, զարմանալին այն է, Նուր- հան պատրիարքը, որ 2014 թուականին քաջութիւնը ունեցաւ նամակ յղելու Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, ըսելու, որ քու աշխա- տելաոճդ չի համընկնիր հայ եկեղեցւոյ կանոնագրութեան հետ, եւ այս ընթացքը եթէ պիտի շարունակէք այս ձեւով, լաւ կ҆ըլլայ որ դուք զձեզ կարգազուրկ հռչակէք։ Այս նոյն պատրիարքը տակաւին վերջերս, մի քանի ամիս առաջ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին։ Սիրելիներ, կրնա՞յ ըլլալ որ մենք ուրիշ բան մտածենք, եթէ ոչ այն իրողութեան մասին, որ Նուրհան պատրիարք մխրճուած է, չեմ ուզեր ըսել գողութեան մէջ, բայց պիտի ուզեմ ըսել այնպիսի գործարքներու մէջ, որ պատրիարքութիւնը հարցականի տակ կը դնէ, պատրիարքութեան գոյութիւնը հարցականի տակ կը դնէ։ Բոլորդ ալ ծանօթ էք կովերու պարտէզի հարցին։ Ինչո՞ւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին զօրակցութիւնը կ҆ուզէ ունենալ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ իր մեղքերը ծածկելու համար է։ Մէկը պէտք ունի հիմա, որ իր կատարած սխրագործութիւնները ձեւով մը ծածկէ։ Ամօթ իրեն։ Շատ կը ցաւիմ ըսելու, մօտէն կը ճանչնամ ես։ Զինք կը ճանչնամ այն օրէն, որ երբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի աշակերտ էր։ Արամ Կաթողիկոսի դասընկեր եղած է, որմէ ետք մեկնած էր Հալէպ, տարիներէ ետք լսեցինք որ գնաց Երուսաղէմ եւ այդտեղ միաբան եղաւ։ Այդ բոլորը մէկդի դնենք։ Այսօր Գուսան վարդապետ քաջութիւնը ունի յայտարարելու եւ կը զգայ կարիքը որ հայ եկեղեցին բարեկարգութեան պէտք ունի։ Ի՞նչն է ասոր մէջ սխալներ, սիրելիներ։ Տարիներէ ի վեր կը գրենք եւ կը խօսինք այս մասին։ Հայ եկեղեցին բռնակալի մը ձեռքն է այսօր։ Թագաւորը ինքն է, դատաւորը ինքն է, դահիճն ալ ինքն է։ Հետեւաբար, ժամանակը հասած է, եւ պարտաւոր ենք ձախ ու աջ նայելու եւ բոլորս համախմբուած աշխատանք տանելու այս բոլոր եկեղեցականներու կողքին կենալով, առաջարկել որ հայ եկեղեցին բարեկարգութեան ճամբան բռնէ օրինական ձեւով։ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Պարոն Մխիթարեան, մի քանի ամիս առաջ, երբ բաւականին ուրախութիւն պատճառած էր մի քանի արքեպիսկոպոսներու համախմբումը հայ եկեղեցւոյ բարեկարգման գաղափարին շուրջ եւ նաեւ աւելի կարեւորը Գարեգին Բ Կտրիճ Ներսէսեանի հեռացում պահանջող այդ աշխատանքներուն, որոշ պետական շրջանակներ եւ նաեւ հրապարա- կախօսներ այն յոյսը տածեցին, որ ահաւասիկ շատ մօտալուտ է Կտրիճ Ներ- սէսեանի հեռացումը։ Եւ անշուշտ մենք դժբախտաբար իմանալով Կտրիճ Ներսէսեանի էութիւնը եւ նաեւ իմանալով հանգամանքները, այն ժամանակ մենք առաջինը եղանք ըսելու, որ Կտրիճը այս մոտէլաձեւով պիտի չհեռանայ եւ այն ժամանակ մենք բարձրաձայնեցինք որ պէտք է կամ ազգային եկեղեցական ընդհանուր, արտակարգ ընդհանուր ժողով կազմակերպուի, եւ նաեւ կարելի է ըսել զուգահեռ Կտրիճ Ներսէսեանը դատուի որպէս յանցա- գործ քաղաքացի, որուն մասին իրաւապահ մարմինները մեծ տարողութեամբ, լայնամասշտաբ փաստեր ունին։ Ի՞նչ կ҆ըսէիք այս մասին։ ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Ճիշդ է որ Գարեգին Բ. կաթողիկոս անդրդուելի կը մնայ այս պարագային, եւ ձեւով մը այս շարժումը կը փորձէ փակուղիին մէջ պահել։ Բայց լուծումներ կան։ Ըլլայ ատիկա եկեղեցական ընդհանուր ժողովի ճամբով, որուն ինք միշտ խոչընդոտած է, որովհետեւ 25-26 տարինե- րու ընթացքին երբեք ցանկութիւնը չէ յայտնած որ ազգային եկեղեցական ժողով տեղի ունենայ, որտեւ ինք շատ լաւ գիտէր գլխուն գալիքը։ Հետեւա- բար հիմա որ այս շարժումը ընթացքի մէջ է, եւ պատահի որ ուղղակի եկեղե- ցական կանոնական ձեւով չկարենան յաջողիլ մեր սիրեցեալ այս քաջարի եպիսկոպոս արքեպիսկոպոսները, կը մնայ անդին մէկ լուծում՝ իրաւապահ մարմիններ իրենց ձեռքերուն ունին, ինչպէս հայաստանցիները կը սիրեն ըսել՝ քոմփրոմանթներ, այնպիսի շօշափելի տուեալներ, որ Գարեգին կաթո- ղիկոս անկասկած որ ճաղերու ետին պիտի երեւնայ, ինչպէս իր արբանե- ակները, որոնք այսօր ճաղերուն ետին են։ Մեր մտքի մէջ կասկածէ վեր է, անդին է, որովհետեւ Գարեգին կաթողիկոսի օրով պատահեցան սպաննութիւններ, օրինական խախտումներ, զեղծարա- րութիւններ, դրամական հարցեր, այս բոլորը արդէն պետութեան ձեռքը կան, առարկայական ձեւով ձեռքը կան։ Հետեւաբար եթէ չյաջողի եւ ինքը խելացի չգտնուի հեռանալու, հանգստեան կոչ եղած է իրեն, չհեռանայ, կասկածէ վեր է, որ պետութիւնը իրաւապահ մարմիններով պիտի իրագործէ այն ինչ որ արդար է իր նկատմամբ, որովհետեւ հսկայ զեղծարարութիւններու գագաթ- նակէտին հասցուցած է։ Այս առիթով նաեւ կարժէ մեր դիտողներուն յիշեց- նել, որ եթէ Գուսան վարդապետի հարցազրոյցը մտիկ ընէք, հոն արդէն յստակ կերպով կ҆ըսէ թէ Գարեգին կաթողիկոս ինչպէս իւրացուցած է հարիւրաւոր միլիոններ, եւ այդ բոլորը իր անուան տակ պահած է։ Այդ բոլորը կը պատկանի Մայր Աթոռին, այլ խօսքով՝ ազգին։ Որովհետեւ չկայ հաշո- ւետուութիւն, չկայ թափանցիկութիւն։ Այս բոլորը նկատի պիտի առնեն, պարոն Չափարեան, մեր իրաւապահ մարմինները եւ զինք պիտի կոչեն, դատարան կանչեն եւ հաշիւ պահանջէ այս բոլորը, որոնք ի վերջոյ զինք պիտի հանգեցնեն ճաղերու ետին։ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Այո, ի հարկէ պէտք է մենք շատ աչալուրջ ըլլանք եւ պնդենք մեր ժողովուրդի, մեր ծնեալ իրաւունքի վրայ, որ Գարեգին Բ. Կտրիճ Ներսէսեանը եւ իր կլանակիցները, որոնք բազմաթիւ յանցագործութիւններու մէջ ձեռնամուխ եղած են, դրամի լուացումէ բռնած, թմրեցուցիչի քար- թէլներու հետ համագործակցութեան հետ կապուած իրենց անմիջական կցորդներու մասնակցութեամբ։ Օրինակի համար անոնք, որոնք հետեւած են լրատուութեան մենք յստակ կերպով կը յիշենք Յունաստանի մէջ քանի մը տարի առաջ ինչպէս սպաննուեցաւ Կտրիճ Ներսէսեանի եւ իր եղբօր՝ Եզրաս Ներսէսեանի անմիջական կցորդ Յարդէնեանը, որովհետեւ ըստ երեւոյթին Յարդէնեան լայնամասշտապ թմրանիւթի առք ու վաճառքի մէջ մտած էր եւ անշուշտ պէտք է ըսել որ վերջին տարիներուն ի գնահատում Հայաստանի իրաւապահ մարմիններուն, բազմաթիւ գործողութիւններ իրա- կանացուեցան, երբ ապօրինի թմրանիւթի քարթէլներու շրջանառութիւնը կասեցուեցաւ Հայաստանէն ներս։ Ի հարկէ մենք պէտք է ըսենք, ու մեր սիրելի հեռուստադիողներուն պէտք է յայտնենք այն փաստը որ մենք պատմական օրեր կ҆ապրինք, երբ Ամերիկայի մէջ լայնածաւալ պատերազմ սկսած է թմրանիւթի առեւտրականներու դէմ, որոնք կը սպաննեն ամէն օր միլիոնաւոր ամերիկացիներ, տասնեակ հազա- րաւոր ամերիկացիներ, արդէն այդ պատերազմը սկսած է միջազգային մաս- շտապի վրայ աւելի զարգանալ եւ ըստ երեւոյթին դժբախտաբար նախկին Սովետի երկիրներն ալ զերծ չեն մնար թիրախաւորուելէ, նոյն ինքը՝ Հայաս- տանը, ուրեմն մենք պէտք է շատ աչալուրջ կերպով վերահսկենք Հայաս- տանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը եւ այս առ- թիւ Կտրիճ Ներսէսեանը եւ Եզրասը այս տիպի գործողութիւններու մէջ ձեռնամուխ ըլլալու փաստերու ամբաստանութեան ներքոյ կը գտնուին։ Իսկ ինչ կը վերաբերուի իրենց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու անմիջական կլանակից Յովնան Տէրտէրեանին, ապա ուրեմն շատերս կը յիշենք թէ ինչպէս միլիոնաւոր տոլարներով փորձեց կողոպտել, եւ անշուշտ շինարարութեան պատրուակի տակ, եկեղեցիներու նոր շինարարութիւններու, յատկա- պէս Սէնթ Լիան, Սրբոց Ղեւոնդեանց տաճարի շինարա- րութեան առթիւ ինչպիսի միլիոնաւոր տոլարներ շոգիա- ցան։ Ուրեմն այս մաքրագործումը, որ մեր ժողովուրդը կը հետապնդէ, պէտք է որ աչալուրջ կերպով ի նկատի ունե- նայ, թէ երբ Գարեգին Բ. Կտրիճ Ներսէսեանի, Եզրասի եւ Յովնան Տէրտէրեանի մաֆիան հանգստեան կը կոչուի, պէտք է մենք ամէն կերպ իրականացնենք մեր ժողովուրդը այն նպատակը, որ այս մարդիկ իրենց թալանով հանգստեան չկոչուին։ Այո մենք քրիստոնեայ ենք, հաւատացեալ քրիստոնեայ ենք, ներել գիտենք, բոլորս ալ մեղաւոր ենք, ինչպէս որ վարչապետը ըսաւ, բայց այդքան ալ ապուշ չենք, որ կարգ մը կեղծ հոգեւորա- կաններու կողմէ կեղծ խոստովանանքի շղարշի տակ, ծխածածկոյթի տակ իրենց հրապարակի վրայ մնալը յաւերժականացնենք։ Ատիկա, կը ներէք, բայց ապուշու- թիւն է այլեւս։ Ուրեմն մենք պէտք է ամէն կերպ ինքնա- մաքրման, ապանեխացման այս գործունէութիւնը իր լրումին հասցնենք, եւ յատկապէս ուշադիր պէտք է ըլլանք, որ քանի որ 2026ի ընտրութիւնները ճակատա- գըրական ընտրութիւններ պիտի ըլլան, խորհրդարա- նական ընտրութիւնները, ապա ուրեմն մենք առաւել եւս զգօն պէտք է ըլլանք, որ եւս մէկ հոկտեմբեր 27 չգործադրուի, որովհետեւ հոկտեմբեր 27, 1999ի լայնածա- ւալ մարդասպանութիւնները որ կատարուեցան Ազգա- յին Ժողովէն ներս, գլխատեցին հայկական պետակա- նութիւնը եւ մենք գրեթէ 30-35 տարի ետ մնացինք, անոր համար է որ այն արհաւիրքները որ մեր գլխուն եկան, շատ նորմալ է, քանի որ գողապետութիւն մէջտեղ եկաւ եւ երկրորդ եւ յատկապէս երրորդ նախագահները՝ Քոչարեանը եւ Սերժ Սարգիսեանը ղեկավարեցին Հա- յաստանի ոչ միայն թալանը, նաեւ սփիւռքինը անշու- շտ, բայց նաեւ Հայաստանի հայաթափումը կազմա- կերպեցին։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Կտրիճ Ներսէսեանին եւ իր կլա- նին, ապա Կտրիճ Ներսէսեանը իր հերթին հաւատացե- ալներու արտահոսքը կազմակերպեց Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիէն։ Ուրեմն արտահոսքը ոչ միայն կասեցնելու հրամայականի առջեւ ենք, պարոն Մխիթա- րեան, այլ մեր հաւատացեալները, մեր հեռուստադիտող հայրենակիցները, հաւատակիցները հարց կու տան, ի՞նչ է այն մեխանիզմը, ի՞նչ է այն գործելաոճը, որ մենք ներհոսքը իրական ռէալ կերպով իրականացնենք, ոչ թէ միայն ըսենք տասնեակ հազարներով ուխտեր կազմա- կերպենք, այլ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ զաւակները գործնական մասնակցութիւն ունենան բո- լոր թեմերէն ներս եւ յատկապէս Հայաստանի մէջ ազա- տագրուելիք՝ պոլոժենիայէն ազատագրուելիք թեմերէն ներս։ Ի՞նչ կ҆ըսէիք այդ մասին։ ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. Այս արթնութիւնը մեր ժողո- վուրդի մէջ անպայման պէտք է ստեղծենք եւ միանգա- մընդմիշտ մեր ժողովուրդը հասկնայ որ եկեղեցին ինքն է։ Եւ որպէսզի կարենայ եկեղեցին կայտառ մնայ, արթուն ըլլայ եւ իր ծառայական դաշին մէջ արդիւնք տայ, պէտք է անպայման իր մասնակցութիւնը բերէ։ Պիտի դադրին այդ օրերը, տակաւին այդ օրերու մէջ ենք, որովհետեւ տակաւին նոր Գարեգին Բ. կաթո- ղիկոս այս դժուար օրերուն, այսպէս կոչենք, Զուիցերիոյ համար նոր առաջնորդ կը նշանակէ, իր մանկլաւիկներէն մէկը առաջնորդ պիտի նշանակէ. այսքան տարի է Զուիցերիան առաջնորդ չունի, բայց հիմա, որտեւ Գու- սան վարդապետ յայտարարեց որ ինք կը զօրակցի տաս եպիսկոպոս- արքեպիսկոպոսներուն, արդէն որոշուած է նոր եպիսկոպոս պիտի գայ։ Սիրելիներ, ասիկա պէտք է դադրի։ Ոչ միայն այդտեղ, Հայաստանի բոլոր թեմերը նշանակուած են։ Դուք պիտի ուզէք ով ըլլայ ձեր հոգեւոր առաջնորդը։ Ըլլայ այդ ահանայ, ըլլայ թեմական առաջնորդը։ Այս սովորութիւնը միանգամընդմիշտ պէտք է դադրի։ Մեր եկեղեցին ժողո- վրդավար եկեղեցի է եւ որպէսզի յաջողցնենք իրակա- նութեան վերածենք այս մեր խնդրանքը, առաջարկը, բոլորդ ալ պէտք է ձեր մօտակայ եկեղեցիներուն անդամ ըլլաք։ Չի կարելի լուսանցքի վրայ մնալ, ինծի ինչ ըսելով հեռու մնաք, պէտք է մաս եւ բաժին դառնաք եկեղեցւոյ բոլոր գործունէութեանց, ըլլայ հոգեւոր, ըլլայ աշխարհիկ։ Եթէ ձեր մասնակցութիւնը բերէք, այդ ատեն ցոյց կու տաք, որ իսկապէս դուք կը հաւատաք եկեղեցւոյ առա- քելութեան եւ տէրն էք։ Եթէ մասնակցիք, անդամ դառ- նաք, ձեր մօտակայ եկեղեցիներուն, կարեւոր չէ Էջմիած- նական թեմ է կամ Կիլիկիան թեմ է, դուք պարտաւո- րութիւնը կը ստանձնէք ձեր թեմականները ընտրելու, ինչպէս նաեւ ձեր առաջնորդները, նաեւ ձեր հոգեւոր հովիւները։ Այս անտարբերութիւնը պէտք է դադրի, սիրելիներ, ըլլայ հայրենիքէն ներս, ուր ինչպէս ըսի, թագաւորը, դատաւորը եւ դահիճը ինքն է, այս բոլորը պիտի փոխուի, կը յուսանք, որ նոր արժանաւոր, իսկական հոգեւոր հայրա- պետ մը անգամ մը եւս վեր կը բարձրացնէ մեր օրէնքը։ Այլ խօսքով, օրէնքի ամբողջականութեան գործածութեան կը հաւատայ խորապէս, այն ատեն եկեղեցին կը յաջո- ղի իր առաքելութեան մէջ, եւ խորանի ճամբով կը սպա- սարկէ իր ժողովուրդի բոլոր հոգեւոր կարիքները։ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Ինչպէս որ պարոն Մխիթարեանը նշեց, կենսական է, որ իւրաքանչիւրս ծխական անդամ դառնանք եւ ծխական անդամ դառնալով իրաւունք կ҆ու- նենանք ընտրելու կամ ընտրուելու որպէս պատգամա- ւորներ իւրաքանչիւր թեմէն ներս եւ այդ մեխանիզմը, այլ գործելաոճը արդէն գոյութիւն ունի ազատ աշխարհի մէջ, հիմա ինչպէս որ մենք ամիսներէ ի վեր կը բարձրա- ձայնենք այդ կարեւոր առաջադրանքը, որ պոլոժենիան արմատախիլ ըլլայ Հայաստանէն ներս եւ ընդհանրապէս բոլոր նախկին Սովետի տարածքէն ներս, եւ յատկապէս Հայաստանի պարագային ըստ երեւոյթին ներկայ դրու- թեամբ Գարեգին Բ.ն ինքն է որ կը նշանակէ պատգամա- ւորները, ինքն է որ կը նշանակէ թեմակալ առաջնորդները, եւ սա տիքթաթորա է, որովհետեւ ցարական Ռուսաս- տանի օրով ստեղծուած է ի հակապատկեր Արեւմտեան Հայաստանի գործելաոճին, իսկ Արեւելեան Հայաստանը ռուսական ազդեցութեան գօտիէն ներս ցարական Ռուսաստանի պոլոժենիայի քմահաճոյքին ենթարկուած է եւ այդ ձեւով Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին իր ժողովրդավարական համակարգը կորսնցուցած է։ Հիմա ժամանակն է որպէսզի յատկապէս Հայաստանի մէջ բոլոր թեմերը ազատագրուին եւ Գարեգին Բ.ն եւ իրեն յաջորդող կաթողիկոսը լիազօրութիւն չունենայ այլեւս թեմակալ առաջնորդներուն նշանակելու, եւ լիազօրութիւն չունենայ պատգամաւորներուն նշանակելու, այլ ժողովրդա- վարական կարգով ընտրելու, ժողովուրդը, հաւատացեալները իրաւունքը կ҆ունենան ընտրելու իրենց պատգամաւորները, իւրաքանչիւր թեմէն ներս եւ այդ պատգամաւորները կ҆ընտրեն թեմակալ առաջնորդին։ Իսկ եթէ թեմակալ առաջնորդը օրինակի համար ըսենք իր գործունէութեան մէջ յանցագործութիւն կ҆իրականացնէ եւ մեղքերու մէջ կ҆իյնայ, ուրեմն թեմի պատգամաւորները թեմական ընդհանուր ժողովի ժամանակ կը կարողանան աթոռազրկել թեմակալ առաջնորդին եւ նոյնպէս պէտք է ըսել որ ժամանակը հասած է որ բոլոր շրջանները նոյնպէս եւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ կաթողիկոսը ընտրուի մէկ պայմանով, որ օրէնսդրութիւնը վերանայուի եւ term limit ինչպէս որ կ҆ըսեն անգլերէն, անոր ալ տրուի վարչաշրջանի սահմանափակում, 2 կամ 3 վարչաշրջանի 5-7 տարուայ վրայ։ Ատիկա անշուշտ յետագայի թեմա է. հիմա ամենակենսականը ընդա- ռաջ դէպի 2026 խորհրդարանական ընտրութիւնները, երբ մենք կը տես- նենք կեղծ ընդդիմութեան, ռսաստրուկ ընդդիմութեան անէացումը եւ փոխարինումը իսկական հաւատացեալ եւ հաւատարիմ ընդդիմութեան կայացումը խորհրդարանէն ներս եւ անշուշտ պէտք է նաեւ ապահովեցնենք այն առաջադրանքը, որ այս թալանչիները, ըլլայ Հայաստանեայց Առաքե- լական եկեղեցիէն ներս, ըլլայ պետական մակարդակի վրայ հեռացուին եւ նաեւ ենթարկուին բռնագանձման օրէնքի ամբողջական լիակատար տրամադրութեան, որպէսզի մեր ժողովուրդը վերականգնէ իր հարստութիւնը եւ իր ծնեալ իրաւունքը։
