Հայաստանի բռնցքամարտի ֆետերասիոնը պաշտօնապէս դարձաւ «Ուորլտ Պոքսինկ»-ի միջազգային կազմակերպութեան անդամ: Միջազգային ողիմպիական կոմիտէէն ճանչցուած «Ուորլտ պոքսինկ»-ի գործադիր կոմիտէի նիստին քննարկուեցաւ եւ հաստատուեցաւ Հայաստանի անդամակցութիւնը: Այս որոշումը նոր կարելիութիւններ կ՛ընձեռէ հայ մարզիկներուն: 2026-էն սկսեալ Հայաստանի ներկայացուցիչները իրաւունք կը ստանան մասնակցելու այս հեղինակաւոր կազմակերպութեան նախատեսուած բոլոր մրցաշարքերուն: Նշենք, որ «Ուորլտ Պոքսինկ»-ը ստեղծուած է` նպատակ ունենալով պահպանել բռնցքամարտի ողիմպիական խաղերու ծրագիրները:

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *