Վերջերս, USA ARMENIAN LIFE-ի եւ ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ շաբաթաթերթերու Խմբագիր եւ Ամերիկեան Հայկական Ազգային Անվտանգութեան Ինստի- տուտի փոխ-նախագահ Աբօ Չափարեան Հայաստան գործուղուեցաւ ժուռ- նալիստական եւ ուսուցողական առաքելութեամբ: Ունեցաւ զանազան հան- դիպումներ եւ որոնց հերթին՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ArmTimes TV-ի հետ: ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի լրագրող եւ ArmTimes TV-ի զրուցավար Հերմինէ Կարապետեանը հեռուստատեսային զրոյց վարեց Աբօ Չափարեանի հետ: Ստորեւ կը ներկայացնենք զրոյցին արտագրուած «թեքսթ»ը՝ «ՔԿՊ-շնիկ Գարեգինը, Տաշիր Սամոն, Քոչարեանը, Սերժն ու ստրուկ ընդդիմութիւնը չպէտք է ըլլան փառլամենթում»։ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿ TV ՀԵՐՄԻՆԷ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ. Բարի երեկոյ եւ բարի գալուստ։ Հայկական Ժամանակ տաղաւարում զրուցելու եմ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների Հայ Կեանք եւ USA Armenian Life թերթերի գլխաւոր խմբագիր, Ամերիկեան Հայկական Ազգային Անվտանգութեան Ինստիտուտի փոխ նախագահ Աբօ Չափարեանի հետ։ Բարեւ ձեզ, պարոն Չափարեան։ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Բարեւ ձեզ։ ՀԵՐՄԻՆԷ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ. Պարոն Չափարեան, մեր զրոյցը սկսենք 2025 թուականի օգոստոսի 8 վերադառնալով։ Տեսէք, օգոստոսի 8ին Հայաստանի եւ Ամերիկայի միջեւ ստորագրուեց համատեղ հռչակագրեր եւ դրան զուգահեռ, գիտէք, TRIPP-ի մասին, խաղաղութեան նաեւ պայմանագիրը նախաստորագրուեց, եւ այդտեղ հենց սկիզբ դրուեց TRIPP-ին, որի մասին վերջին ամիսներին խօսւում է, խորհրդարանական ընդդիմութիւնը եւ առհասարակ`քիչ չէին մարդիկ ովքեր պնդում էին, որ TRIPP-ը այդպէս էլ թող մնայ թղթի վրայ, իրականութիւն չի դառնայ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները որեւէ շահագրգռուածութիւն չի ունենայ դա կեանքի կոչելու։ Հիմա մենք 5 ամիսների ընթացքում տեսնում ենք ուղիղ հակառակը։ Ընդհանուր առմամբ ձեր վերաբերմունքն է հետաքրքիր TRIPP-ի հետ կապուած եւ ի՞նչ էք կարծում, TRIPP-ը արդէն գետնի վրայ իրականութի՞ւն է դառնում։ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Անպայման որ պէտք է իրականութիւն դառնայ, որովհետեւ սա ոչ միայն հայրենի մեր ժողովուրդի համար, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի հայութեան համար կենաց մահու խնդիր է։ Եթէ այսպիսի բարձր արժէք ներկայաց՚նող, անգին նուաճում մը արդէն իրականութիւն եղած է, եւ մենք շատ ընելիք ունինք, ժամանակ պէտք չէ շատ ծախսենք կեղծ ընդդիմութեան, այսպէս կոչուած ռսաստրուկներու հետ, որովհետեւ ժամանակի կորուստ է։ Իրենց գլխաւոր նպատակը մեր արժանաւոր ժողովուրդի, հայրենի ժողովուրդի, քաղաքացիներու սուղ ժամանակը, էներգիան, կ҆ուզեն բոլորը շեղել, որովհետեւ TRIPP-ը այնպիսի հրաշք իրագործում մըն է, Ամերիկայի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան համատեղ ջանքերով: Նաեւ պէտք է ըսել, որ արդար ըլլալու համար, 44-օրեայ պատերազմէն անմիջապէս ետք ամերիկահայեր եւ հայասէր ամերիկացիներ, ինչպիսին է պարոն Մարքլ ՄըքՔարլին, որ հիմնադիր ղեկավարն է Ամերիկեան Հայկական Ազգային Անվտանգութեան Ինստիտուտին, նոր մակարդակ սկսան ստեղծել, եւ պէտք է ըսեմ որ իրենք տնային աշխատանքը բաւականին լաւ ձեւով կատարեցին եւ ուրախ եմ, AANSI-ի ղեկավարութիւնը եւ ամբողջ (American Armenian National Security Institute) AANSI ընտանիքը, մեծ ընտա- նիքը, գաղափարակից ամերիկահայերու եւ ոչ հայ ամերիկացիներու, որ այսպիսի գեղեցիկ, նոր պատմաշրջան մը սկսաւ TRIPP-ի, այսինքն Թրամփի ճանապարհ՝ միջազգային զարգացման եւ խաղաղութեան համար։ Եւ TRIPP-ը իրականութեան մէջ իմ այս շաբաթուայ յօդուածի մէջ ես նշած եմ, որ TRIPP-ը ամբողջացումն է Հայկական Խաչմերուկին։ ՀԵՐՄԻՆԷ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ. Խաղաղութեան խաչմերուկի, որի մասին խօսում էր… ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Խաղաղութեան եւ բարգաւաճման խաչմերուկին։ Եւ պէտք է ըսել որ սա այն հազուագիւտ առիթներէն է, որ չպէտք է մենք կմկմանք, չպէտք է տարակուսանք։ Չպէտք է թողենք, որ մեր ներքին կեղծ ընդդիմադիրները որ մեզ առաջնորդեն դէպի տարակուսանք։ Տարակուսան- քը, վախվխումը, հաւասար է ամբողջական ձախողութեան։ Որի համար մենք տրամադրուած չենք եւ պէտք է մեր լաւագոյնը ընենք եւ ինչպէս որ անգլերէն կ҆ըսեն if we play our cards right – եթէ մեր քարտերը ճիշտ խաղանք, Սիւնիքը կը վերածուի հարաւային Կովկասի Մենհէթընի եւ Հոնք Քոնկի։ ՀԵՐՄԻՆԷ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ. Իսկապէս այդպէ՞ս էք կարծում։ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Անպայման։ Որովհետեւ Սիւնիքի աշխարհաքաղաքա- կան սթրաթեկիական դիրքը յստակ կերպով մեզի կը ներկայացնէ յատկապէս Եւրոպայի եւ Մեծն Միջին Արեւելքի եւ Եւրասիայի տարածքաշրջանի մէջ այն միակ եւ ամէնէն կարեւոր հողային կամուրջը՝ հիւսիսի եւ հարաւի միջեւ, արեւելքի եւ արեւմուտքի միջեւ։ ՀԵՐՄԻՆԷ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ. Հիմա որքան էլ որ չէք ցանկանում անդրա- դառնալ ընդդիմութեանը, բայց ընդդիմութեան թէզերից մէկը նրա մասին է, որ Սիւնիքը աշխարհաքաղաքական բախումների թատերաբեմ է դառնում։ Այսինքն տարբեր երկրներ, տարբեր աշխարհամասեր եւ բոլորը իրենց շահերը ունեն այստեղ։

«Բանից դուրս եկաւ որ նոյնիսկ մեր

հիւսիսային երկարամեայ «դաշնակիցը» աչք

ունի Սիւնիքի վրայ եւ ոչ միայն Թուրքիան եւ

Ատրպէյճանը» — Աբօ Չափարեան

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Այո, բայց նորութիւն չէ ատիկա։ Ըսենք գիւտարա- րութիւն չէ որ իրենք կ҆ընեն։ Սիւնիքը եւ ընդհանրապէս հայկական լեռնաշ- խարհը, որ հիմա արեւելեան հատուածի անուանումը փոխուած է եւ կը կոչուի Հարաւային Կովկաս, ուրեմն միշտ ալ կռուախնձոր եղած է Հռոմէ- ական կայսրութեան ժամանակ, Պարսկական կայսրութեան, յետագային Ռուսական կայսրութեան, Օսմանական կայսրութեան, եւայլն, եւայլն։ Սա առաջին անգամ է, որ պէտք է ըսել, որ յատկապէս 2018էն սկսեալ, առա- ջին անգամն է որ ամբողջ աշխարհի հայ ժողովուրդի համար եւ յատկապէս Հայաստանի մեր եղբայրներու եւ քոյրերու համար այն իւրայատուկ առիթը ներկայացուած է, որ հայկական պետականութիւնը մէկ անգամ ընդմիշտ ինքնիշխանութիւնը ուժեղացնէ, պաշտպանութիւնը ուժեղացնէ, եւ նաեւ՝ ամէնէն կարեւորը՝ տնտեսութիւնը առաւել զարգացնէ։ Որովհետեւ գիտէք ինչպէս որ 2020-ին, 44-օրեայի ժամանակ բացայայտո- ւեցաւ: Բանից դուրս եկաւ որ նոյնիսկ մեր հիւսիսային երկարամեայ «դաշնակիցը» աչք ունի Սիւնիքի վրայ եւ ոչ միայն Թուրքիան, ոչ միայն Ատրպէյճանը։ Ուրեմն հիմա ժամանակը եկած է որ մենք բազմաշերտ, բազմամակարդակ, բազմակողմանի մեր աշխատանքները ուժեղացնենք եւ արագացնենք։ ՀԵՐՄԻՆԷ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ. Իսկ այդ հիւսիսային ընկերները, չակերտա- ւոր ասած, չե՞ն խանգարելու այդ իմաստով։ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը իրաւունք ունի բազմազան դարձնել իր արտաքին, տնտեսական, քաղաքական եւ ռազմական դաշինքները» Աբօ Չափարեան։ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Եթէ Հայաստանի քաղաքացին որպէս մարդ, որպէս քաղաքացի, ինքը առաջին հերթին դառնայ ինքնիշխան եւ հայկա- կան պետականութիւնը այդ ճանապարհով իր ինքնիշխանութիւնը եւ պաշտ- պանութիւնը ուժեղացնէ, այն ժամանակ որպէս ինքնիշխան պետութիւն շատ աւելի ուժեղ դիրքեր կ҆ունենայ հայկական պետականութիւնը, եւ ինչպէս որ ես 2021ին հրապարակում կատարած էի, անշուշտ գիւտարարութիւն չեմ ըրած ես, պնդած էի իմ յօդուածագրութեան մէջ անգլերէնով, որ բաւական լայն տարածում գտաւ ամերիկեան շրջանակներէն ներս, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իրաւունք ունի բազմազան դարձնել իր արտաքին, տնտեսական, քաղաքական եւ ռազմական դաշինքները։ ՀԵՐՄԻՆԷ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ. Երբ Սիւնիքում էիք, ասացիք որ Սիւնիքում էք եղել այս ընթացքին, ի՞նչ էք տեսել, ի՞նչ զգացողութիւններ ունէք, ինչպիսի տրամադրուածութիւններ կան, եթէ դուք հասցրել էք շփուել TRIPP-ի մասով։ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Սիւնիքը ինծի համար միշտ հոգեհարազատ եղած է։ Թէկուզ ես Լիբանան ծնած եմ, սակայն 8 տարեկանիս երբ ինծի նշանակած են մեներգիչ, հարցուցած են ո՞ր երգը կը փափագիս երգել, «Սիւնեաց Սա- րերը» երգած եմ։ Լուսանկարին մէջ, ձախէն՝ աջ. Փրօֆ. Արթուր ՄըքՔարլի, Մարք ՄըքՔարլի եւ Աբօ Չափարեան, Ղափանի մէջ, Գարեգին Նժդեհի յուշարձանի մօտ Փոքր տարիքէս ծանօթացած եմ Գարեգին Նժդեհի, Զօրավար Անդրանիկի եւ Սիւնեաց աշխարհի մեր քաջարի ժողովուրդին ոգիին, եւ ամէն անգամ որ ես Սիւնիք կ҆երթամ, ինծի համար ուխտագնացութիւն է եւ այս անգամ եւս երկու օրուան ընթացքին պարոն ՄըքՔարլին, ես եւ իր եղբայրը Փրօֆ. Արթուր ՄըքՔարլին, որ drone-ի մասնագէտ է, փրոֆեսոր է ամերիկեան համալսարանէն ներս, Սիւնիք հասանք եւ այնտեղ մեր հանդիպումները իրա- կանացուցինք, յետագային աւելի մանրամասն այդ մասին ձեզի եւ ձեր հեռուստադիտողներուն կը տեղեկացնենք, բայց պէտք է ըսեմ, որ Սիւնիքի ներկայ ղեկավարութիւնը, ի պատիւ մարզպետին՝ պարոն Ղուկասեանին, ճիշդ ընթացքի մէջ է։ Ճիշդ ընթացքի մէջ է, որովհետեւ ես ապշահար էի, դրական առումով, որ այդ ձնամրրիկի ժամանակ ճանապարհները աշխա- տում էին: Անխափան գործում էին։ Եւ ճանապարհները շատ լաւ վիճակի մէջ էին։ Եւ ի հարկէ ռսաստրուկ ընդդիմութիւնը միշտ չար բան մը կը մտածեն եւ կ҆ուզեն ըսել որ ճանապարհները վատ վիճակի էին։ Ընդհակառակը։ Էթա- մաժորային վիճակի մէջ մենք հասցրեցինք 48 ժամուան մէջ հասնիլ Ղափան, յետոյ անցնիլ Գորիս, մեր աշխատանքները ամբողջացնել եւ վերադառնալ Երեւան։ ՀԵՐՄԻՆԷ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ. Պարոն Չափարեան, քանի որ Միացեալ Նա- հանգներում էք հիմնականում ապրում, աշխատում, հետաքրքիր է նաեւ ձեր շփումները, եթէ այդպիսիք կան, ԱՄՆ տարբեր պաշտօնեաների հետ։ Ինչպի- սի՞ տպաւորութիւններ էք ստանում; Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները հետաքրքրուա՞ծ է TRIPP-ով, TRIPP-ում ներդրումներ անելու իմաստով եւ նաեւ փետրուարին գիտենք որ փոխ նախագահ Ճէյ. Տի. Վէնսն է այցելելու տարաշրջան, ինչպէս Հայաստան, այնպէս էլ Ատրպէյճան։ Ինչպէ՞ս էք գնա- հատում այդ այցը։ Դա եթէ ռուսերէն բառով ասեմ, դա ի՞նչ ժեսթ է, ի՞նչ է դա նշանակում, բացի ուղիղ այց լինելուց։ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Շատ առողջ ժեսթ մըն է, սա շատ լաւ փաստարկութիւն է, որ Ամերիկեան կողմն ալ նոյնքան շահագրգռուած է։ Մենք կ҆ուզենք, որ ամերիկեան կողմն ու ամբողջ ազատ աշխարհը շահագրգռուած ըլլան։ Ինչ որ բանով հետաքրքրուած ըլլան։ Եւ շատ ուրախ ենք: Ասիկա գիտակից ամերի- կահայերու եւ հայասէր ամերիկացիներու աշխատանքի բնական յաջորդ փուլն է եւ սա փուլ մըն է, սկիզբն է երկար դրական շղթայի մը: Բայց խնդիրը այն է որ մենք պէտք է 2026ի ընտրութիւններուն պէտք է այնպէս մը ընենք, որ կեղծ, օտարաստրուկ, օտարագործակալ, այդ սուտ ընդդիմութիւնը չվե ՀԵՐՄԻՆԷ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ. Որո՞նք են այդ ուժերը, պարոն Չափարեան։ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Շատ պարզ է, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղե- ցւոյ գլուխը կանգնած, ՔաԿէՊէ-շնիկ Գարեգին Բ., Կտրիճ Ներսէսեանը, իր եղբայրը, որ Կարօ Ներսէսեանն է, որ Եզրաս ճանչցուած է եւ հին ռեժիմա- կանները՝ Ռոպերթ Քոչարեան, Սերժ Սարգսեան, Տաշիր Սամոն, եւ իր եղբօ- րորդին, որ Ամերիկա եկած էր վերջերս, ստաբանութիւններ կը տարածէր Հայաստանի հասցէին, որ ատիկա ոչ մէկ հայի պատիւ չէր բերեր այդ տեսակ ստաբանութիւններով լեցուն արտայայտութիւններ ունենար Թաքըր Քարլսընի հետ։ Եւ Թաքըր Քարլսընը ինչքան որ ես տեղեակ եմ, շատ նեղացած է, որ ինքը փոշմանած է, որ պարոն Նարեկ Կարապետեանին հրաւիրած է եւ ես ճիշդ ժամանակին, նոյն ժամանակին իմ հեռուստահաղորդումի միջոցաւ ներկայացուցի իր ստաբանութիւններու բացայայտումը, եւ թող չնեղանայ ինձմէ, իր լուսանկարն ալ ներկայացուցի փինոքիոյի քիթով։ «Ամերիկայի մէջ, Պարոն Նարեկ Կարապետեանի Հայաստանի հասցէին կատարած ստաբանութիւնները բացայայտեցի…» Աբօ Չափարեան։ ՀԵՐՄԻՆԷ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ. Այսինքն այս ուժերի նպատակը, ըստ ձեզ, ո՞րն է, պարոն Չափարեան։ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Իրենց ամենակենսական նպատակը այն է որ ի գին ամէն ինչի, իշխանութեան վերադառնան, իրենց թալանը շարունակելու, նոյնիսկ եթէ Հայաստանը, ինչպէս որ ռուսերէն կ҆ըսեն կուպերնիայի վերածուի, ծայրագաւառի վերածուի, իրենց համար կարեւոր չէ, որովհետեւ իրենք կը յիշեցնեն այն ապազգային եւ հակազգային շրջանակները, որոնց համար հայկական պետականութեան ինքնիշխանութիւնը, պաշտպանութիւնը, տնտեսական զարգացումը ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն։ Ընդհակառակը՝ իրենք քաթեկորիկ հակառակ են, ինչպէս որ հիւսիսային մեր ընկերները: Ըստ երեւոյթին, ես սխալ տպաւորութեան տակ եղած եմ, բոլորս ալ սխալական ենք: 44-օրեայէն առաջ ես կը խորհէի որ Հայաստանը լաւ ձեռքերու մէջ է, բայց յետոյ բանէ դուրս եկաւ որ դաւադիր չակերտեալ դաշնակիցների հետ գործ ունինք, ետքը, դաւաճան ներքին ռսաստրուկներու հետ գործ ունինք, եւ նաեւ միեւնոյն ժամանակ պէտք է ըսել որ ռսաստրուկ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոն ալ իր աւերիչ գործունէութիւնը, մասնակցութիւնը կը բերէ այս սուտ, հակազգային, հակապետական ընդդիմութեան շրջանակներէն ներս։ ՀԵՐՄԻՆԷ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ. Ինչպէ՞ս է բերում այդ հակազգային…. ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Օրինակի համար ես երբեք ուրախութիւն պիտի չ҆արտայայտէի այն փաստի մասին, որ իրենք միացած են այն թալանչիներուն, այդ գրպանային շրջանակներուն, որ հայկական պետականութեան դէմ շուրջօրեայ պրոպականտ կ҆ընեն եւ ատիկա վայել չէ։ Ասիկա իսկական Դաշնակցութիւնը չէ։ Ես պիտի ըսէի, որ այսօրուայ իշխանութեան առողջ տարրերը 1918-1920ի դաշնակցականներուն արժէքը կը ներկայացնեն։ Զարմանալի է չէ՞։ Անգլերէն կ҆ըսեն՝ trading places – տեղերու փոխանակում: ՀԵՐՄԻՆԷ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ. Պարոն Չափարեան, վերադառնալով Ճէյ Տի. Վէնսի Հայաստան այցելութեանը, տեսէք, միջուկային համագործակցութեան մասով համաձայնութիւն է այստեղ ստորագրուելու։ Նախ ընդհանուր առ- մամբ դուք ի՞նչ էք կարծում, հայ-ամերիկեան ամենատարբեր ոլորտնե- րում համագործակցութիւնները այս անգամ արդէն միջուկային համագոր- ծակցութեան մասով ի՞նչ են տալիս։ Բնականաբար այստեղ ստացողը հայկական կողմն է։ Ի՞նչ է տալիս դա Հայաստանին։ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Դա շատ մեծ դրական զարգացում մըն է, եւ հայկական պետականութիւնը, ըստ երեւոյթին, վստահութիւն սկսած է ներշնչել, ազատ աշխարհի առաջատար պետութեան՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան մօտ, եւ ատիկա միայն մեզ պէտք է ուրախացնէ եւ ոչ միայն ուրախաց՚նէ։ Պէտք է նաեւ մեզ աննախադէպ աշխատանքի մղէ։ Ուրախ եմ որ յարգարժան վարչապետ Փաշինեանը եւ տիկին Աննա Յակոբեանը վերջերս սկսած են «ԿՐԹՈՒԵԼԸ ՆՈՐԱՁԵՒ Է» արշաւը։ Ես պիտի առաջարկէի որ յաջորդ փուլը յայտարարուի «ԱՇԽԱՏԵԼԸ ՆՈՐԱՁԵՒ Է»։ Որովհետեւ մենք աշխատանքի միջոցաւ հրաշքներ կրնանք գործել, աշխատանքի միջոցաւ եւ մեր քրիստոնէական հաւատքի հիման վրայ այդ զօրասիւնի, հաւատքի զօրասիւնի վրայ հաստատուած համերաշխութեան միջոցաւ իրար բարձրացնելու, իրարու ճանապարհ բանալու եւ ոչ թէ հին օսմանական եւ սովետական մանթալիթէթով՝ թիկունքէն դաշունահարելով։ Աշխատանք ունինք կատարելիք: Բոլորս ալ շատ կարեւոր աշխատանք ունինք, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ազատագրելու առաջադրանքի գծով, նոյնպէս եւ Սիւնիքի տարածաշրջանի տնտեսական, տեխնիքական, բարգաւաճման գծով, աշխատատեղերու եւ յատկապէս Սիւնիքի ազգաբնակչութեան թուաքանակը կրկնապատկելու, եռապատ- կելու, քառապատկելու, ինչու չէ։ Եւ նաեւ անշուշտ ամբողջ Հայաստանը։ ՀԵՐՄԻՆԷ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ. Այսինքն դուք ազգային անվտանգութեան տեսանկիւնից շատ կարեւոր էք համարում նաեւ, ինչպէս դուք ասացիք, եկեղեցու ազատագրո՞ւմը։ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Ի հարկէ, ի հարկէ։ Հայ քրիստոնեայ հաւատքը մեր, ինչպէս որ անգլերէն կ҆ըսեն hidden weapon, այսինքն գաղտնի զէնքը եղած է մեր ժողովուրդի դիմա- կայութեան, մեր ժողովուրդի հաւատակորոյս չըլլալու, միշտ դրական տրամադրութիւններով նայելու դէպի ապագայ։ Պատկերացուցէք որ մասսայական Հայ- րենազրկութիւն գործադրուեցաւ, Ցեղա- սպանութիւն գործադրուեցաւ, ես կը դժո- ւարանամ մտաբերելու ժողովուրդ մը, որ այդ տեսակ արհաւիրքի ենթարկուած ըլլալով, շարունակած է իր կեանքը եւ ահաւասիկ բոլորս ձեռք ձեռքի տուած, այսօրուայ Հա- յաստանի Հանրապետութեան տէրն ենք, թէկուզ մասնատուած, թէկուզ դաւադրու- թիւններու զոհ գացած, Արցախը կորցրած, որովհետեւ ներքին դաւաճանական կար- գով, եւ միջազգային դաւադրութեան հե- տեւանքով, վնաս չունի, այս բոլորը մենք կը յաղթահարենք, Արցախը ետ կը վերա- դառնայ, բայց ամէնէն առաջ խաղաղու- թիւնը պէտք է պահպանուի, տարածաշրջա- նի թէկուզ ցեղասպան ժողովուրդը կայ, մեր արեւմուտքում, եւ նաեւ իր կրտսեր եղ- բայրը արեւելքին, պէտք է մենք ամէն գնով չթողնենք, որ հիւսիսային մեր ըն- կերները մանիփուլացիայով յաւերժական պատերազմ ստեղծեն։ ՀԵՐՄԻՆԷ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ. Այսինքն խա- ղաղութիւնը Ատրպէյճանի հետ…. ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Այսինքն ճէյ. Տի. Վեր- սին այցելութիւնը սկիզբն է երկար շար- քերու։ Մի զարմանաք երբ որ օր մը նախա- գահ Թրամփը գայ եւ մի զարմանաք երբ որ օր մը նախագահ Թրամփին յաջորդը գայ, անոր յաջորդը գայ, որովհետեւ մենք շատ կարեւոր տնային պարտականութիւն ունինք իրականացնելու։ ՀԵՐՄԻՆԷ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ. Այսինքն դա զարմանալու չի՞, այլ ցոյց է տալիս թէ հայ ամերիկեան….. ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Տեսէք հայ ժողովուրդը այնքան բարի համբաւ ստեղծած է աշխարհի չորս կողմը, եւ յատկապէս Ամերիկայի մէջ։ Անշուշտ վերջին տասնամեակներուն այդ բարի համբաւը մի քիչ խաթարուած է, բայց ոչինչ, Ամերիկան բոլորին կը կրթէ։ ՀԵՐՄԻՆԷ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ. Ես կ҆ուզենամ խօսենք նաեւ վարչապետի այցելութիւնից Տավոս, որտեղ խաղաղութեան խորհրդի այդ կանոնադրութեան ստորագրութիւնը տեղի ունեցաւ։ Մենք գոնէ տեսանք, յետոյ ամենատարբեր լրատուամիջոցների այս-պէս էքրաններին Թրամփ-Փաշինեան շփումները թէ որքան ջերմ էին։ Ի հարկէ այստեղ էլի եղան քննադատողներ, թէ ինչպէս կարելի է պիւտճէից այդքան գումար տրամադրել, եւ գնալ մասնակցել ինչ որ լուսանկարի համար Թրամփի հետ լուսանկար ունենալու համար եւ կամ։ Ի՞նչ է դա տալիս խաղաղութեան խորհրդին մասնակցելը։ Բայց ընդհանուր առմամբ, պա-րոն Չափարեան, քանի որ խօսում ենք հայամերիկեան յարաբերութիւնների այս դրական տինամիքայից, ի՞նչ էք կարծում, կարեւոր են նման շփումները։ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Ոչ միայն կարեւոր են, այլ կենսա- կան է։ Կենսական է որ թէկուզ 5 րոպէի հանդիպումի «Թէկուզ 5 րոպէի հանդիպումի համար կարեւոր է որ պիւտճէ տրամադրուի եւ ամբողջ աշխարհը տեսնէ, որ հայկական պետականութեան ղեկավարը սիրալիր ընդունելութեան կ҆արժանանայ աշխարհի համար առաջին պետութեան ղեկավարին կողմէ»: Աբօ Չափարեան համար կարեւոր պիւտճէ տրամադրուի եւ ամբողջ աշ- խարհը տեսնէ, որ հայկական պետականութեան ղե- կավարը սիրալիր ընդունելութեան կ҆արժանանայ աշ- խարհի համար առաջին պետութեան ղեկավարին կողմէ։ Եւ այդ թալանչիները, հլը իրենց թալանած գումարները թող վերադարձնեն, յետոյ մենք նոր կը մտածենք ինչ- պէս պիտի ծախսուին այդ գումարները, ինչպէս պիտի գործուղղուին յօգուտ մեր հանրապետութեան քաղա- քացիներուն։ ՀԵՐՄԻՆԷ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ. Եւ քանի որ ասացիք չի բացառւում որ Ճէ. Տի. Վենսի այցելութեանը հետեւեն յե- տոյ այլ պաշտօնեաների այցելութիւնները, ընդհուպ Թրամփի այցելութիւնը, ձեզ ինչ որ բան յայտնի է, կամ ժամկէտներ, կամ ինչ որ խօսակցութիւններ հասե՞լ են….. ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Այս պարագային չպիտի կանխա- տեսում ընեմ, բայց միայն մէկ բան կարելի է ըսել, որ վերջին 125 տարուայ մէջ առաջին հանրապետութեան բռնազաւթումէն մինչեւ վերջին 4-5 տարիները այսպիսի էնթեկրացում չէ իրականացած: Առաջին անգամ ըլլալով ամերիկահայութիւնը, Ամերիկայի ռազմաքաղաքական շրջանակների հետ փարթնիորութեան մէջ մտած է։ Այսպիսի բան երբեք չէ իրականացած։ Ոչ ANCA-ի մի- ջոցաւ (ես յարգանք ունիմ, ես հիմնադիր անդամ եղած եմ եւ ANCA-ին, եւ Armenian Assembly-ին Էսսեմպլի- ին եւ մինչեւ հիմա ալ կ҆աջակցիմ երկու կազմակերպու- թիւններուն), բայց պէտք է ըսել որ այսպիսի գործու- նէութիւն 125 տարիներու մէջ երբեք չէ իրականացած։ Այս կ՛ըսեմ ի պատիւ գիտակից ամերիկահայերու եւ հայասէր ամերիկացիներուն։ ՀԵՐՄԻՆԷ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ. Հայաստանի Հանրա- պետութիւնը ճիշդ ճանապարհին է։ Ճի՞շդ հասկացայ ձեզ։ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ. Ի հարկէ։ Ճիշդ ճանապարհին է առանց ըլլալու արեւմտաստրուկ, առանց ըլլալու ռսաս- տրուկ, այլ ըլլալու հայասէր, հայամէտ։ Ամէնէն կարե- ւորը դա է։ Եթէ մենք կը կարողանանք այս թեմփով առաջ երթալ եւ հայկական պետականութեան ինքնիշ- խանութիւնը, պաշտպանութիւնը, ժողովրդավարութիւ- նը, տնտեսութիւնը նոյն թեմփով կարողանանք առաջ տանիլ, ապա ուրեմն պէտք է անգամ մը եւս նշել իմ արտայայտութիւնը, որ Հայաստան եւ սփիւռքը օժտո- ւած են ոսկէ սերունդով։ ՀԵՐՄԻՆԷ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ. Եւ խաղաղութեան պայ- մանագիրը։ Ի՞նչ էք կարծում, արդեօք հնարաւոր համարում էք նաեւ դրա կեանքի կոչումը, որովհետեւ քիչ չեն նաեւ այդ իմաստով կասկածողները։ Եւ արդեօք ճիշդ էք համարում։ Որովհետեւ այս մասով էլ շատ են քննադատութիւնները։

By Appo

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *